ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Սաֆա Տարուիշի «Պիլա ռամատիա» դիմատետրեան յայտագիրին հետ:
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, Լիբանանի մէջ հիմնադրութեան` հաստատելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը երկրին ամէնէն հին կուսակցութիւնն է` 1902: Անոր ուսանողական միութիւնը` Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, հիմնուած է 1904-ին, իսկ պաշտօնաթերթն է «Ազդակ»-ը, որ դարձեալ Լիբանանի ամէնէն հին օրաթերթն է:
Ընտրական Դաշինքներ
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին Յ. Բագրատունիի հետ հարցազրոյցը կեդրոնացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն վրայ: Յատկապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ընտրական այս օրէնքը կը մղէ, որ թեկնածուն միայն ինքն իր մասին մտածէ: «Քաղաքական բոլոր ուժերուն նպատակն է կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններ ունենալ նոր ընտրուելիք խորհրդարանին մէջ, եւ իբրեւ այդպիսին` իւրաքանչիւր կուսակցութիւն ունի իր ընտրական դաշինքը, որուն մասին յայտնած էր նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին բնոյթը լաւ ուսումնասիրած ըլլալով` հանդիպում մը կայացած է Պասիլի հետ եւ ընդարձակ կերպով քննարկուած` յաջողութեան կարելիութիւնները, յատկապէս` Մեթնի պարագային:
«Հետեւաբար Մեթնի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան կուսակցութեան թեկնածուին յաջողութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեք թեկնածուներուն յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով համաձայնութիւն գոյացաւ երկու տարբեր ընտրացանկերով ներկայանալ: ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրանքն էր Միշել Մըրի հետ ընտրական դաշինք մը կազմել, եւ այս մէկը բնական ընտրանք է, որովհետեւ ՀՅԴ-ի եւ Մըր ընտանիքին միջեւ ընտրական դաշինքը 60-ական թուականներէն սկսած է, երբ ընտրական օրէնքը մեծամասնական դրութեան վրայ էր», հաստատեց ան:
Մըր Ընտանիքին Հետ Դաշնակցելու Ճնշումներուն Եւ Ազգային Ազատ Հոսանքին Հետ Յարաբերութեան Մասին
Արդեօ՞ք Մըր ընտանիքին հետ ՀՅ Դաշնակցութեան գոյացուցած ընտրական դաշինքը արդիւնք է ներքին եւ արտաքին ճնշումներու հարցումին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Ո՛վ որ չի ճանչնար ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւնը, քաղաքական գործելաոճը եւ հարցերուն հանդէպ անոր մօտեցումները, նման արտայայտութիւններ կրնայ ունենալ: Մենք ճնշում չենք հանդուրժեր եւ կտրականապէս կը մերժենք զանոնք: Ի վերջոյ, ո՞վ ճնշում պիտի բանեցնէ մեր վրայ: Ընդհակառակն, Հզօր Լիբանան համախմբումին մաս կազմելով հանդերձ, մենք ունէինք մեր անկախութիւնը եւ բազմաթիւ անգամներ պատահած է, որ մեր կեցուածքները Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն տարբեր եղած են` առանց նեղանալու իրարմէ»:
Հզօր Լիբանան համախմբումին շաբաթական ժողովներուն իր մասնակցութեան պատկերին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` միշտ չէ, որ ներկայ կ՛ըլլար համախմբումին նիստերուն, իսկ «Քորոնա» համաճարակէն ետք, երբ այդ նիստերը վերածուեցան առցանց հանդիպումներու, ինք գրեթէ չէ մասնակցած, որովհետեւ առցանց հանդիպումները անբաղձալի են իրեն համար: «Սակայն Հայկական երեսփոխանական պլոքի միւս անդամները միշտ ալ ներկայ եղած են առցանց այդ հանդիպումներուն: Բոլորը պէտք է իմանան, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր յարաբերութիւնները բնաւ չեն խզուած եւ չեն խզուիր` զօր. Միշել Աունի օրերէն, մինչեւ Պասիլի օրերը: Իսկ մեր ունեցած իւրաքանչիւր հանդիպումի կամ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին չենք յայտարարեր, սակայն երկիրը յուզող կարեւոր հարցերուն շուրջ մնայուն խորհրդակցութիւն կայ մեր միջեւ», ընդգծեց ան:
Հիւսիսային Մեթնի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրի ընտրացանկին ապահովելիք միջինին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ այդ ընտրացանկը կրնայ ապահովել 2 միջին, առաւել կոտորակ մը` նկատի ունենալով տարուած աշխատանքն ու թիւերը:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք ՀՅ Դաշնակցութեան երեսփոխանները դարձեալ մաս պիտի կազմե՞ն Հզօր Լիբանան համախմբումին, երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Մենք այս համախմբումին մէջ հանգիստ ենք, որովհետեւ կայ փոխադարձ յարգանք, ինչպէս նաեւ յարգանք` մեր ինքնուրոյնութեան եւ քաղաքական կեցուածքներուն: 16 մայիսին պիտի տեսնենք արդիւնքները եւ ըստ այնմ մտածենք ու որոշենք, թէ ի՛նչպէս պիտի շարունակենք քաղաքական մեր գործունէութիւնը»:
Ինչո՞ւ ՀՅԴ–ն Կը Նկատուի Իշխանութեան Եւ Հանրապետութեան Նախագահին Կուսակցութիւնը
ՀՅ Դաշնակցութեան հանրապետութեան նախագահին եւ իշխանութեան կուսակցութիւնը ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Պատմականօրէն ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը եղած են հանրապետութեան նախագահութեան կողքին` անկախ հանրապետութեան նախագահին անձէն: 1943-էն ի վեր այդպէս եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքը, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութիւնը օրինականութեան խորհրդանիշն է, եւ հանրապետութեան նախագահը ամբողջ երկրին նախագահն է եւ երկրին խորհրդանիշն է, եւ ոչ` անոր համար, որ այդ պաշտօնը մարոնի համայնքին է: 1958-ին ՀՅ Դաշնակցութիւնը հանրապետութեան նախագահ Քամիլ Շամունին կողքին էր, իսկ անկէ ետք` Ֆուատ Շեհապի հետ, աւելի ուշ Ամին Ժեմայէլի հետ` մինչեւ վերջին վայրկեան: Հանրապետութեան նախագահն է, որ կ՛երդնու երկրի սահմանադրութեան վրայ, եւ իբրեւ սահմանադրութիւնը յարգող կուսակցութիւն` ՀՅ Դաշնակցութիւնը հաստատ կը յարգէ հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ երկրին բոլոր օրինական հաստատութիւնները»:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը օր մը օրանց չէ ունեցած երկրին իշխանութիւնը տապալելու եւ հակասահմանադրական ընթացքով գործելու հակումներ, այլ համոզուած է, որ երկրին օրինական հաստատութիւններուն ընդմէջէն է, որ պետութիւնը կը հիմնուի:
ՀՅ Դաշնակցութեան Ընտրազանգուածն Ու Արտերկրի Լիբանանահայոց Հետ Յարաբերութիւնները
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածին տկարանալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ այդ մասին պիտի խօսինք, ապա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ընտրազանգուածները տկարացած են, «սակայն մեր ժողովուրդը կը մնայ յանձնառու եւ գիտակից` կուսակցութեան եւ քաղաքացիական իր իրաւունքին հանդէպ: Պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ կայ տատամսելու իրավիճակ մը, որովհետեւ երկրին տնտեսական եւ ընկերային տագնապները ահռելի կերպով սուր են, Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը եւ անոր նկատմամբ պետական այրերուն մօտեցումը, դատական իշխանութիւններուն խոցելի իրականութիւնը, դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքները: Այս բոլորը ժողովուրդին առօրեայ տագնապներն են, որոնք իրաւացի են», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ կան նախատեսումներ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութեան նուազումին մասին, աւելցնելով, որ անիկա ժխտական երեւոյթ է, որովհետեւ կարելի չէ նման համեմատութեամբ երկրին մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել: «Այսինքն կարելի չէ 16 մայիսին դուրս գալ եւ ըսել, որ այս խորհրդարանը զիս չի ներկայացներ: 15 մայիսին սահմանադրական կարեւոր իրադարձութիւն կայ երկրին մէջ եւ միջազգային ընտանիքը պիտի ճանչնայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքը, ինչպէս որ ալ ըլլայ ան: Հետեւաբար 15 մայիսին առիթ ունի ժողովուրդը իր ձայնը հասցնելու եւ քուէարկելու. եթէ այդ քայլին չդիմեց, ապա 16 մայիսին աղմկելը արդէն իսկ ապարդիւն է», ըսաւ ան:
Արտերկրի լիբանանահայերուն հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ յարաբերութիւնները շատ լաւ են` ըլլայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, եւրոպական երկիրներու, Ծոցի երկիրներու, թէ Հայաստանի հետ:
«Այս տարի արտերկրի մէջ 3200 լիբանանահայեր արձանագրուած են` երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու, որովհետեւ արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան հարցով թիւրիմացութիւն պատահեցաւ` խորհրդարանին թիւին վրայ աւելնալիք 6 նոր երեսփոխաններուն ի նպա՞ստ քուէարկել, թէ՞ ներկայ 128 երեսփոխաններուն ընտրութեան մասնակցելու իմաստով: Օրին մենք մերժեցինք արտերկիրը ներկայացնող երեսփոխաններուն թիւը` պահանջելով, որ վեց չըլլայ, այլ` եօթը, որովհետեւ կայ արտերկրի լիբանանցիներու հսկայական թիւ մը, որոնք լիբանանահայ են», յայտնեց ան:
Հայաստանեան Քաղաքացիութիւն Ստանալու Գործօնը
Հայաստանեան քաղաքացիութիւն ստանալու գործօնին մտահոգիչ ըլլալուն մասին հարցումին Յ. Բագրատունի տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Սկսելու համար չկայ լիբանանցի մը, որ երկրորդ քաղաքացիութեան չի ձգտիր եւ անով չի հպարտանար: Դժբախտաբար երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն մօտ ալ տարածուած է այդ իրականութիւնը: Բնաւ մտահոգիչ չեմ գտներ, որովհետեւ մեզի համար նախընտրելի է, որ հայը Հայաստան երթայ, քան` Միացեալ Նահանգներ կամ Աւստրալիա: Այդպիսով ան կը մնայ այս շրջանին մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մեր ժողովուրդին պատմութիւնը կայ: Շրջանի մը մէջ, ուր Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողեր կան»:
Ընտրութիւններու Նախապատրաստական Աշխատանքի Նիւթական Եւ Գումակային Դժուարութիւններ
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրամեքենային եւ նիւթական դժուարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ բնական է այդ հարցերուն գոյութիւնը: «Անցեալին ընտրական աշխատանքը եղած է սիրայօժար կերպով կատարուած աշխատանք, այսինքն ոչ ոք նիւթական ակնկալութիւն ունեցած է: Պարզապէս կուսակցականները ընտրութենէն ետք մէկ ամսուան արձակուրդ ստացած են եւ ապա վերադարձած` արժեւորելու արդիւնքները եւ նշելու սխալները, զանոնք յաջորդ ընտրութիւններուն սրբագրելու նպատակով: Այսօր սակայն կայ դժուարութիւն, օրինակ` եթէ ես Պիքֆայա բնակող կուսակցականէ մը պիտի խնդրեմ շաբաթը երեք անգամ Պուրճ Համուտ իջնել, դժուար է: Քարոզչութեան իմաստով ալ դժուար է կացութիւնը. ո՞վ օրական կամ երկու օրը անգամ մը պատկերասփիւռի կայաններէն իր քարոզչութիւնը կը կատարէ: Տեսէք պաստառները` ո՞վ եւ ո՞ր կուսակցութիւններն ու թեկնածուները ողողած են փողոցները: Այս ամբողջը նիւթական հսկայական գումար կ՛ենթադրէ: Մենք մեր չափով կը կատարենք այդ բոլորը, եւ եթէ կան բարեկամներ, որոնք կը փափաքին իրենց անձնական գումարներով պաստառներ տեղադրել, ապա կը կատարեն այդ մէկը», աւելցուց Յ. Բագրատունի:
ՀՅ Դաշնակցութեան կամ իր անձնական հակառակորդներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` ՀՅ Դաշնակցութեան Մեթնի թեկնածուն հաստատեց, որ ինք հակառակորդներ չունի, աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս հակառակորդներ չունի, որովհետեւ ան նախընտրած է իր հաւասարակշռուած քաղաքականութեամբ եւ երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու միջոցին համոզումով կամրջել բոլորը: «Նոյնիսկ եթէ տարակարծութիւն ունենանք, կը մնանք քաղաքակիրթ սահմաններու մէջ, կամ կը ներենք, կամ կը հարթենք հարցերը եւ կը շարունակենք ուղին», ըսաւ ան:
Թէ որո՞նք են ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական հակառակորդները, Յ. Բագրատունի յայտնեց. «Բոլոր անոնք, որոնք այլ ընտրացանկերու վրայ կը գտնուին, ինչ որ բնական է»:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը փափաքի ունենալ 4 երեսփոխաններ` 2 Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ, 1 Մեթնի մէջ եւ 1 Զահլէի մէջ:
Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Ծրագիրը
Հայկական երեսփոխանական պլոքին կազմութենէն ետք պլոքին գործադրելիք քաղաքական ծրագիրին ու նպատակներուն մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հեռու ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւններէ` ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական ծրագիրն է պահպանել ազգային չափաւորականութիւնը, երկխօսութիւնը որդեգրել իբրեւ միակ միջոց` լուծելու երկրին հարցերը, հարեւան երկիրներու հետ բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ` արաբական երկիրներ եւ Ծոցի երկիրներ, առանցքներու մաս չկազմելու անոնց շահերը ապահովելու համար, ընդհակառակն` երկիրներու հետ վարուելու մեկնակէտ ունենալով Լիբանանի շահերը:
«Մեզի համար մերժելի է այն իրականութիւնը, որ կուսակցութեան մը ղեկավարը ըլլայ այս կամ այն երկրին դաշնակիցը, որովհետեւ դաշինքները երկիրներուն միջեւ կ՛ըլլան եւ ոչ թէ երկրի մը եւ քաղաքական ուժի մը միջեւ: Այս իմաստով ՀՅ Դաշնակցութիւնը միակն է, որ նման դաշինքներ չունի: Այլ ձեւով բացատրեմ միտքս. Լիբանանի մէջ կան համայնքներ, որոնք ուղղակի օժանդակութիւն կը ստանան երկիրներէ: Օրինակ` շիի համայնքն ու անոր կուսակցութիւնները օժանդակութիւն կը ստանան Իրանէն, սիւննի համայնքն ու անոր քաղաքական ուժերը Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութեան ապաւինած են, մարոնի համայնքը` Ֆրանսայի եւ Վատիկանին, ուղղափառ համայնքը` Ռուսիոյ, հայ համայնքը միակն է, որ ոչ մէկ երկրէ օժանդակութիւն կը ստանայ: Իսկ եթէ Հայաստանի մասին կը խօսին, ապա լիբանանահայութիւնն է, որ կ՛օժանդակէ Հայաստանին, որ լուրջ հարցեր եւ տագնապներ կը դիմագրաւէ: Այս է մեր պատմութիւնն ու փորձառութիւնը, մենք հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, գաղթական վիճակով հասած ենք Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս, Իրաք եւ այլ երկիրներ, մենք մնայուն կերպով չենք կրնար հայրենիք կորսնցնել: Այդ պատճառով մեր սիրտը Լիբանանին համար կը դողայ եւ կ՛ուզենք պաշտպանել Լիբանանը, որովհետեւ անիկա մեր հայրենիքն է», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Իսկ անոնք, որոնք այսօր կը խօսին դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն իրաւունքին մասին եւ կը հաստատեն, որ իրենց քուէն պիտի տան այդ իրաւունքները պաշտպանողներուն, ապա թող լաւ տեսնեն, թէ ո՛ր ընտրացանկերն են, որոնք կը վայելեն դրամատուներու սեփականատէրերուն եւ գործարարներուն զօրակցութիւնը:
Օտար Երկիրներու Վստահելու Եւ Թաէֆի Համաձայնագիրին Մասին
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ապրի կեղծ Թաէֆի ժամանակաշրջանը, որովհետեւ չէ գործադրած Թաէֆի համաձայնագիրը: «Օրին այդ համաձայնագիրը կարեւոր էր կասեցնելու համար պատերազմը, իսկ Թաէֆը կայացնողը, այսինքն սէուտական-ամերիկեան-սուրիական հովանաւորութիւնը չգոյատեւեց եւ տեղի տուաւ: Իսկ անձնական կարծիքս այն է, որ 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումէն եւ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակէն ետք է, որ մշակուեցաւ Լիբանանը պարտութեան մատնելու դաւադրութեան ծրագիրը, որովհետեւ Լիբանան վերածուած էր քաղաքական ուժ ներկայացնող երկրի մը, զոր հաշուի պէտք էր առնէին մեծ պետութիւնները: Այսինքն 2000-էն ետք ի գործ դրուեցաւ Լիբանանը տկարացնելու քաղաքականութիւն մը, որովհետեւ Լիբանանի ազատագրումը արգիլուած էր, պէտք էր զայն բռնագրաւուած պահել», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանը տկարացնելու ծրագիրը յաջողութիւն չէր արձանագրեր, եթէ համալիբանանեան միասնականութիւն եւ համագործակցութիւն ըլլար` Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց նաեւ, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութիւնը եւս մաս կը կազմէ Լիբանանը տկարացնելու դաւադիր ծրագիրին եւ Լիբանանի պարտութեան, որ կ՛իրականանայ լիբանանցին ծունկի բերելով: «Իսրայէլը այդ մէկը զէնքով չկրցաւ կատարել, իսկ օտար երկիրներ կրցան անիկա իրականացնել մեղմ քաղաքականութեամբ` լիբանանցին վերացական եւ հեքիաթային աշխարհի մէջ ապրեցնելով եւ հաստատելով, որ ամէն ինչ շատ լաւ է, տոլարը 1500 լ. ոսկի է եւ կայուն վիճակի մէջ, դրամատուները բարեսիրական հաստատութիւններ են, եւ սովորական պաշտօնեաները մեծահարուստի նման կ՛ապրին: Եւ ահա լիբանանցի քաղաքացին դարձաւ ծնկած», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք սահմանագծում պիտի կատարուի, եւ լիբանանեան ջուրերէն նաւթ պիտի արտահանուի:
Հիմնադիր Խորհրդաժողովին Զօրակցելու Իմաստով
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի իր վարչակարգը բարեփոխելու, ընդգծելով, որ քրիստոնեայ համայնքին մէջ կայ մտավախութիւն մը, թէ այդ բարեփոխումը կ՛ըլլայ իր հաշուոյն:
«Այսօր սիւննի համայնքը անիրաւուած կը զգայ: Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է մտածենք, որ տակաւին կը փափաքինք համայնքային լեզուով խօսիլ իրարու հետ: Եթէ մենք կը փափաքինք Թաէֆը գործադրել, ապա պէտք է կազմենք համայնքային քաղաքականութիւնը ջնջող ազգային խորհուրդ: Հետեւաբար առաջնահերթութիւնը վարչակարգի փոփոխութիւնն է, ու ապա` դէպի քաղաքացիական պետութիւն ուղղուիլը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ վարչական ամբողջական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը բաղձալի է, աւելցնելով, որ ինք համաձայն է ամբողջական ապակեդրոնացեալ դրութեան: «Նոյնիսկ ամբողջական ապակեդրոնացեալ դրութեան մասին հերետիկոսութիւններ կան Լիբանանի մէջ, բայց եւ այնպէս երկիրը բաժանումի եւ դաշնակցային դրութեան առաջնորդելը կտրականապէս մերժելի է», հաստատեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք իր զաւակը զինք պիտի փոխարինէ՞, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Արդեօք ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ տեսա՞ծ էք իր հօրմէն կուսակցութեան նախագահութիւն, երեսփոխանական աթոռ կամ նախարարական պաշտօն ժառանգած անհատ: Ճիշդ է, որ զաւակս քաղաքական գիտութիւն ուսանած է, եւ անոր իրաւունքն է քաղաքական ձգտումներ ունենալ: Այս փուլին ան ելեւմտական գիտութիւններ կ՛ուսանի, սակայն ի վերջոյ ինք կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, սակայն կարեւորը այն է, որ մնայ Լիբանանի մէջ»:
Մէկ Բառով Նկարագրէ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն. «Բոլորին հայրը, սակայն անոր զաւակները իրեն հետ սխալեցան»:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւն. «Ժեմայել ընտանիքին եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնս լաւ է: Գաղտնի չէ նաեւ, որ հանդիպում ունեցանք եւ ընտրական դաշինքի կարելիութիւն քննարկեցինք, սակայն տեսանք, որ անիկա երկուքիս շահերուն չի ծառայեր: Փաղանգաւոր կուսակցութեան նոր ծրագիրին մասին աւելի ուշ պիտի տեսնենք, որ անոր գործադրութիւնը որքանով կարելի պիտի ըլլայ»:
Ժըպրան Պասիլ . «Կը հաւատայ իր աշխատանքին, կը հաւատայ Լիբանանին եւ կը հաւատայ երկրին վարչակարգի փոփոխութեան»:
ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ. «Յայտնի կուսակցութիւններ, որոնք կը պայքարին Հայ դատին համար: Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ քաղաքական տարակարծութիւններ կան մեր միջեւ, սակայն կայ փոխադարձ յարգանք: Իսկ մեզի համար նախընտրելի է, որ ՀՅԴ-ի ի նպաստ չքուէարկողը իր քուէն տայ Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածուին, որովհետեւ ի վերջոյ նուազագոյնը կուսակցութեան կողմէ հաշուետուութիւն կը պահանջուի անկէ»:
Միշել Էլիաս Մըր. «Երիտասարդ մը, որ թէեւ Միշել Մըրի եւ Էմիլ Լահուտի թոռն է, իսկ Էլիաս Մըրի զաւակը, սակայն պէտք է ինքզինք փաստէ իր աշխատանքը համապատասխան դարձնելով իր ծրագիրին ու քաղաքական կեցուածքներուն»:
Լիբանանցի Քուէարկողին Ուղղուած Պատգամ
Յ. Բագրատունի հարցազրոյցը եզրափակեց լիբանանցի քուէարկողին ուղղելով հետեւեալ պատգամը. «2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարելի չէ անլուրջ մօտեցում ցուցաբերել: Կը քուէարկենք, կը զղջանք եւ չորս տարի անդադար կը վազենք մեր քուէն ստացողին ետեւէն: 15 մայիսին պէտք է ուղղուիլ դէպի քուէատուփ, քուէարկել եւ ընտրել խիղճով ու սրտով: Այո՛, աղքատութիւն եւ տագնապ կայ, սակայն քուէարկութեան ընթացքին հարց տուէք, որ ինչո՞ւ թեկնածուն 500 տոլար կը վճարէ: Երեսփոխանին աշխատավարձը 11 միլիոն լ. ոսկի է, ինչպէ՞ս այդքան գումար կրնայ վճարել: Ձեր դրամները դրամատուներուն մէջ կը գտնուին, եւ ձեզի վճարողները ձեր գումարներէն է, որ կը վճարեն, ձեր աշխատանքով վաստկածն է, որ ձեզի կը վճարեն օժանդակութեան պիտակին տակ: Իսկ վերջին շրջանին բուսած միութիւնները, որոնք յանկարծ սկսած են օժանդակութիւններ բաշխել, նոր անդրադարձած են, որ ժողովուրդը կարիքներ ունի: Դուք ձեզի հարց տուէք»: