Լէյլաւանի Մէջ Նախընտրական
Ժողովրդային Հաւաք-Ընթրիք
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, կիրակի, 1 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ` Լէյլաւանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Միասի՛ն, երէկ, այսօր, մի՛շտ» կարգախօսը կրող ժողովրդային հաւաք-ընթրիքը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխանական թեկնածուներուն եւ Լէյլաւանի, Ֆանարի, Ռումիէի, Պաուշրիէի եւ շրջակայ շրջաններու հարիւրաւոր հայորդիներու:
ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած հայորդիներու վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, հաւաքը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Թաթուլ Գարտանաքեան, որ նշեց, թէ ընտրութիւններու կարգախօսը լոկ լոզունգ չէ, այլ` ապրելու ընթացք, համոզմունք եւ իրականութիւն: Գարտանաքեան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը աշխատանքով եւ հաւատքով իր ծառայութիւնը մատուցեց, մինչ ուրիշներ խօսքերով եւ զրպարտութիւններով կը փորձեն իրականութիւնը խեղաթիւրել եւ քուէ «հաւաքել»:
Ապա ներկաները դիտեցին ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի անցնող երեք տարիներու գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան: Ան ըսաւ, թէ լիբանանահայ քուէարկողները պէտք է որոշեն, թէ որո՞ւ պէտք է քուէարկեն. մէկ օր «զօրակցութիւն» յայտնող անհատի՞ն, թէ՞ 365 օր ժողովուրդին կողքին կանգնած եւ ծառայած հաւաքական ուժին, ազգային կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան»:
Տէմիրճեան ըսաւ. «Մեր շրջանին մէջ անհատական թեկնածուները, տեղական նպատակներ հետապնդողները եւ վարպետներ ունեցողները տեղ չունին եւ պիտի չունենան: Լէյլաւանը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը եւ Դաշնակցութեան ու ազգային կառոյցներու զօրակցութիւնը, եւ մեր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի շրջանը պահէ իր դիմագիծը»:
Րաֆֆի Տէմիրճեան աւելցուց. «Մենք ոչ մէկ ատեն մէկու մը արգիլած ենք Լէյլաւան մուտք գործել, եւ հակառակը` ոչ մէկուն թելադրած ենք չերթալ այս կամ այն անհատին մօտ: Մենք, իբրեւ պատասխանատուներ, լուսաբանութիւններ կը փոխանցենք եւ ընտրութիւնը կը ձգենք ժողովուրդին, որովհետեւ կը վստահինք հայորդիներու դատողութեան, ատկէ անդին հոս ու հոն տեղադրուած գրութիւնները եւ խօսքերը լոկ բամբասանքներ են եւ ապատեղեկատուութիւն: Սակայն երբեք չենք արտօներ, որ Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած լէյլաւանցին եւ շրջանի կարիքաւոր հայորդիները դառնան այս կամ այն քաղաքական ուժին հաշուոյն շահագործման ենթականեր»:
Իր խօսքը եզրափակելով Տէմիրճեան ըսաւ. «Դուք անհատներու չէք քուէարկեր, այլ` ձեր քուէն Դաշնակցութեան նկատմամբ ձեր վստահութիւնը ամրապնդող քուէն է, եւ վստահ ենք, որ հաւաքաբար ձեր պարտականութիւնը պիտի կատարէք»:
Ապա, խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նշեց, թէ Քարանթինայի փայտաշէն-թիթեղաշէն բնակարաններուն շարունակականութիւնն է Լէյլաւանը, որ կառուցուեցաւ շնորհիւ հաւաքական ճիգի` Լէյլա Գարակէօզեանի նուիրատուութեան, Խորէն Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան եւ օրուան պատասխանատուներու հետեւողական աշխատանքներուն, որոնք ամբողջական լրումին հասան, երբ մօտիկ անցեալին Արամ Ա. կաթողիկոս չեղեալ նկատեց առկախ մնացած նիւթական պարտաւորութիւնները` նկատի առնելով երկրի ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ Դաշնակցութեան ճիգերով լիբանանահայութիւնը չքանդեց երկիրը, չսպաննեց մարդ, չկողոպտեց պետութեան դրամը եւ չտեղադրեց անցարգելներ, այլ` իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրաւ պահելու ներքին հաւասարակշռութիւնը, երկրին կայունութիւնը եւ որդեգրելու երկխօսութեամբ հարցերը լուծելու միակ եղանակը: Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը դրամով չի ծախուիր, եւ երբ մարդիկ անծանօթ եւ կասկածելի հաստատութիւններէ քանի մը տոպրակ բրինձ եւ կամ շաքար կը բերեն, որպէսզի հայորդիներու խիղճը գնեն, անոնք պէտք է յիշեն, որ համայն հայութիւնը, հաւատալով լիբանանահայութեան ուժին եւ համահայկական դերակատարութեան, սփիւռքէն Հայաստան եւ Արցախ ձեռք երկարեց եւ դժուարին պայմաններուն մէջ օժանդակեց գաղութին, որպէսզի վերականգնի եւ գոյատեւէ:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ իր պատմութեան մէջ միշտ ալ հալածուած է Դաշնակցութիւնը, այսօր ալ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի մէջ հալածանքի ճիգերը բացայայտ են, որովետեւ կուսակցութիւնը միակ կայուն եւ ամուր քաղաքական ուժն է, որ ունի ժողովրդային զօրակցութիւն եւ ծաւալուն կարելիութիւններ: «Դաշնակցութիւն հարուածելը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի հիմք` քանդելու մեր հաւաքական ուժը: Յանուն ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ գեղեցիկ կարգախօսներու շատեր կ՛ուզեն հակադրուող մթնոլորտ ստեղծել, սակայն այսպիսիները ընտրութիւններէն ետք պիտի կորսուին, մինչ Դաշնակցութիւնը անցեալին երկու կամ եօթը երեսփոխանով շարունակած է իր ծառայողական եւ ազգային աշխատանքները», նշեց Բագրատունի:
Բագրատունի ըսաւ, որ աշխատանքի բերումով 20 տարիներ անցուցած է Լէյլաւանի մէջ, եւ անցնող երկու տարիներուն պարբերաբար շրջանը կ՛այցելէ, որովհետեւ կապուածութիւն ունի Լէյլաւանին եւ ընդհանրապէս հայկական թաղամասերուն նկատմամբ, եւ կոմիտէին ճիգերով շրջանին մէջ անցնող երկու տարիներուն կատարուած աշխատանքները կու գան ապացուցելու, որ նուազագոյնը երկու շաբաթը անգամ մը մեր հաւաքական կամքի ամրապնդման աշխատանք կատարուած է, ծառայողական ծրագիր մը իրականացած է: Իր խօսքը եզրափակելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Մէկ օրուան համար ձեր ապագան, ձեր զաւակներուն ապագան, ձեր ժողովուրդին ապագան, ձեր հայրերուն-մայրերուն կտակը պէտք չէ ծախել: Հայը չի կրնար ապերախտ ըլլալ: Վստահ եմ, որ այս անգամ ալ պիտի անտեսէք նիւթական կաշառքները եւ խիղճով պիտի քուէարկէք»:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինէն ետք, երեկոն մինչեւ առաւօտեան ժամերը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով: Ազգային, յեղափոխական եւ ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցան Վիգէն Տիշչէքէնեան եւ Լարա Պոյամեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանին: