ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Կ՛անցնին տարիներ, կը մոռցուին քաղաքական ոխերը եւ ատելութիւնները, նոր մարդկութիւնը նոր յոյսերով եւ նոր ձգտումներով կը մոռնայ այսօրուան սուգը, բայց բան մը պիտի մնայ անդարմանելի եւ անմոռանալի, այն է` ամբողջ ժողովուրդի մը երկարաձգուած եւ տանջալի հոգեվարքը…»:
ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ
Հայ մեծանուն գրագիտուհիին այս տողերը, որոնք առնուած են անոր «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» գիրքէն, այնքան դիպուկ եւ համահունչ են, նկատի առած հայ կեանքի ներկայ պատկերն ու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու հոլովոյթը:
Այո՛, հայ կեանք, իր արտասովոր եւ հակոտնեայ վիճակներով, շուար, մեղկ ու շատ անգամ հակասական մօտեցումներու առկայութեամբ: Աւելի՛ն. հայ կեանք, որ կը տուայտի իր իսկ ստեղծած անախորժ կացութեան մէջ առաւել մխրճուելով, դառն անցեալի թէ ահաւոր ներկայի փորձութիւններն անգամ անտեսելով եւ մոռացութեան տալով, հայ կեանք, որ իր պետականութեամբ թէ աշխարհատարած գաղութներով` հեղ մը կը փորձէ ոտքի կանգնիլ, ուրիշ անգամ` քաղաքական արեւելումներու սեփական հայեացքներ սնուցել, մարտնչիլ իրեն պարտադրուած սեւ ճակատագիրին դէմ, ինքնուրոյն ապրելու եւ ազատօրէն շնչելու երազներ հիւսել, բայց, կարծես, օտարի չարաշուք ու որոգայթներով լեցուն մութ ծրագիրները եւ ներազգային կեանքի պառակտեալ գոյավիճակը արգելք կը հանդիսանան ազգովին լրջանալու, առաւե՛լ հայանալու եւ մէկընդմիշտ զգաստանալու:
Ապրիլ 24:
Ընդգծուած ճշմարտութիւն մը է այն, որ հայ հրապարակագրութիւնը ընդունած է, այսպէս ըսած, երկու չափորոշիչ, ինչ կը վերաբերի ապրիլեան խոհերու թէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրուելիք նիւթերու: Առաջինը` ոգեկոչում-յիշատակումն է, իսկ երկրորդը` «պահանջատիրութիւն» հասկացութիւնը, իր լայն ու համապարփակ իմաստով: Ու այսպէս, աւելի քան հարիւրամեայ երթ մը ունեցած է հայ մամուլը, եւ ընդհանրապէս` հայ գրականութիւնը: Այդուհանդերձ, ի՛նչ է այն էական պատճառը, որ մեզ մղեց գէթ այս անգամ փոխելու աւանդական այդ ընթացքը եւ տարբեր ձեւի «լրջութեամբ թէ խոհական արտայայտութեամբ» անդրադառնալու նիւթին:
Արդ, երբուընէ՞ նահատակներ «հրճուած» կամ «ցնծութեամբ» պարուրուած են, այդ ալ գազանաբարոյ թուրքին եաթաղանը ապրելէ ետք: Աւելի՛ն. մերօրեայ հայ մամիկներ ու պապիկներ, որոնք տարիներու ծանրութիւնը իրենց շալակին ապրած են, ընթերցելէ ետք վերեւ ակնարկուածը, պիտի ըսեն. «Այս օրերո՞ւն հասանք»: Անոնք պիտի զարմանան ի տես «ցնծութիւն» բառի գոյութեան ու ապշին հայոց պետական այրերու ներկայիս կատարած ազգադաւ գործին ու մտադրութեան:
Այո՛, ազգադաւ գործին` Արցախի վաճառքին եւ քանի մը հազար զինուորի արեան հեղումին: Նաեւ անոնց մտադրութեան` «խաղաղութեան ժամանակաշրջան» սկսելու թուրքին հետ, որ ատամները սրած կը պատրաստուի յօշոտելու հայոց մնացորդացը, ներառեալ նիկոլականները, աղանդաւորները, այլասերածներն ու մտովին այլանդակուածները:
Յայտնապէս, մեր սրբադասուած նահատակները, որոնք իրենց սեփական մաշկին վրայ ճաշակած են ցեղապաշտութեան ամէնէն զազրելի տեսակը, մարդկային ատելութեան ամէնէն ահաւորը, սպանդի ու տառապանքի ամէնէն դժոխայինը, բարբարոսութեան զենիթը` թրքութիւնը, ահա, քանի մը ամիս ետք, երկնային իրենց ապաստաններուն մէջ պիտի ցնծութեամբ դիմաւորեն նիկոլական խունթային «հրաշք» աւետիսը` թուրքի դրացնութեամբ խաղաղ, բարգաւաճ եւ անվտանգ ապրելու երազը:
Թուրքի դրացնութեամբ, որ պետականօրէն եւ կանխամտածուած, ազգի մը բնաջնջումը ծրագրած ու գործադրած է, դարաւոր հայրենիքը բռնագրաւած, ազգային մշակոյթը կործանած` այլամերժութեամբ եւ հայատեացութեամբ յագեցած, ու ցարդ կը շարունակէ որոճալ իր նախնեաց երազը` Հայաստանի ու հայութեան ոչնչացումը:
Նիկոլասէրները պիտի առարկեն կամ ծիծաղին վերեւ գրուած տողերուն վրայ` կրկին յիշեցնելով, թէ վերանկախացած Հայաստանի պետականութեան ղեկին եղած նախկին այրերը միթէ հրաշալի, քաղաքականապէս ուժեղ, տնտեսապէս նախանձելի եւ միակամ երկիր եւ ժողովո՞ւրդ ժառան ձգած էին յետնորդներուն, որ այսօր, մենք, այսպէս ըսած աւանդապահներս, կը մեղադրենք ներկայ իշխանութեան ղեկին գտնուողները եւ կը դատապարտենք անոնց ազգադաւի պահուածքը:
Եթէ երբեք նախկիններու պահուածքը կաշառակերութեամբ եւ փտածութեամբ կը յատկանշուէր, եւ սա իրողութիւն է անտարակոյս, ապա հայոց պետականութեան ներկայի ղեկավարութիւնը կաշառակերութեամբ, փտածութեամբ, որոմի սերմանումով եւ ազգադաւութեամբ կը յատկանշուի, տիւ եւ գիշեր ցոյց տալով իր պատենաքարշի եւ սնոտիապաշտի պահուածքը:
Ըսուածին փաստը` Արցախի մեծ մասին կորուստը, չքնաղ Շուշիի յանձնումը, թշնամի ուժերու առջեւ գետնաքարշ սողալու տրամադրութիւնը, քաղաքական կեանքին մէջ ապիկարութիւնը, լպիրշ մօտեցումը, ազգային արժանապատուութեան ոտնակոխումը, մէկ խօսքով` հայու այլասերած տեսակը:
Թիւրիմացութեան տեղիք չտալու համար, ի սկզբանէ յայտնենք, որ մեր` հայոց ազգի արեան բաղադրութիւնը մարդկայնականութեամբ կը պլպլայ, խաղաղութեան հրաբորբ զգացողութեամբ կը շնչէ օրն ի բուն, բացարձակապէս զերծ է ցեղապաշտութեան ու բարբարոսութեան «տարրեր»-է, կենսունակ է իր էութեամբ եւ հարազատ` իր երազանքին:
Իրօք, խօսքը արեան տեսակի մը մասին է, որ կրցած է պահպանել ինքզինք, թիավարել հազարամեակներու յորձանուտին մէջ, ունեցած է առանձնայատկութիւն մը, կառուցած է սեփական ուղի, ստեղծած է մարդկային իր տեսակը, ուզած է ապրիլ հայրենի հողին վրայ ազատ, հպարտ ու անկաշկանդ: Աւելի՛ն. անվհատ արարել ու հաստատակամութեամբ պարուրուած` հաւատալ գալիքին, ապագային:
Այս տեսակը թէեւ ունեցած է պաշտպանական իր համակարգը` գոյատեւելու, դիմանալու եւ տոկալու, այսուհանդերձ յատկանշուած է «բաղադրիչ» տարրով մը, որ պատմութիւնը զայն կոչած է միամտութիւն: Փաստօրէն, նմանօրինակ շաղախի մը կերպարը եղած է նոյնինքն տուեալ ժողովուրդը, որ կրած է այս տիպի արեան տեսակը, փորձութենէ անցած եւ դարերու դաժան լուծը իր շալակին` ուզած է խաղաղութեամբ ապրիլ, մշակոյթով սնանիլ եւ բարեխղճութեամբ վարուիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք ուզած են արմատախիլ ընել զինք, բնաջնջել ընդմիշտ, որովհետեւ ունեցած են նկարագրային տարբեր առանձնայատկութիւն մը, արեան տեսակի բաղադրութիւն մը, որ դարձեալ պատմութիւնը զայն կոչած է բարբարոսութիւն կամ թրքութիւն:
Եւ ահա, այս եղած է գաղտնագիրը այն իրականութեան, թէ ինչո՛ւ հայութիւնը գիտակցաբար զիջած է իր ազգային արժանապատուութենէն, հայրենի օրրանէն եւ իր սեփական ուժէն: Բարեբախտաբար, լինելութեան պահերուն թէ օրհասական թէժ պատերազմներուն, արեան այս տեսակը վերագտած է ինքզինք, բորբոքած, առաւել շիկացած է եւ նետուած պայքարի դաշտ` յանուն գոյաբանական իրաւունքի, տեսակի պահպանման եւ հաւաքական յիշողութեան առկայծման:
Ու դեռ կը յաւակնինք ազգովին ոգեկոչել ապրիլ 24-ը: Հարիւրամեայ ճիգ մը` յառնելու, հաւաքականօրէն կազմակերպուելու, յիշելու եւ պահանջելու: Միւս կողմէ, սակայն, մոռացութեան տալով պահանջատիրական երթի նորովի բանաձեւումը:
Ապրիլեան խոհե՜ր…
Մէկ դարեայ բազմագոյն խօսքեր, բեղուն միտքեր ու գիրքեր, ակադեմական թէ ուսումնասիրական աշխատութիւններ, պահանջատիրական երթեր ու քայլարշաւներ, բարձրագոռ խորհրդաժողովներ, Հայ դատի նուիրական գործընթացներ, սուգի, ողբի եւ հեկեկանքի վիճակներէ ձերբազատելու քարոզներ, աշխարհին բացուելու եւ մեր ներկայութիւնը ամրագրելու հրաւէրներ, արցախեան գոյամարտով հպարտանալու կանչեր, վերանկախացած Հայաստանի ու անոր պետականութեամբ հրապուրուելու աղօթքներ, հաւաքական յիշողութեան տէր կանգնելու մաղթանքներ, Հայաստանը հայ պահելու միտումներ, պետականամէտ մտածողութիւն սնուցելու աշխատանքներ, «Դէպի երկիր» ճախրելու հիմնաւորեալ նկրտումներ եւ Արարատի շուրջ թէ կողքին հաւաքուելու մարտահրաւէրներ եւ այլն, եւ այլն:
Վերոյիշեալ մտորումներուն առընթեր «յաղթելու ենք»-ի բարբանջանքներ, որոնց արձագանգը դեռ կը լսուի աշխարհով մէկ:
Ուրեմն, հայութիւնը ամէն պատճառ ունի նաեւ հաւատալու «խաղաղութեամբ ապրելու ենք»-ի նորօրեայ լոզունգին, որովհետեւ, ըստ երեւոյթին, թուրքը մեղայի եկեր է, ընդուներ է Հայոց ցեղասպանութիւնը, ծնրադիր աղօթեր է Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, հայոց հատուցման պահը եկեր է` Արեւմտահայաստանի վերադարձով եւ Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ ու յուշահամալիրի վերակառուցումով:
Այլ խօսքով` թրքութիւնը վերացեր է, բարբարոս թուրքը մարդկայնացեր է:
Ահա գաղտնիքը, որուն կը տիրապետեն Հայոց աշխարհի նորօրեայ պետական այրերը, նիկոլասէրները եւ այս «հրաշք մանուկ»-ի գունազարդ հետեւորդները:
Գալիքի «ցնծութեան» երգերը արդէն լսելի են ոգեկոչումներու բարձունքէն: