Լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Ղասսան Սէուտ երէկ դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Քըլ եաում պեաումու» յայտագիրի հիւրը:
«Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հալա Հատտատի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Սէուտ անդրադարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին, որուն ընթացքին արծարծած էր Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի հարցը:
«Օ. Թի. Վի.» կայանի հաղորդավար Տալիա Տաղերի հետ իմ հարցազրոյցիս ընթացքին, յայտարարեցի, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը ստացած է գումար մը, եւ հարց տուի, թէ քաղաքապետարանը այդ գումարով ի՞նչ ըրած է: Այս յայտարարութեան լոյսին տակ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը դիմեց դատական իշխանութիւններուն հայցով մը, որ իր ընթացքը առաւ:
Ինծի համար սակայն վատը այն էր, որ իբրեւ լրագրող` պէտք էր յաւելեալ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրած ըլլայի տեղեկութիւններս եւ անոնց ճշգրտութիւնը ստուգած` նախքան այդ մասին յայտարարութիւն կատարելս: Հետեւաբար, անկախ դատական իշխանութիւններուն տալիք վճիռէն, ես ունիմ գործած սխալս սրբագրելու բարոյական պարտաւորութիւն, որուն համար անձամբ պատասխանատու եմ», ըսաւ Սէուտ:
Ղասսան Սէուտ ցաւ յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին խոստացուած նիւթական պարտաւորութիւնները ցարդ չեն կատարուած, որպէսզի կարելի ըլլայ բարգաւաճում ապահովել: «Իսկ քաղաքապետութեան վճարուած գումարները յստակ է, թէ ինչպէ՞ս ծախսուած են եւ թափանցիկութեամբ ներկայացուած են: Պուրճ Համուտի շրջանը շատ աւելի մեծ գումարներու արժանի է: Պուրճ Համուտին իրաւունքն է իր ցուցաբերած տարիներու զոհողութեան եւ հանդուրժողութեան համար աւելին ստանալ այս պետութենէն: Պուրճ Համուտին կարիքները մեծ են, եւ լիբանանեան պետութիւնը յաւելեալ ջանք պէտք է ի գործ դնէ` այդ շրջանը բարգաւաճեցնելու համար», յայտնեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ օրին այդ յայտարարութիւնը կատարուած էր` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը քաղաքական թիրա՞խ դարձնելու համար, Սէուտ ըսաւ. «Նման թիրախաւորում չկար, եւ պէտք է ըսել, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը բաւական հզօր կերպով ու ընդարձակ բացատրութեամբ պատասխանեց: Իմ սխալս այն էր, որ ես հիմնուած էի կառավարութեան կողմէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին խոստացուած սկզբնական յատկացումին վրայ, մինչդեռ աւելի ուշ, երբ յաւելեալ ստուգումներ կատարեցի` իմացայ, որ կառավարութեան կողմէ այդ յատկացումը նուազած էր եւ վերածուած վերջնական այն գումարին, որուն մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը կը յայտարարէ», հաստատեց Ղասսան Սէուտ:
Ան աւելցուց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դէմ դաւադրութիւն չէր կատարուածը, այլ թափօններու թաղման վայրերուն մասին ընդհանուր զրոյց մը, որուն մէջ կ՛իյնար նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը:
«Կը փափաքիմ յստակացնել, որ Պուրճ Համուտի ու հայութեան դէմ չեմ տրամադրուած եւ խտրութիւն չեմ կատարեր: Ինծի համար կարեւոր է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հասցէին գործած սխալս սրբագրեմ: Շնորհակալ եմ տրուած առիթին համար», յայտնեց Ղասսան Սէուտ:
Հատտատ անդրադարձաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական մեքենային կողմէ 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներուն յայտարարութեան օրուան ընթացքին Սէուտի կողմէ անգիտակցաբար գործուած սխալին:
«Ղասսան Սէուտ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական ցանկերու յայտարարութեան ընթացքին դիտմամբ չէր կատարուածը, այլ պարզապէս մականուններու նմանութեան պատճառով պատահած սխալ մը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ու անոնց միջեւ դաշինքին ամրութեան մասին անդրադարձ կատարեցի ո՛չ միայն Զահլէի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, այլ նաեւ` Մեթնի, նոյնիսկ եթէ անոնց թեկնածուները տարբեր ընտրացանկերու վրայ կը գտնուին: Զոյգ կուսակցութիւններուն ղեկավարութիւնները յանձնառու են ներդաշնակութիւնն ու համաձայնութիւնը պահպանել: Հետեւաբար յայտարարութեան ընթացքին նշեցինք, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կայ ընտրացանկ մը, որ Ազգային ազատ հոսանքին ու ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրացանկն է, իսկ երկրորդ մը, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընտրացանկն է, որ կ՛ընդգրկէ Քարիմ Բագրատունիի զաւակը: Սխալը այն էր, որ յայտարարութեան ընթացքին Քարիմ Բագրատունիի փոխարէն Քարիմ Բագրատունեան ըսի, սակայն դիտմամբ չէր կատարուածը, եւ տեղւոյն վրայ սրբագրուեցաւ», եզրափակեց ան: