Հայ ժողովուրդին եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ընտանիքին համար Ապրիլ 24-ը պահանջատիրութեան եւ ուխտի վերանորոգման օր է: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը իր բոլոր միաւորներով մասնակցեցաւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման գլխաւոր հանդիսութիւններուն:
Ստորեւ, ժամանակագրական կարգով Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ի միջոցառումներուն արձագանգը:
Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ՀԵԸ-ի տարբեր մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամ-անդամնուհիներ, համակիրներ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի երէցներ, քարավելներ, սկաուտներ եւ արենուշներ, ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին գլխաւորութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն տողանցեցին դէպի Անթիլիասի մայրավանք:
Տպաւորիչ էր ՀԲԸՄ-ի,ՀԵԸ-ի, Հայաստանի եւ Լիբանանի դրօշներով հարիւրաւոր ՀԵԸ-ականներու շքերթը դէպի մայրավանք: Տողանցքի ընթացքին հնչեցին ազգային,հայրենասիրական նուագներ:
Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, ի շարս ազգային եւ պաշտօնական ներկայացուցիչներու,որոնց մէջ՝ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պատարագ:
Պատարագի աւարտին, մայրավանքի Նահատակաց Մատուռին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անունով՝ Վիգէն Չերչեան եւ Սիլվա Լիպարիտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ Յակոբ Ճըղլեան, Հայկ Եսայեան եւ Նշան Ղորղորեան, ՀԵԸ-ի Ասպետներու Համախմբումի՝ Արթուր Գունտաքճեան, Կերրի Ֆաթալ, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի կրթական Յանձնախումբի՝ Արտա Եանիկեան, Սինթիա Մենտիլեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց համախմբումի՝ Շողիկ Պաղտասարեան, Շողիկ Պերտոյեան ծաղկեպսակներ զետեղեցին Նահատակաց մատուռին առջեւ: Այս միջոցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբը կատարեց Շոփենի «Մահերգ»ը:
ԾԱՂԿԵՊՍԱԿՆԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
Նոյն օրը առաւօտեան, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Յակոբ Ճըղլեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի վարչութեան անդամ, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական վարչութեան ատենապետուհի Թալին Ինքնատիոսեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի երեցներէն եւ քառավելներէն բաղկացած ներկայացուցչական կազմ մը, Հայաստանի,Լիբանանի եւ Միութեան դրօշներով այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքը եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանին առջեւ:
ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
Կիրակի, 24 Ապրիլ 2002-ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, ատենադպիր՝ Յակոբ Թելվիզեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ տոքթ. Գրիգոր Սահակեան, պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի ատենապետ Նշան Ղորղորեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան մասնաճիւղի սկաուտական ներկայացուցչական կազմը, ՀԵԸ- Անդրանիկ փողերախումբը գլխաւորութեամբ եղբ. Ռաֆֆի Գոզեանին, մեծ թիւով միութենակններու ընկերակցութեամբ այցելեցին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան:
Պատրիարքարանի մուտքին անոնց դիմաւորեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի օգնական արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը: Յանուն Կաթողիկէ պատրիարքութեան տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀՍԿՈՒՄ
Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ին, լիբանանահայ ինը երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները որոնց մէջ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի երիտասարկան-ուսանողական վարչութիւնը, ատենապետ Սեւակ Հաճեքեանի գլխաւորութեամբ, հսկումի երեկոյ մը կազմակերպեցին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Հոծ բազմութեան եւ ազգային դէմքերու ներկայութեան, որոնց մէջ՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան,գործադրուեցաւ օրուան խորհուրդին պատշաճ յայտագիր:Հսկումին մասնակեցաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբը:
ԶԱՀԼԷ- ՋԱՀԵՐԹ ԵՒ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿԻ ԶԵՏԵՂՈՒՄ
Զահլէի մէջ, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Զահլէի ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի տեղական վարչութիւն, ՀԲԸՄ-ի տիկնանց յանձնախումբի վարչականներ եւ միութենականներ ՀԲԸՄ-ի Զահլէի Ալեք Մանուկեան կեդրոնէն ջահերթ մը կազմակերպեցին դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր նահատակներու յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին առջեւ: Այս առիթով Էլի Փօլատեան ասմունքեց: