Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Համաշխարհային   Եկեղեցիներու խորհուրդի «Առաքելութիւն  եւ աւետարանչութիւն» բաժանմունքի յանձնախումբի   ժողովը Անթիլիասի մէջ

May 11, 2022
in Mobile Home, Զանազանք
0
Համաշխարհային   Եկեղեցիներու խորհուրդի «Առաքելութիւն  եւ աւետարանչութիւն» բաժանմունքի յանձնախումբի   ժողովը Անթիլիասի մէջ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին (Commission on World Mission and Evangelism) եւ համագործակցութեամբ Միջազգային Միսիոնարական Ժողովին (International Missionary Council), 2021-2022 տարեշրջանի ընթացքին շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն պիտի նշուի միսիոնարական համաժողովին 100 ամեակը՝ զանազան հանդիպումներու եւ գրական աշխատութիւններու միջոցաւ եւ անդրադարձ պիտի կատարուի անոր պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի տեսլականին մասին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, երկրորդ հանգրուանի աշխատանքային հանդիպումը կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Յիշեալ ծրագիրին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի անդամ Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեան։ Միջին Արեւելքի յանձնախումբը ունենալով տարբեր քրիստոնեայ ընտանիքներէն (Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական) ուսումնասիրողներ՝ քննարկեց նախորդ երկու ամսուան իր ուսումնասիրութիւններէն յառաջացած խնդիրներ, որոնք կը  պարզեն եկեղեցւոյ առաքելութեան ներկայ իրավիճակը:

Յանձնախումբը հանդիպեցաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ, Նորին Ս. Օծութիւնը յանձնախումբին ներկայացուց իր պատկերացումները՝ շեշտելով եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան առնչուած բոլոր մարզերը համապարփակ մօտեցումով քննելու կարեւորութիւնը։

Previous Post

What Ukraine’s block on Russian gas means for Europe

Next Post

Biden admin cancels massive oil and gas lease sale amid record-high gas prices

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.