ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի արտասանած խօսքը` ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան կազմակերպած` Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին:
«Երէկ, երբ Ժիպէյլի մէջ ներկայ գտնուած էի Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման, լրագրողներէն մէկը տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ի՞նչ է ամէն տարի Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու հայերու պատմութիւնը»: Զարմացայ տրուած հարցումին մասին եւ պատասխանեցի. «Մեր պատմութիւնը պատմութիւն է, սակայն կարեւորագոյնը այն է, որ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ եւ լիբանանահայեր, յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի՞նչու չյիշենք, երբ հայրս երկու տարեկան երեխայ էր, երբ մեծ հայրս սպաննած են: Ես առանց մեծ հօր մեծցած եմ, իսկ մեծ մայրս սեւ հագուստներով տեսած եմ միայն մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը: Ես հայ ընտանիքի մը օրինակն եմ, հայ մարդու մը, որ իր ընտանիքն ու հարազատները կորսնցուցած է, ինչպէս նաեւ իր կալուածներն ու ունեցուածքը: Ես զաւակն եմ այն ժողովուրդին, որ իր հողը կորսնցուցած է: Մնայուն կերպով կը կրկնենք` մէկուկէս միլիոն նահատակ: Մէկուկէս միլիոն անհատ, որոնք սպաննուեցան կանխամտածուած եւ ծրագրուած կերպով: Մէկուկէս միլիոնը սոսկ թիւ չէ: Հայոց դէմ ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ թրքական եւ թուրանական ղեկավարութիւններու կողմէ, Էրտողանի նախահայրերուն եւ անոր նմաններուն կողմէ: Մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան` հաւատարիմ իրենց հայրենիքին, անոնք մշակներ էին, առեւտրականներ, մտաւորականներ. սպաննուեցան եւ անճիտուեցան, որովհետեւ իրենց միակ մեղքը հայ ըլլալն էր: Անոնց մեղքը այն էր նաեւ, որ բարեկարգումներ կը պահանջէին` բարելաւելու համար իրենց ընկերային եւ տնտեսական պայմանները: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը սուրով գործադրուեցաւ, իսկ լիբանանցիներուն դէմ` Լեռնալիբանանը սովի ենթարկելով, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին: Ինչո՞ւ պէտք է ներողամիտ ըլլալ եւ անցեալը մոռնալ, երբ Լիբանանի մէջ անկարելի է ներել ոճրագործի մը, որ այլ թաղամասէ մը երիտասարդ մը սպաննած է, կամ ոեւէ քաղաքացիի վնաս հասցուցած: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ մէկուկէս միլիոն մարդ, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի մէկ երրորդը` պարզապէս քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական շահերու, ինչպէս նաեւ կազի եւ նաւթի համար:
Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կը յիշենք եւ չենք ներեր, բացի երբ ոճրագործը կ՛ընդունի իր սխալը, կը ճանչնայ իր գործած ոճիրը եւ ներում կը հայցէ, ինչպէս նաեւ համաձայն կը գտնուի հայ ժողովուրդին հանդէպ իր նիւթական ու բարոյական պարտաւորութիւնները կատարելու, յատկապէս բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու:
Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ պիտի յիշենք, պիտի չներենք եւ անձնատուր պիտի չըլլանք:
Ո՛չ աշխարհին ժողովրդավարութիւնները, ո՛չ մարդկային իրաւունքներուն, կենսոլորտային հարցերու կամ միասեռականներու իրաւունքներուն կամ այլ հարցերու մասին խօսքերը արժէք կը ներկայացնեն. անոնք բոլորը դատարկ կարգախօսներու կը վերածուին, երբ ժողովուրդի մը ցեղասպանութեան մասին կը խօսինք: Այս տեսակի ժողովրդավարութիւնները սուտասանութիւններ են` հալածուած եւ իրաւազրկուած ժողովուրդներու իրաւունքներուն դիմաց: Այս բոլոր կարգախօսները սուտեր են, եթէ ոճրագործը պիտի չպատժուի: Այդ պատճառով ալ այլ ոճրագործ մը, Էրտողանի նմանակը, նացի Հիթլեր 1939-ին յանդգնեցաւ ըսելու հետեւեալը. «Ո՞վ կը յիշէ հայերը»: Այդ ոճրագործը յանդգնեցաւ, իսկ այսօր աշխարհի բոլոր ոճրագործները կը յանդգնին սպանդներ եւ ջարդեր գործադրել` Պաղեստինի, Սուրիոյ, Իրաքի, արաբական եւ այլ երկիրներու մէջ. որովհետեւ գլխաւոր ոճրագործը 20-րդ դարուն չպատժուեցաւ:
Մենք ժողովուրդ մըն ենք, որ կը յիշենք եւ պիտի չներենք, բացի եթէ Թուրքիա, որ Օսմանեան կայսրութեան այսօրուան ժառանգորդն է` ճանչնայ իր նախահայրերուն գործադրած ոճիրը: Թո՛ղ ճանչնայ, թո՛ղ ներում հայցէ եւ թո՛ղ հաստատէ, որ պատրաստ է հայութեան ամբողջական իրաւունքները հատուցելու: Այս պարագային միայն կը ներենք թերեւս, սակայն միշտ կը յիշենք:
Պիտի յիշենք, որպէսզի ոճիրները չկրկնուին:
Մենք Լիբանանի մէջ կը մոռնանք անցեալն ու պատմութիւնը, չենք համաձայնիր պատմութեան գիրքի մը շուրջ, չենք համաձայնիր որդեգրուելիք բառամթերքին շուրջ` ճշդելու համար, թէ ո՛վ է դաւաճանը, ո՛վ է ոճրագործը եւ ո՛վ է հերոսը: Սակայն մենք պէտք է համաձայնինք մէկ եզրի շուրջ, որն է. մարդը: Այն մարդը, որ արդարութեան եւ իրաւունքի չի հաւատար մարդ չէ:
Ես լիբանանցի եմ հայկական ծագումով, եւ հպարտ եմ իմ մարդկայնութեամբս»: