ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Չէ պատահած, գէթ իմ պարագայիս, գիրք մը ընթերցելէ ետք հոգեմտային ահաւոր ճնշումի մը յանձնուիս պարզապէս այն պատճառով, որ այնքան սիրես տուեալ հատորին պարփակած գրաւչութիւնն ու գիտականութիւնը եւ հաղորդուիս անոր հետ:
Միւս կողմէ, կրնայ ըսուիլ նաեւ, որ օշականեան գրականութիւնը միթէ նման հոգեսոյզ վիճակներու չէ՞ մատնած երբեւէ ոեւէ խոհուն ընթերցողի, որ այլապէս կը համարձակի բանալ անկրկնելի գրող ու քննադատ Յակոբ Օշականի գրիչին ու մտքին արգասիքը հանդիսացող ծով գրականութիւնը: Խօսքը բաղդատականութեան մասին չէ այնքան, որքան տուեալ նիւթի արծարծման բազմակողմանիութեան:
Ի դէպ, վերեւ յիշուած գրաւչութիւնը առաջին հերթին կը վերաբերի հատորի տիպարին, այս պարագային` եզակի մատենագիր Ս. Ներսէս Լամբրոնացիին ու անոր յիշատակելի կենսագրութեան, եւ երկրորդ` հեղինակին` դոկտ. հայր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեանին, որուն հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու պատկառանքը ալ աւելի խորացաւ շնորհիւ անոր կրօնականի կոչումին, ակադեմականի կրթութեան, ժիր ու եռանդուն խառնուածքին, հայ գիր ու գրականութեան ծառայութեան եւ գրական բեղուն հանգանակին:
Իրօք, գրական պատկառելի վաստակ մը, որով կրնայ հպարտանալ թէ՛ մեր սիրելի վարդապետը, եւ թէ՛ ազգը համակ: Այլապէս ինչպէս կարելի է մտահան ընել անոր գրիչին պատկանող ցարդ հրատարակուած 70 հատորի գոյութիւնը: Հատորներ, որոնք յագեցած են աստուածաբանական, կրօնագիտական, մատենագրական, բանասիրական ու ազգային շունչով եւ գեղարուեստական ընկալումներով:
Ընկալումներ, որոնց մասին հարկ է անդրադառնալ, ընդգծել եւ արժեւորել:
Յայտնեմ, որ նախքան հատորի ընթերցումը, պատահաբար, գրադարանէս հանած էի Յակոբ Օշականի «Մեր մատենագիրները», յարաբերաբար փոքր ծաւալով գիրքը եւ արդէն սկսած էի կարդալ: Եւ ահա, պատուհան մը կը բացուէր դիմացս, ի տես Օշականի վերլուծութեան` Ներսէս Լամբրոնացիի մասին:
Ըստ երեւոյթին, տարօրինակ զուգադիպութիւն մըն էր, երբ արդէն սկսայ «աչք մը նետել», թերթատել վարդապետին մակագրած հատորը: Զիս զարմացնողը եւ մղիչ ուժը հանդիսացաւ գիրքը կարդալու, վարդապետին վճիտ ու հաստատակամ նախադասութիւնը, հատորի առաջին էջին իսկ, ուր կ՛ըսէ,- Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի հայազգի ի՛մ ամենասիրայարգ ու մեծատառ սուրբս է գերազանցօրէն: Արդ, մտովին ըսի, որ այս ի՜նչ շռայլ ու «յաւակնոտ» մտածում մըն է ըստ ամենայնի:
Անկեղծ ըսած, այդքան ալ վերահասու չէի այս եզակի մատենագիրի կեանքին ու գործունէութեան: Աւելի՛ն. Յակոբ Օշականի եւ Մեսրոպ Հայունիի գիրքերը փոխանցեցին այնքան մանրամասնութիւն եւ վերլուծական էջեր, որոնք նպաստեցին ընկալելու այս մատենագիր սուրբին էութիւնը, առանձնայատկութիւնը, տիպարը:
Պահ մը, օշականեան վերլուծութիւնը մեր մտքին մէջ տպաւորելէ ետք, սկսանք կարդալ վարդապետին այս հատորը: Որքան խորացում ընթերցման մէջ, այնքան պատեհութիւն կը ստեղծուէր` գիտական ու բանասիրական ճանաչողութիւն ամբարելու Ներսէս Լամբրոնացիի մասին: Փաստօրէն, պատկառելի հատորը. աւելի քան 450 էջ, յագեցած էր այնպիսի տեղեկութեամբ, վերլուծական եւ խորազնին էջերով, որ ընթերցողի ներաշխարհն ու իմացական դաշտը կ՛ողողէր պատմաբանասիրական, աղբիւրագիտական եւ մատենագրական տուեալներով:
Կարծես չէր բաւեր Ներսէս Լամբրոնացիի կենսագիրին` Սկեւռացիի (աշակերտ) խօսքն ու վկայութիւնը, ահա, մեր վարդապետը` Մեսրոպ Հայունի, լոյսին կը բերէր Հ. Ղ. Ալիշանի, Հ. Ն. Ակինեանի, Մ. Աբեղեանի, Հ. Աճառեանի, Յ. Օշականի, Գ. Անանեանի, Թ. Տասնապետեանի եւ հոյլ մը նուիրեալ մտաւորականներու գիտական խօսքն ու վաւերական ընդգծումները: Աւելի՛ն. հատորին ամբողջ լայնքին կը տողանցէին օտար հեղինակներու պայծառ մտածումները:
Ահաւասի՛կ հատորին գրաւչութիւնն ու, այսպէս ըսած, «ծանրութիւն»-ը, որ, եթէ մէկ կողմէ հրճուանք կը պատճառէ գրասէրին, միւս կողմէ իր գլանին տակ կ՛առնէ զայն, այլապէս ճնշելով ընթերցողի ներաշխարհը եւ գիտականութեամբ օժտելու անոր միտքը:
Յետ ընթերցման, ինծի թուեցաւ, որ Մեսրոպ Հայունի իր այս հատորով «մենամարտի» է ելած այն բոլոր հեղինակութիւններու դէմ (ներառեալ` Յ. Օշականի), որոնք արժեւորելէ ետք Ս. Ներսէս Լամբրոնացին, անոնք, ըստ էութեան, խորասոյզ եւ բազմածաւալ տարողութեամբ չեն ճանչցած զայն, իբրեւ եզակի նկարագրի տէր հայ անհատի, ազգային-պետական գործիչի, պայծառամիտ արքեպիսկոպոսի, կուռ մտքի տէր ատենաբանի, հաւատամքով լուսաշող քարոզիչի, հմուտ մատենագիրի, բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած թարգմանիչի, խոհուն քերթողի, անսահման ծառայութեամբ յատկանշեալ հոգեւորականի, բարեկարգիչի եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան ջերմ պաշտպանողի:
Վերեւ յիշուած գիրքի «ծանրութիւն»-ը կը յատկանշուի նաեւ անով, որ գրաբար եւ օտար լեզուով աղբիւրագիտական էջերը առատօրէն կը տողանցեն ամբողջ գիրքի տարածքին, եւ այս բոլորը` յանուն ճշմարտութեան եւ իրաւ խօսքի:
Իսկ ո՞վ էր այս ինքնուրոյն տիպարը` Ս. Ներսէս Լամբրոնացին: Իշխանական տոհմի զաւակ (Լամբրոնի Օշին իշխան), որ փոքր տարիքէն իսկ ցուցաբերած է լուրջ եւ խոհուն կեանք մը վարելու ունակութիւն: Սիրած է առանձնութիւնը, ուսումը, հոգեւոր կեանքն ու ծառայութիւնը: Հազիւ երիտասարդ, արդէն վայելած է բոլորին յարգանքը` իբրեւ գերազանց իմացականութեան տէր հոգեւորական, տեսլական ու երազ ունեցող անհատ, բայց մանաւանդ` գիտութեամբ յափշտակուած հայորդի:
Ան ստացած էր Ներսէս Շնորհալիի անմիջական կրթութիւնը, ըլլալով անոր ազգականը: 6-7 լեզուներու տիրապետած Ներսէս Լամբրոնացի, ըլլալով Տարսոնի արքեպիսկոպոս, կոչուած էր իր ժողովուրդին ծառայութեան: Փաստօրէն, իր իշխան հօրմէ ժառանգած հարստութիւնը (300.000 ոսկի) բաշխած էր ժողովրդական խաւերու` կառուցելով եկեղեցիներ, օժանդակելով աղքատներու, հիւանդներու եւ որբերու:
Կիլիկեան ժամանակաշրջանի, Լեւոն թագաւորի աջակիցը եղած է շրջան մը: Ան վարած է պետական աշխատանք եւ գրաւած օտար ղեկավարներու ուշադրութիւնը: Հոգեւորականի իր հմտութիւնը ցոյց տուած է աստուածաբանական ժողովներու ընթացքին, երբ խօսած ու ատենաբանած է քրիստոնէաշունչ ոգիով եւ հաւատամքի հզօրութեամբ: Ջատագով է եղած քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան: Անպակաս են եղած անոր եռանդը, աշխուժ կեանք վարելու պատրաստակամութիւնը, կիրքը` հետապնդելու իր տեսլականը, բարձրաձայն ըսելու եւ պաշտպանելու ողջ համոզումները:
Վիճաբանութեան ատեն եղած է բուռն, հաստատակամ եւ անզիջող: Իբրեւ արքունական պալատի գործիչ` յատկանշուած է իր ազդու եւ գրաւիչ ներկայութեամբ: Երեսուն տարիներու աշխատանքն ու գրական վաստակը ապացոյց են անոր հանճարեղ կազմաւորումին եւ իմացականութեան:
Իր կարգին, իբրեւ լայնամիտ եւ պայծառ մտածողութեամբ յագեցած հոգեւոր անձնաւորութիւն, չէ հասկցուած իր շրջապատէն, նաեւ արքունի պալատականներէ: Թիրախ դարձած է զրպարտութիւններու եւ բամբասանքի, հալածանքի եւ մերժումի, պարզապէս որովհետեւ անոր յառաջադէմ, բարեկարգչական ու յեղափոխաշունչ մտածումները չէին ընկալուեր հայ իրականութեան կողմէ:
Ներսէս Լամբրոնացի կը մահանայ 46 տարեկանին, յետ սպառումի եւ անձնդիր ապրելակերպի:
Ինծի կը թուի, թէ այս հատորը Մեսրոպ Հայունիի գլուխ գործոցն է: Խօսքը չի միտիր ստորագնահատել վարդապետին անգնահատելի վաստակը, այլ ըսել կ՛ուզուի` որ Մեսրոպ Հայունի իր հոգեւորականի, ակադեմականի, գրողի, գրադատի եւ հայաբորբ զգացումներու ընտիր էատարրերը շաղախած է այս հատորին` ցոյց տալով իր մխիթարեանական հաւատամքին վճիտ պահուածքը, ըմբռնումներն ու հաւատքը: Փաստօրէն, հեղինակը ինք կը խոստովանի, որ «անձնականն ու գիտականը միախառնուած են իրարու», անշուշտ, առանց զիջելու մէկը միւսին:
Մեսրոպ Հայունի աւելի քան տասը գլուխներու եւ ենթաբաժանումներու տակ կրցած է հատորի մը ծածկին տակ լոյսին բերել այնքան նիւթ եւ մատենագրական տուեալներ, որ, մարդ կը շշմի ի տես աղբիւրագիտական այլազան ցանկերու:
Գիտական յափշտակութեամբ գրուած հատորը կը զգենու մխիթարեանական դարաւոր շունչի եւ գրականագիտական մօտեցումներու պերճանք մը: Վարդապետին գրաբարի եւ օտար լեզուներու հմտութիւնը, արեւմտահայերէնի լեզուական նրբութիւններու իմացումը, հայ գրականութեան անդաստանին քաջատեղեակ ըլլալը, զինք մղած են վերապրեցնելու այնպիսի բառեր, ինչպէս` ժիրաժիր, հաշտ, հոգեկցորդ, բոսորափայլ, րոպէաբուխ եւ այլն, որոնք հայոց բառագիտութեան փառքը կը հիւսեն:
Հեղինակի լեզուն վճիտ է, թէեւ պարզութեամբ յագեցած, բայց գերազանցապէս ակադեմական է, որ յաւելեալ փայլք մը ապահոված է հատորին: Յատկանշական է կէտադրական օրէնքի բիւրեղ օգտագործումը, որ գեղեցիկ հաւասարակշռութիւն մը ապահոված է աշխատութեան: Գեղատիպ հատոր մըն է` (464 էջ), պատկերազարդ եւ բազմաբովանդակ: Խնամքով եւ բարեպաշտութեամբ պատրաստուած այս գիրքը, հայր Մեսրոպ Հայունի լոյսին բերած է զայն, իր առաքելավայրին` Այնճարի մէջ, 2021-ին, ուր երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէ եւ հոգեւորականի կոչումին ցոլքերը կը բաշխէ մեծահոգաբար:
Հայ միտքն ու հոգին հարստացնող այս հատորը` մեսրոպաշունչ ոգիին եւ հայագիտութեան պարծանք կը բերէ ապահովաբար: