Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Խովաեւ «օգտակար խորհրդակցութիւններ» ունեցաւ Երեւանի մէջ․ ան պիտի այցելէ նաեւ Պաքու. Զախարովա

April 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Russia will continue providing assistance to Armenia and Azerbaijan to help them normalize their relations

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Երեւանի մէջ. համակարգուած է նաեւ անոր Պաքու այցելութիւնը։ Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

«Իկոր Խովաեւի հիմնական հարցերէն մէկն է՝ աջակցիլ ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան մէջ», յայտնեց Զախարովա։

Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը հիմնուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համար Պաքուի առաջարկած հիմնարար սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ այդ առաջարկներուն՝ Երեւանի կառուցողական արձագանգին վրայ:

Զախարովա նաեւ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով զբաղող ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան աշխատանքին վերսկսելու պատրաստակամութեան վերաբերող ազդակներ չեն յղած՝ աւելցնելով, որ այդ գծով ակնկալութիւն չունին։

Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ «փաստօրէն կաթուածահար ըրին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն աշխատանքը` հրաժարելով ռուսական մասնակցութեամբ համագործակցութենէն»:

«Նման զուգադիպութիւնները պատահական չեն ըլլար: Ինչպէս՝ Պրիւքսէլի անթաքոյց փորձերը` իւրացնելու յայտնի ռուս-ատրպէյճանական-հայկական բարձր մակարդակի համաձայնութիւնները (Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանագծում եւ սահմանազատում, երթեւեկի փոխադրութեան հաղորդակցութեան վերականգնում) եւ օրակարգը, զոր նախորդ տարի առաջարկած էին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահները (հրատապ մարդասիրական հարցերու լուծում, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութիւն):

«Այս պարունակին մէջ կը վերահաստատենք մեր անվերապահ յանձնառութիւնը՝ հետեւողականօրէն կեանքի կոչելու Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի յայտարարութիւնները: Նոյն ժամանակ, վճռական ենք ամէն կերպով նպաստելու խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, որոնց հետ մենք պատմականօրէն կապուած ենք բարեկամութեան, դաշնակցային եւ գործընկերային կապերով», շեշտեց Զախարովա։

Previous Post

Biden’s Recognition of the Armenian Genocide Ended the US’ Denial of It

Next Post

Հակառակ կարգ մը դրական քայլերու, անկախ մամուլը կը նահանջէ Հայաստանի մէջ․ Freedom House

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.