ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նուր» ռատիոկայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ ապագային, երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն:
Երկիրը Կը Գտնուի Անկիւնադարձային Վիճակի Մէջ
«Ալ Սիասա ալ եաում» յայտագիրին շրջագիծին մէջ երկրին անկիւնադարձային վիճակի մէջ ըլլալու մասին իր կատարած յայտարարութեան վերաբերեալ հարցումին պատասխանելով երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ եթէ նախորդ երեք տարիները նկատի ունենանք, ապա պիտի տեսնենք, որ Լիբանանի իրավիճակը ամիսէ ամիս աւելի եւս կը վատթարանայ:
«Երբ կ՛ըսուէր, թէ մենք կը գտնուինք անդունդին եզրին, ես կը հրաւիրէի իրապաշտ ըլլալու եւ յոյսը պահելով հանդերձ ընդունելու, որ անդունդին յատակն ենք եւ ոչ թէ անոր եզրին:
Մենք կ՛ապրէինք խաբուսիկ կեանք մը` դրամատուներուն հաշուոյն: Կը կարծէինք, թէ դրամատուները բարեսիրական հաստատութիւններ են, որոնք կ՛օժանդակեն ժողովուրդին` բարելաւելու իրենց անձնական կեանքերը: Կ՛ապրէինք կեղծ առատութեան մը մէջ, կ՛ապրէինք վերացական աշխարհի մը մէջ:
Այսօր սակայն կայ իրականութիւն մը… Իմ խօսքերս իրապաշտ են` մեկնելով ապագային երկիրը վերականգնելու նուազագոյն յոյս մը ունենալու դիտանկիւնէն:
Ճիշդ է, որ կացութիւնը մութ է, եւ ամէն օր անոր ականատեսը կ՛ըլլանք հիւանդանոցներուն դռներուն դիմաց, փուռերուն առջեւ, կայարաններուն եւ դպրոցներուն դիմաց. այս բոլորին զուգահեռ նաեւ կը նշմարենք բարոյական ըմբռնումներու անկումն ու ընկերային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն հասած հարուածները», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ իր վախը մեծ է ոչ թէ իր սերունդին մասին, այլ երիտասարդ սերունդին, որ այսօր հասակ կ՛առնէ իրար անցած մթնոլորտի եւ այնպիսի երազի մէջ, որ մօտիկ ապագային Լիբանան կրնայ փայլուն ապագայ ունենալ:
«Մենք` իբրեւ պատասխանատուներ, պէտք է ճշմարտութիւնը ըսենք, եւ հաստատենք, որ կացութիւնը ցաւալի է, եւ այս իրականութենէն մեկնելով կը հաստատենք, որ կը մերժենք անձնատուր ըլլալ:
Լուծումը կամ անձնասպանութիւնն է, որ կը մերժենք, եւ կամ այս երկրին մէջ մնալն ու զայն բարգաւաճեցնելը` հեռու ամէն տեսակի փայտեայ բառամթերքէ եւ բարձր առաստաղի արտայայտութիւններէ: «Որովհետեւ ի վերջոյ պիտի վերադառնանք համաձայնութիւններուն, իսկ քաղաքացին պիտի ըլլայ բարձր առաստաղի արտայայտութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն գինը սուղ վճարողը», շեշտեց ան:
Լիբանանի Համար Համաձայնութիւն Մը Գոյացնելու Կարելիութեան Ցուցանիշ
Լիբանանի համար համաձայնութիւն մը գոյացնելու կարելիութեան ցուցանիշի հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ինք սովորաբար լաւատես է, եւ յոռետեսութիւն տարածող տեսակին չի պատկանիր, «բայց եւ այնպէս կայ իրականութիւն մը:
Ցաւ ի սիրտ, կայ լիբանանեան բարդոյթ մը, որուն համաձայն, մարդիկ կը մտածեն եւ համոզուած են, թէ արեւը կը ծագի միայն լիբանանեան որոշումով, կամ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր նախաճաշը չի կատարեր, բացի լիբանանեան թերթ մը կարդալէ ետք, եւ կամ չի քնանար, եթէ երեկոյեան լիբանանեան լուրերուն չէ հետեւած:
Հաստատենք, որ հակառակ գերիշխանութեան մասին խօսքերուն, որոնք կարեւոր են, սակայն մենք մեծ պետութիւններուն ձեռքին խաղաքարտ էինք եւ ենք: Այսինքն` կացութիւնը բնաւ նոյնը չէ եղած, ո՛չ Թաէֆի ընթացքին, ո՛չ Թաէֆէն ետք, ո՛չ Տոհայի ընթացքին, ո՛չ Տոհայէն ետք, ո՛չ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին, եւ ո՛չ ալ անկէ ետք:
Մենք ծովուն մէջ կղզի մը չենք, եւ շրջանին մէջ ու անկէ դուրս տիրող կացութեան գինը կը վճարենք:
Անշուշտ կ՛ակնարկեմ նաեւ օժանդակութիւններուն, որոնք երբեմն կու գան իրականութիւնները հետազօտելու, միջնորդութիւն կատարելու, նիւթական նպաստ տրամադրելու եւ երբեմն նաեւ ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելու ձեւերուն մէջ: Այո՛, այս բոլորը կարեւոր են, սակայն մենք իբրեւ Լիբանան կը մնանք ենթակայ արտաքին համաձայնութիւններուն շրջագիծին մէջ տրուելիք որոշումներուն», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Վիեննայի բանակցութիւններուն ընթացքին կան զարգացումներ, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան:
Ան նշեց, որ օրեր առաջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը եւս կարեւոր է, որովհետեւ եթէ Սուրիա արաբական ընտանիքին վերադառնայ, ապա անիկա Լիբանանի վրայ ունենալիք դրական ազդեցութիւն մըն է:
«Նոյն զարգացումներուն մաս կը կազմեն նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ դեսպաններուն Լիբանանի վերադարձը: Չեմ գիտեր, եթէ կան Լիբանանի մէջ մարդիկ, որոնք կը մտածեն, թէ դեսպանները իրենց
երկիրները վերադարձան նախկին նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութեան պատճառով, եւ որովհետեւ նախարարը հրաժարեցաւ, ապա անոնք վերադարձան Լիբանան: Անշուշտ բոլոր երկիրները ունին իրենց հաշիւները, սակայն մեր պարտականութիւնն է իմանալ, թէ ինչպէ՛ս կը վարուինք հարցերուն հետ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ դեսպաններուն Լիբանան վերադարձով կարելի չէ, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժեր խանդավառուին եւ ողջունեն անոնց վերադարձն ու յայտարարեն իրենց յաղթանակը, եւ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն պարտութիւնը:
«Անձամբ տակաւին կը հաւատամ, որ եթէ կարողացանք իբրեւ պետութիւն օգտուիլ այս դրական զարգացումներէն, կրնանք այս փուլը անցընել եւ Լիբանանի համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտել: Ինչ կը վերաբերի Միջազգային դրամական ֆոնտին, ապա համաձայնութիւնը նախապայմաններու վրայ հիմնուած է, հետեւաբար ինքզինք պարտադրող հարցումը կը մնայ սա. «Ինչո՞ւ ուշացանք»: Նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ տնտեսական ապաքինումի ծրագիրը մշակած էր, ինչո՞ւ ուշացանք: Ինչո՞ւ խորհրդարանը նիստ չգումարեց: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մշակած էր տնտեսական ապաքինման ծրագիր մը եւ մենք պիտի ուղղուէինք խորհրդարան` զայն քննարկելու նպատակով: Օրին արգիլուեցաւ այդ մէկը… սակայն եթէ կարելի ըլլար զայն վաւերացնել, մենք դարձեալ կրնայինք վերականգնիլ եւ բարեկարգումներ իրագործել` աւելի նուազ զիջումներով: Մեզի այս փուլին հասցուցին, որպէսզի մեր վրայ պարտադրուած նախապայմանները ընդունինք…Կը փորձեն նուրբ կերպով ստանալ այն, ինչ որ չկրցան զէնքով ստանալ: Հետեւաբար մեզի հասցուցին այս վիճակին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Ան դիտել տուաւ, որ քաղաքացիին համար անկարեւոր է, թէ ինք որո՛ւ կ՛ընտրէ, եւ այսօրուան դժուար պայմաններուն մէջ ան կը նախընտրէ կաշառք ստանալ:
«Այս խորհրդարանին մէջ կար մեծամասնութիւն մը, ի՞նչ օգտուեցանք անկէ», հարց տուաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ մեզի այս վիճակին հասցուց, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Հաստատ արտաքին ուժերը»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը հարց տուաւ, թէ նաւթը, որ այլ երկիրներու համար բարիք է, ինչո՞ւ Լիբանանի համար պէտք է չարիքի վերածուի` աւելցնելով, որ Լիբանան երկիր մըն է, որուն արտաքին նիւթական պարտքը 100 միլիառ տոլարի կը հասնի: «Եթէ մենք այսօր սկսինք պեղել, ապա պիտի ունենանք նիւթական այդ պարտաւորութիւնը կատարելու միջոց մը: Տնտեսական հասկացողութեամբ նիւթական արտաքին պարտաւորութիւն ունենալը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին գերիշխանական որոշումներուն վրայ, յատկապէս` բնակեցման եւ գաղթականներու հարցերուն առումով:
Պարտականը գերիշխանութեան եւ անկախութեան մասին չի կրնար մտածել:
Այսօր մենք հասած ենք աղքատութեան փուլ, եւ այլ երկիրներ մեզի հետ կը վարուին սննդեղէն տրամադրելու եւ լիբանանեան բանակին որոշ օժանդակութիւններ կատարելու սկզբունքով` տիրապետելով մեր որոշումին», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ իր մտավախութիւնը այն է, որ Լիբանանը իր այս սուր տագնապէն դուրս բերելը երկար ժամանակի պիտի կարօտի, «սակայն կարելի չէ անձնատուր ըլլալ: Այս երկիրը կա՛մ մեզի է, կա՛մ ոչ: Իսկ ով որ իր ընտանիքին համար զոհողութիւն կը կատարէ, իր հայրենիքին համար զոհողութիւն կատարած կ՛ըլլայ»:
Մեթնի Մէջ ՀՅԴ–ի Ընտրական Դաշինքին Մասին
Հիւսիսային Մեթնի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գոյացուցած ընտրական դաշինքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը կը պարտադրէ նման դաշինք գոյացնել: Նոյնիսկ այս ընտրացանկին վրայ կայ մրցակցութիւն:
«Անշուշտ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները չեն խզուած: Երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ խորհրդակցելէ ետք, մեզի համար պարզ դարձաւ, որ նոյն ընտրացանկին վրայ գտնուիլը վտանգաւոր է, որովհետեւ անոր իբրեւ արդիւնք կա՛մ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածուն կը ձախողի եւ կա՛մ ՀՅԴ-ի թեկնածուն: Եւ որովհետեւ յաջողութիւնն է կարեւորը, ապա համաձայնեցանք Մեթնի մէջ այլ ընտրացանկ մը կազմել: Գոյացած դաշինքները ընտրական են եւ ոչ թէ քաղաքական», ըսաւ ան:
Հզօր Լիբանան համախմբումին մաս կազմելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այս դաշինքին մէջ է 2005-էն ի վեր, սակայն երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք պիտի որոշէ մնալու մասին: «Ընդհանուր առմամբ, մենք հանգիստ ենք այս դաշինքով», աւելցուց ան:
Մեթնի Մէջ Ընտրարշաւի Խորագիրը
Հիւսիսային Մեթնի մէջ ընտրարշաւի խորագիրին բնական արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ աշխատիլ յաջողութիւն ապահովելը: «Իսկ ուրիշներ կ՛ընտրեն Ժըպրան Պասիլը ձախողցնելու կարելիութիւնը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ իբրեւ համայնք եւ կուսակցութիւն հայութեան գոյութիւնը կ՛օգնէ հանդարտեցնելու մթնոլորտը: «1975-ի քաղաքացիական պատերազմէն ի վեր, մենք օր մը օրանց սադրանքներու մաս չենք կազմած, զէնք չենք բարձրացուցած, չենք առեւանգած եւ անցարգելներ չենք տեղադրած: Միշտ ալ եղած ենք երկխօսութեան ջատագովը եւ կոչ ուղղած ենք երկրին հարցերը երկխօսութեան ընդմէջէն լուծելու` հեռու մնալով յայտարարութիւններու առաստաղը բարձրացնելէ, որովհետեւ որքան բարձրանան այդ յայտարարութիւնները, աւելի ուշ նոյնքան պէտք է նուազին: Մեր նպատակն է մթնոլորտը հանդարտ պահել, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ կ՛ուղղուինք երկրին վարչակարգը բարեփոխելու: Շօշափելի է, թէ այս իրողութիւնը քրիստոնեայ համայնքին մտավախութիւններ կը պատճառէ, որովհետեւ առանց վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան որդեգրման մենք կ՛ուղղուինք դէպի անապահով վայր մը: Մենք` իբրեւ հայ համայնք, ունինք մտավախութիւններ:
Քրիստոնեայ համայնքին իրողութիւնը ցաւալի է … Ֆրանչիսկոս պապին այցելութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն միայն աղօթելով չէ, որ իրականութիւններ կարելի է փոխել», հաստատեց ան:
Լիբանանահայութեան Թիւին, Արտերկրի Լիբանանահայոց Եւ Համայնքին Վերաբերող Այլ Հարցերու Մասին
Լիբանանահայութեան թիւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոնց թիւը կը տարուբերի 120-135 հազարի միջեւ:
Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութեան մօտ ալ երկրէն արտագաղթելու իրողութիւնը, այնպէս ինչպէս միւս համայնքներուն պարագային գոյութիւն ունի, «սակայն մեր մօտ արտագաղթը դրական է, որովհետեւ հայոց մեծամասնութիւնը Հայաստան կ՛երթայ` նուազագոյնը մնալով շրջանին մէջ եւ պահպանելով իր հայկական ինքնութիւնն ու մշակոյթը», ըսաւ ան:
Քուէարկութեան մասնակցելու համար արտերկրի մէջ արձանագրուած լիբանանահայերու թիւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. Արձանագրուած են 3200 լիբանանահայեր, որ նախորդ անգամուընէ շատ աւելի լաւ թիւ է: «Անշուշտ անիկա կրնար շատ աւելի լաւ ըլլալ, սակայն արձանագրութեան ժամկէտը կարճ էր եւ օրակարգի վրայ կը գտնուէր արտերկրի լիբանանցիներու երեսփոխանները ընտրելու հարցը, եւ որովհետեւ անոնց մէջ հայ ներկայացուցիչ նկատի չէր առնուած, ապա հայ քուէարկողին մօտ խանդավառութիւն չկար արձանագրուելու: Օրին խորհրդարանին մէջ ընդդիմացած եմ այս որոշումին եւ պահանջած 7-րդ աթոռ մը` հայ համայնքի ներկայացուցչութեան համար, ապահովելու համար արտերկրի լիբանանահայերուն իրաւունքը», ըսաւ ան:
Բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն հետ դաշինք գոյացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ կայ ընտրացանկերուն անցման միջին ապահովելու հաշուարկի գործօնը:
Քուէարկութեան մասնակցող լիբանանահայերուն համեմատութեան նուազումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ինչպէս բոլոր համայնքներուն մօտ, քուէարկութեան մասնակցող լիբանանահայերուն համեմատութիւնը եւս նուազած է»:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին մսխուող քաղաքական գումարներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ մսխուած քաղաքական գումարները գերազանցած են նախորդ տարիներուն սահմանները եւ աւանդները… «Հետեւեցէ՛ք պաստառներուն եւ հեռատեսիլի յայտագիրներուն եւ կը տեսնէք, թէ քաղաքական ուժերէն որո՛նք դրամ ունին եւ որո՛նք` չունին», եզրափակեց ան: