Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ. խոչընդոտներու հարթումին եւ հակադիր կողմերու միջեւ ձիւնհալի ճիգերը կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ

April 14, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Bukhari arrives in Baabda to hold talks with President Aoun

15 մայիս 2022-ին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամկէտին ընդառաջ առկայ խոչընդոտներու հարթումին եւ վերացման ճիգերը կը շարունակուին` մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Արդարեւ, հացի  տագնապին գծով  փուռերու սենտիքայի նախագահ Ահմետ Հթէյթ երէկ հանգստացուց քաղաքացիները, թէ անհրաժեշտ անմիջական ֆինանսաւորումը դասաւորուած է եւ առնուազն մէկ ամսուան հացի պաշարը ապահովուած է առժամաբար` սպասելով աւելի արմատական լուծումներու: Նմանապէս, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ Եգիպտոսի մէջ պատկան պատասխանատուներուն հետ կը քննէ Լիբանան փոխանցուելիք ելեկտրականութեան կարգաւորումին մանրամասնութիւնները: Դեղորայքի գծով եւս նախարար Ֆիրաս Ապիատ կը հաւաստէ, թէ պետական աջակցութիւնը պիտի չվերացուի մնայուն, յատկապէս ծանր քրոնիկ հիւանդութիւններու դեղերուն գծով: Այս եւ նման քայլերը կը շարունակուին հրատապ մէկէ աւելի մարզերու գծով, փորձելով քաղաքացիներուն ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքները հոգալ: Տակաւի՛ն, ընտրութիւններուն ընդառաջ եւ շնորհիւ տարուող տեղական թէ արտաքին ճիգերուն, «երէկուան հակադիր ու տարակարծիք» կողմեր այսօր ընտրական «դաշինքներով» միացած են, ինչ որ կրնայ ենթահողը պատրաստել յետ ընտրութեանց միջլիբանանեան համախոհական մթնոլորտի հաստատման:

Նաեւ` Քաղաքական Մակարդակի Վրայ

Կենցաղային ու տնտեսական մարզերու կողքին, հարթումի ճիգերը կը շարունակուին նաեւ քաղաքական ոլորտին մէջ: Այս ծիրին մէջ երէկ ուշագրաւ էր` երրորդ օրն ըլլալով, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի նախաձեռնած ռամատան ամսուան «ֆիթրի սեղան»-ի հաւաքը, որուն «հիւրերն» էին տնտեսական մարզի պատասխանատուները:

Պուխարիի Պաապտա Այցելութիւնը

Նախքան այդ եւ նոյնքան ուշագրաւ քայլ մըն էր դեսպան Ուալիտ Պուխարիի երէկ առաւօտ այցելութիւնը Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ զօրավար Միշել Աունի հետ ունեցաւ «սրտբաց» խորհրդակցութիւն: Սէուտցի դեսպանը այս առիթով վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին, յատկապէս` ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ: Դեսպան Պուխարի նաեւ վերահաստատեց ֆրանսական եւ սէուտական միացեալ օժանդակութիւնը Լիբանանին` տարրական վեց մարզերու մէջ:

Արտաքին Գետնի Վրայ Եւս

Դեսպան Ուալիտ Պուխարիի այս մագոգային այցելութիւններն ու խորհրդակցութիւնները ինքնըստինքեան չեն: Փաստօրէն եւ ըստ իրազեկ աղբիւրներու, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մեծ դեր ունեցած է Ծոցի երկիրները համոզելու` Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան մղելու գծով: Այս ծիրին մէջ իմացուեցաւ, թէ ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Սէուտական Արաբիա երեք միլիառ տոլարի ներդումով պիտի օժանդակէ Լիբանանին: Նմանապէս եւ Ծոցի միւս երկիրները պիտի հետեւին այդ քայլին:

Այլ խօսքով,  շրջանին մէջ նախանշանները կը պարզուին «ծլարձակուող համախոհութեան» մը պատկան կողմերուն միջեւ, ուր Լիբանան եւ անոր կայունութիւնը առանցքային տեղ կը գրաւէ:

Previous Post

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Որպէսզի չկրկնուի 13 ապրիլը, եկէ՛ք խորհրդակցինք»

Next Post

Պայրամով կարեւոր կը նկատէ Ազրպէյճանի «5 առաջարկներու `Հայաստանի կողմէ ընդունումը»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.