Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-էն պատուիրակութիւն մը՝ Միութեան նախագահ  Պերճ Սեդրակեանի  գլխաւորութեամբ

April 24, 2022
in Mobile Home, Զանազանք
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հ.Բ.Ը.Մ.-էն պատուիրակութիւն մը՝ Միութեան նախագահ  Պերճ Սեդրակեանի  գլխաւորութեամբ

Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի Վեհարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) զանազան մարմինները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ շրջանային վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։

Ողջունելով պատուիրակութեան այցելութիւնը Անթիլիասի Մայրավանք, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց տասնամեակներու վրայ տարածուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի ազգանուէր ծառայութիւնը Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի մէջ: Ան նաեւ ողջունեց հետզհետէ ծաւալող գործակցութիւնը Միութեան եւ Կաթողիկոսութեան միջեւ, ի նպաստ մեր եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման ու անոր առաքելութեան հզօրացման: Նորին Ս. Օծութիւնը իր մտահոգութիւնը յայտնեց Հայաստանէն ներս տիրող ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց մեր ազգին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը:

Բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները, Պերճ Սեդրակեան ընդգծեց եկեղեցւոյ առանցքային դերակատարութիւնը՝ մեր ժողովուրդի զաւակները իր շուրջ համախմբելու եւ առաւել ազդու կերպով ծառայելու հայրենիքին հզօրացման եւ մեր իրաւունքներու հետապնդման գծով: Ան նաեւ շեշտեց մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը՝ դիմագրաւելու ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի, Սփիւռքի եւ Հայաստանի այժմու կացութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներն ու երեւոյթները:

 

Previous Post

Ապրիլեան մտորումներ. Հայ դատը` հանապազօրեայ պարտքը մեր

Next Post

Iran, Saudis resume talks in Iraq after months

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.