ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ (Շար.1 ) – ՊԱՅՔԱՐ 271
Ապրիլ ամիս է…: Որոշեցի գրել Արեւմտահայաստանի քաղաքներուն եւ մշակութային կեդրոններուն մասին:
Այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Նիւթերը մշակելու ընթացքին նպատակայարմար գտայ, որ Արեւմտահայաստանի քաղաքներուն եւ մշակութային կեդրոններուն հասնելէ առաջ ամփոփ պատմական մը կատարեմ Օսմանեան ժամանակաշրջանին հայ ժողովուրդի իրավիճակին մասին: Ներկայացնեմ հայութեան ընկերային, տնտեսական իրավիճակը: Ի՞նչպէս կը ղեկավարուէր հայ համայնքը Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին: Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ հայութեան դերակատարութիւնը:
Ժողովուրդի մը պատմութիւնը անոր կենսագրութիւնն է: Պատմութիւնը կը սկսի անոր ծննդեան թուականով, հասնելու մինչեւ մեր օրերը:
Այն տարածքը, ուր կազմաւորուած է եւ իր պատմական ուղին անցած է հայ ժողովուրդը, կը կոչուի Հայաստան (Հայք): Դրացի ժողովուրդներուն կողմէ ան կոչուած է Արմենիա, Սոմխեթի եւ այլն:
Հայկական լեռնաշխարհը ծանօթ է բազմաթիւ լեռնաշղթաներով ու սարահարթերով: Ան կը գտնուի Փոքր Ասիոյ եւ Իրանի բարձրավանդակներուն միջեւ: Հայկական լեռնաշխարհը ունի ծովու մակերեսէն 1500-էն 1800 մեթր միջին բարձրութիւն եւ աւելի բարձր է, քան դրացի Փոքր Ասիոյ եւ Իրանի բարձրաւանդակները:
Շրջակայ երկիրներուն նկատմամբ, իր ունեցած բարձր դիրքին համար, Հայկական լեռնաշխարհը կոչուած է Լեռնային Կղզի: Ան՝ հիւսիս-արեւմուտքէն կ’եզերուի Պոնտական, հիւսիւսէն` Փոքր Կովկասի, հարաւէն` Հայկական Տաւրոսի լեռնաշղթաներով: Արեւելքէն Հայաստանի սահմանները տարածուած են մինչեւ Ուրմիոյ լիճի մօտակայքը: Այս բնական սահմաններուն միջեւ գտնուող տարածութիւնը պատմութեան մէջ նաեւ ծանօթ էր Միջնաշխարհ անունով:
Հայկական Լեռնաշխարհը, որ Մեծ Հայք ալ կը կոչուի, Հին Քարի դարէն սկսեալ, մարդկութեան բնակութիւն հաստատած վայրերէն մէկը եղած է: Հայաստանի մէջ գտնուած են Հին Քարի դարին սկզբնական շրջանին պատկանող, մօտաւորապէս 800 հազար տարուան հնութիւն ունեցող քարէ գործիքներ:
Բազմաթիւ յոյն եւ հռոմէացի գրողներ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են Հայաստանի հանդէպ։
Անոնցմէ շատեր այցելած են Հայաստան եւ իրենց գործերուն մէջ նկարագրած են հայկական քաղաքներն ու գիւղերը։ Հայաստանի վերաբերեալ բազմաթիւ տեղեկութիւններ յայտնի են մեզի՝ միայն անոնց գրառումներէն։
Յոյն պատմաբան Պտղոմէոսը կը թուարկէ հայկական քաղաքներու անուններ, որոնցմէ շատերը այլ աղբիւրներու մէջ նշուած չեն եւ անոնց վայրերն ալ տակաւին կը մնան անյայտ։
Յունաստանի եւ Հռոմի գրողներուն հետ կապուած լաւագոյն ծանօթ քաղաքներէն են՝ Արտաշատը, Տիգրանակերտը, Կարինը (Թէոդուպոլիս), Սամոսատը եւ ուրիշներ:
Քանի մը տարի առաջ, Հայկական բարձրավանդակի վրայ գտնուող Բիւրակնի (Հազար Լիճեր) մէջ, այժմու՝ Թուրքիոյ Պինկէօլ-Ակունքի մէջ կատարուած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուեցաւ 3.600 տարուան հնութիւն ունեցող ուրարտական բնակավայր մը, ինչպէս նաեւ` բիւզանդական դարաշրջանի բազմաթիւ գտածոներ: Այս, եւ նման բազմաթիւ յայտանգործութիւններ ապացոյց են, որ Արեւմտահայաստանի մէջ, որ կը նկատուի Հայկական լեռնաշխարհի կարեւոր մէկ մասը, հազարաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած է հայկական քաղաքակրթութիւն:
Նիւթէն շատ չի հեռանալով, քանի օտար պատմաբաններու մասին կը խօսիմ, նշեմ, թէ կարգ մը օտար պատմաբաններու վկայութեամբ, 17-րդ դարէն սկսեալ, Պինկէօլի, Սեբաստիոյ, Երզնկայի եւ Խարբերդի շրջաններուն մէջ ապրող հայեր, չդիմանալով Օսմանեան թուրքերու ճնշումներուն, փոխադրուած ու բնակութիւն հաստատած են Տերսիմի շրջանը եւ կրօնափոխ դառնալով, ընդունած են իսլամական շիի-շիա յարանուանութեան ալէուի ճիւղը: Եւրոպացի կարգ մը պատմաբաններու կողմէ ընդունուած է այն տեսութիւնը, որ 1937-38 քեմալական ուժերու կողմէ ջարդուած են 70 հազար տերսիմցիներ եւ հայեր:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան տարիներուն, բնիկ տերսիմցիները ապաստան տուած են աւելի քան քառասուն հազար հայերու: Ցեղասպանութեան հանգրուանին, Տերսիմ ապաստանած շատ մը հայեր աէուի դարձած են` իւրացնելով տերսիմցիներու ապրելակերպը:
Ըստ տերսիմցի արդի ժամանակներու մտաւորականներուն, 1938-ի յեղափոխութեան տերսիմցիներու կողքին զէնք վերցուցած են դաւանափոխ դարձած հազարաւոր հայեր, իսկ ապստամբութեան տխուր վախճանին յաջորդող քեմալական բանակի ջարդերուն` տերսիմցիներու կողքին սպաննուած եւ ջարդուած են նաեւ հայորդիներ:
Նշենք թէ, մինչեւ քսաներորդ դարուն սկիզբը, Տերսիմի բնակչութեան զգալի մասը հայ էր: Նախքան Տերսիմի թրքացումը, հայկական եղած են բազմաթիւ տեղանուններ:
Անգարայի յաջորդական կառավարութիւններու հետեւողական ճնշումով, քանդուած ու փուլ եկած են Տերսիմի հայկական բոլոր եկեղեցիները: Մինչեւ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Տերսիմի տարածքին գործած են 45 հայկական եկեղեցիներ եւ 5 վանքեր:
Պատմութեան ընթացքին, Տերսիմի շատ մը գիւղերու մէջ, հայ եւ քիզիլպաշ բնակչութիւնները համերաշխօրէն կ’ապրէին, մինչեւ իսկ քիզիլպաշ երեխաներ հայկական վարժարան կը յաճախէին եւ հայերէն կը սորվէին: Հայերը լեռնային տերսիմցիներու քիրվաներն (կնքահայր) էին:
Վերադառնանք մեր հիմնական նիւթին: Հայաստանի արեւմտեան հատուածի պայմանական անունն է Արեւմտահայաստան: Այս անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է 387 թուականէն սկսեալ, երբ Մեծ Հայքը Արշակունեանց թագաւորութեան ժամանակաշրջանին բաժնուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ: Ի դէպ այս թուականը կը խորհրդանշէ Հայաստանի առաջին բաժանումը:
Արեւմտեան Հայաստանը աւելի ուշ, Արեւելեան հռոմէական կամ Բիւզանդական կայսրութեան կազմաւորումէն ետք կոչուած է Բիւզանդական Հայաստան:
Արեւմտահայաստանը պատմական ճակատագիրի բերումով մաս կը կազմէ շրջանային բարդ խնդրի մը, որ յառաջացած է թուրք-թաթար-մոնկոլական ներխուժումներուն հետեւանքով ստեղծուած Օսմանեան կայսրութեան:
Արեւմտահայաստանը մեր կորուսեալ եւ բռնագրաւեալ հայրենիքն է: Թուրքերը զայն Արեւելեան Անատոլիա կը կոչէին եւ կը կոչեն մինչեւ օրս:
Արեւմտահայաստանի մէջ կը գտնուին Անիի աւերակները, Կարս քաղաքը իր նշանաւոր բերդով, Առաքելոց վանքը՝ հայոց յեղափոխութեան յենակէտը հանդիսացող վանքով, մեր յեղափոխական ու մտաւորական զարթօնքի շարժման օրրան՝ Վանը, Մուշը եւ Տարօնի աշխարհը, ինչպէս նաեւ Սեբաստիոյ, Սասունի լեռնապարերը։
Կարսի մէջ կը գտնուի Եղիշէ Չարենցի ծննդավայրի տունը, Վարդանի կամուրջը, Իգդիրի, Պայազիտի, Բերկրիի ջրվէժը:
Արեւմտահայաստանի մէջ կը գտնուին Արճեշ գաւառը կամ Մակուի խանութիւնը, որ մեր գիտցած պատմական Շաւարշանի դաշտն է, Վասպուրականի հարուստ գաւառներէն՝ Հայոց Ձորը, ուր կ’ըսուի թէ հոն աւանդաբար ապրած է Հայկ նահապետը իր գերդաստանով։
Արեւմտահայաստանի հայ-պարսկական սահմանին վրայ կը գտնուի Անգղ գիւղը եւ իր Աստուածածին վանքը, որ կառուցուած է Թադէոս Առաքեալի կողմէ, երբ հայկական աշխարհ կը գտնուէր քրիստոնէութիւն քարոզելու առաքելութեամբ։
Արեւմտահայաստանի մէջ՝ Վանայ լիճի հիւսիսը կը գտնուի Թոնտրակեցիներու (Թանդուրեք աղանդի), Վարագայ վանքը, Առիւծ Մհերի փառաւոր դուռը՝ մեր բանահիւսութենէն քաղուած եւ Սասունցի Դաւիթի դիւցազներգութեան նմանութիւններով յիշատակեալ վայրը, որ անյաղթ սուրի մէկ հարուածով խոշոր ժայռը ճեղքեց երկուքի, որպէսզի ան օր մը գայ յաղթական արշաւով ու ազատագրէ հայրենիքը։ Տակաւին՝ Աղթամար կղզիի ու անոր վրայ կառուցուած Սուրբ Խաչ եկեղեցին,Վանի բերդը, իր շրջափակին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիով, ինչպէս նաեւ յիշարժան շարք մը պատմավայրեր:
Արեւմտահայաստանի տարածութիւնը 300.000 քառակուսի քիլոմեթր էր։ Ծանօթ, իբրեւ ՝Թրքահայաստան, անոր մաս կը կազմէին վեց նահանգներ՝ Վան, Էրզրում (Կարին), Բաղէշ, Խարբերդ, Սեբաստիա, Տիգրանակերտ։
Հայոց թիւը կը գնահատուէր 2.800.000 (1882)-ին։
Մենք մէկ առ մէկ պիտի անդրադառնամ վեց նահանգներուն նաեւ Տրապիզոնի նահանգին:
Տրապիզոնի շրջանին պիտի անդրադառնանք, որովհետեւ այնտեղ հայերու թիւը կը կազմէր 120.000: Մենք նաեւ Տրապիզոնը նկատի ունեցած ենք իբրեւ նահանգ:
Առ ի գիտութիւն նաեւ ըսեմ, թէ այդ ժամանակամիջոցին Օսմանեան կայսրութեան Հալէպի նահանգին մէջ կ’ապրէին 100.000, իսկ Ատանայի նահանգին մէջ 280 հազար հայեր։
Հայերը մեծ թիւ կը կազմէին ընդհանրապէս Պոլսոյ, Իզմիրի, Կեսարիոյ, Քոնիայի, Մարաշի, Զէյթունի, Այնթապի եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Փաստօրէն եօթ նահանգներու մասին պիտի խօսինք, պիտի ծանօթանանք այդ նահանգներուն աշխարհագրական դիրքին, հայութեան առօրեային, անոնց զբաղած արհեստներուն, այդ գաւառներուն մէջ գտնուող մշակութային կոթողներուն:
Սելճուք – թաթարներու կողմէ Արեւմտահայաստանի գրաւումէն եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, հայ ժողովուրդը մնաց անտէր:
Վանքերը՝ որոնք հայ մշակոյթի վառարաններն էին, մեծամասնութեամբ քանդուեցան թշնամիի կրունկներուն տակ: Շատեր լքելով իրենց վանքերը ինկան թափառական օտար երկիրներ:
Լեռնային Հայաստանի մէջ կարելի եղաւ մտաւորական անջատ կեդրոններ ստեղծել ՝ Սիւնիքի մէջ՝ Զաքարեան եւ Պռոշեան իշխաններուն հովանիի տակ, ինչպէս՝ Գլաձորի դպրոցը (1280-1336) կամ՝ Տաթեւի վարժարանը (1350-1415): Այս կեդրոնները շատ անցուկ կեանք ունեցան հալածանքներու եւ աղքատութեան պատճառով:
Հակառակ այս ճնշումներուն՝ հայ ժողովուրդի հոգեկան եւ մտաւորական կորովը բոլորովին չցամքեցաւ, այդ սեւ օրերուն, հոգեկան զարմանալի կերպարանափոխութիւն մը յառաջ եկաւ հայ ժողովուրդին մէջ եւ միջնադարեան հայ քնարերգութիւնը վարդի նման ծաղկեցաւ փուշերու վրայ:
Վերադառնալով Արեւմտահայաստանի մեր մշակութային հարստութիւններուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը դրժելու ծրագրային արշաւը կը շարունակուի, ոչնչացնելով պատմական փաստերը Հայկական լեռնաշխարհի արեւմտեան տարածքին, որ առհասարակ կ’ակնարկուի Արեւելեան եւ Կեդրոնական Թուրքիոյ շրջանը:
Թուրքիոյ կողմէ մեծ քանակութեամբ վանքեր (200) եւ եկեղեցիներ (1600) քանդուած ու աւերակ դարձած են 20-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր ժամանակները:
Քաղաքակրթութեան այս սպանդը հարուած է մարդկութեան պատմութեան մէկ կարեւոր ժամանակաշրջանի ձգած ժառանգութեան: Եւ իբրեւ համամարդկային արժէքներու հասցուած հարուած` այսօր համարժէք դատապարտումի, նման գործողութիւններու շարունակութիւնը արգիլելու հակազդեցութիւններու չ’արժանանար:
Չեմ գիտեր ո՞ւր պահուըտած են համամարդկային արժէքներէ ճառող պետութիւնները, մարդասիրական կազմակերպութիւնները, երբ անպատիժ կը ձգեն նման յանցագործութիւններ:
Արդե՞օք իրենց անտարբերութեամբ լուռ համաձայնութիւն կը յայտնեն Արեւմտահայաստանը, Կիլիկեան բռնագրաւելու, անոնց բնակչութիւնը ոչնչացնելու, պատմական, մշակութային հարստութիւնները քանդելու, յափշտակելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան:
Ժխտումի քաղաքականութեան նորովի մարտավարութիւնը՝ Թուրքիա Անատոլուն կը նկատէ բոլորին հասարակաց բնօրրանը, ուր իբրեւ, թէ համագոյակցած են թուրքերուն հետ ազգային միւս փոքրամասնութիւնները եւ ուր ծաղկած է ընդհանուր մշակոյթ մը:
Անգարան միաժամանակ կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը կիրարկել այլոց ձեռքով: Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանները եւ կոթողները քանդելու գործողութիւնը ըստ էութեան չի տարբերիր անոր երէկի բարբարոսական արարքներէն:
Իրականութիւնը յստակ է. Թուրքիա կը շարունակէ իր սպանդի ու աւերի քաղաքականութիւնը` դիտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով բնաջնջելով հայկական ամէն հետք ու կոթող: Աւելի՛ն. ան կը միտի հայկականին տեղ կառուցել թրքականը եւ անոր տակ թաղել իսկականը:
Արեւմտահայաստանի ականահարուած եկեղեցիներէն, անցնելով Նախիջեւանի գերեզմանաքարերու քանդումը, հասնելու համար Տէր Զօրի յուշահամալիրին պայթումը, Անգարան հատուցում ունի տալիք:
Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԷՐ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
Պոլսոյ եւ գաւառներուն ազգային հարցերը կը կառավարուէին պատրիարքին եւ ամիրաներուն վարչութեամբ: Պատրիարքը գրեթէ բացարձակ տէրն էր որոշումներուն: Ամիրաները պարզապէս խորհրդականներ էին: Սակայն ժամանակի ընթացքին ամիրաներուն ազդեցութիւնը այնքան զօրացաւ, որ առանց անոնց կամքին ոչ մէկ որոշում կարելի էր առնել: Անոնք էին, որ կ’ընտրէին պատրիարքները:
Ամիրաներուն ուժը մասնաւորապէս անոնց նիւթական հարստութեան մէջ էր, ազգային գործերը, եկեղեցիներն ու եկեղեցականները այդ հարուստներուն դրամին կարօտ էին եւ ստիպուած ենթարկուելու անոնց կամքին:
Սովորական հայերը, որոնք ջախջախիչ մեծամասնութիւն կը կազմէին, ոչ մէկ ձայն ունէին վարչական գործերուն մէջ: Անոնք հլու հպատակներ էին մեծամեծներուն եւ պատրիարքներուն:
Հայ արհեստաւորները, նման Եւրոպայի աշխատաւորներուն, ունէին իրենց միութիւնները իրարու օգնելու եւ պաշտպանելու, երբ պէտք ըլլար: Սակայն մինչեւ 1839 թուականը ոչ մէկ ազդեցութիւն կամ խօսք ունէին ազգային գործերուն մէջ: Այդ թուականին, երբ Ապտիւլ Մեճիտ սուլթանը հրապարակեց «Թանզիմաթ»ի (Կարգադրութիւններ) օրէնքները, արհեստաւորները գտնուելով իրաւունքի հաւասարութեան սկզբունքէն, յաջողեցան մտնել ազգային գործերու մէջ, հակառակ ամիրաներու բուռն ընդդիմութեան: Այս յեղաշրջումը առաջին քայլը դարձաւ հետագային ազգային սահմանադրութեան հասնելու համար:
Ամիրաներու եւ արհեստաւորներուն միջեւ ծայր առաւ երկարատեւ լարուածութիւն մը: Վերջաւորութեան երկու կողմերը համաձայնեցան Ազգային Ժողով մը կազմել, որուն անդամ պիտի ըլլային 16 ամիրաներ եւ 14 արհեստաւորներ: Այս անգամ բախում մը սկսաւ Ազգային Ժողովին եւ պատրիարքին միջեւ: Պատրիարքը հակառակեցաւ, որ Ազգային Ժողովը միջամուխ դառնայ իր գործերուն: Զանոնք կը նկատէր խորհրդականներ:
Ամիրաները եւ արհեստաւորները միացան եւ նոր ծրագիր մը մշակեցին կազմելով երկու Մարմիններ, Ժողովներ, մէկը՝ Հոգեւոր, կազմուած 14 քահանաներէ, միւսը՝ Քաղաքական Գերագոյն Ժողով: Օսմանեան կառավարութիւնը վաւերացուց այս ծրագիրը: Պատրիարքներուն անսահման իշխանութիւնը վերջ գտաւ, շուրջ 400 տարի ազգին ճակատագիրը միահեծան վարելէ ետք:
Խրիմի պատերազմէն (1853) ետք, Եւրոպական տէրութիւնները օգտագործելով Փարիզի դաշնագիրին (1856-ին կնքուած) տիրող մթնոլորտը, յորդորեցին սուլթանը՝ քրիստոնեայ հպատակներուն հաւասար իրաւունքներ շնորհելու իր կայսրութեան մէջ:
Սուլթան Ապտիւլ Մեճիտ տեղի տուաւ արեւմտեան պետութիւններու ճնշումներուն եւ լայն իրաւասութիւններ շնորհեց քրիստոնեայ հպատակներուն եւ ընդունեց, որ անոնք Բարձրագոյն Դրան հովանիին տակ ունենան իրենց ազգային ներքին կազմակերպութիւնները: Սուլթանին հրահանգով Պոլսոյ մէջ կազմուեցաւ Հայ Սահմանադրական Ժողովը՝ աշխարհականներու եւ կրօնականներու մասնակցութեամբ: Մշակուեցաւ նոր սահմանադրութիւն մը: Օսմանեան պետութիւնը 1862-ին հաստատեց այդ սահմանադրութիւնը:
Նոր սահմանադրութեան համաձայն, հայերու ընդհանուր ժողովը պիտի բաղկանար 220 անդամներէ, որոնց 60-ը գաւառներէն պիտի ընտրուէին, իսկ 160-ը՝ Պոլիսէն:
Այս սահմանադրութեամբ արեւմտահայութիւնը տեսակ մը անկախութիւն ստացաւ վարելու իր կրօնական, ազգային, մշակութային, ժառանգական եւ ամուսնական հարցերը:
Դժբախտաբար նոր սահմանդրութեան մէջ ոչ մէկ երաշխիք կար ապահովելու համար գաւառի հայ բնակիչներուն կեանքը, ունեցուածքը եւ պատիւը: