Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները դարձան իրականութիւն:
Ընտրութիւնները կատարելու յանձնառութիւնը դարձաւ ճշմարտութիւն, եւ ընտրուեցաւ նոր խորհրդարան, որ դէմ յանդիման պիտի գտնուի բազում մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ բարեկարգումներ իրագործելու գրաւականին դիմաց:
Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ քուէակեդրոնները բացուեցան, եւ ամբողջ օրուան ընթացքին լիբանանցիները քուէարկեցին:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան ժամը 10:00-ին յայտարարեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը հասած է 41.04 առ հարիւրի:
Կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուին այսօր:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Հարեթ Հըրէյք, ուր ան կատարեց քաղաքացիական իր պարտականութիւնը:
Քուէարկելէ ետք նախագահ Աուն շեշտեց, որ քաղաքացիին պարտականութիւնն է քուէարկել` ընդգծելով, որ քաղաքացին չի կրնար չէզոք ըլլալ` երկրին վարչակարգը ընտրելու նման հիմնական եւ լուրջ հարցին դիմաց:
Նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ հետեւեցաւ իրեն հասած ապահովական տեղեկագիրներուն, որոնք կը վերաբերէին երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած ապահովական խախտումներուն:
Նշենք, որ Հարեթ Հըրէյքի մէջ քաղաքացի մը ձերբակալուեցաւ` նախագահ Աունը վարկաբեկելու յանցանքով:
Աւելցնենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքը այդքան ալ հեզասահ չէր` նկատի ունենալով, որ տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ արձանագրուեցան ապահովական հարցեր` քաղաքական տարբեր ուժերուն վստահուած անձերուն միջեւ:
Մընիէի մէջ տեղի ունեցած բախումի մը պատճառով արձանագրուեցան մեծ թիւով վիրաւորներ:
Ֆնայտեք-Աքքարի մէջ արձանագրուեցան բախումներ` տարբեր ուժերու վստահուած անձերուն միջեւ հարցերու պատճառով:
Թրիփոլիի Թալ քաղաքին մէջ արձանագրուած կռիւը աւարտեցաւ կրակոցով, որ սակայն հակակշիռի տակ առնուեցաւ բանակին կողմէ:
Զահլէի մէջ արձանագրուեցան բախումներ` Լիբանանեան ուժերու եւ Հըզպալլայի վստահուած անձերուն միջեւ:
Իսկ Հատաս-Պաալպեքի մէջ կռիւ արձանագրուեցաւ Լիբանանեան ուժերու եւ Ազգային ազատ հոսանքի վստահուած անձերուն միջեւ:
Հարաժելի մէջ քաղաքացի մը քուէարկելու իր հերթը սպասելու ընթացքին սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին այցելեց ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարը քուէակեդրոններու պատասխանատուներէն պահանջած է քուէարկողներուն առիթ տալ մուտք գործել քուէակեդրոններ, ինչպէս նաեւ կարելի եղած է տեղւոյն վրայ լուծել գումակային բոլոր հարցերը:
«Երեսփոխանական ընտրութիւնները բառին բուն իմաստով կատարուեցան, իսկ պետութիւնը իր պարտականութիւնը ամբողջական կերպով կատարեց: Բոլորը գրաւ դրին ամէն միջոցներով խանգարելու երեսփոխանական ընտրութիւնները, սակայն ընտրութիւնները կատարուեցան, եւ անկարելի էր կատարել այդ ընտրութիւնները` առանց կառավարութեան եւ հանրապետութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարներուն պնդումներուն», շեշտեց ան:
Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ ամէնէն արագ միջոցին երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններ եւ վարչապետի նշանակում կատարուի:
Միւս կողմէ, ան դիտել տուաւ, որ քուէակեդրոնները մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00 բաց պահելը ապօրինի է` ընդգծելով, որ պէտք է քուէակեդրոնները երեկոյեան ժամը 7:00-ին փակուին:
Վարչապետ Միքաթի երեկոյեան ժամը 8:30-ին այցելեց արդարութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրիի հետ:
Պէտք է աւելցնել, որ Միքաթի օրուան կիսուն այցելեց ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր ան կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները յարանուանական դիտանկիւնէ չդիտելու:
Միքաթի այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր ան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ հետեւեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններու ընթացքին:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ բանակայիններուն հաւատքն ու հզօր կամքը անոնց կորով կու տայ` շարունակելու իրենց վստահուած գործողութիւններն ու պարտաւորութիւնները, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը Լիբանանի համար նուաճում մըն էր` աւելցնելով, որ քուէահամարը որոշ դժուարութիւններու պատճառով դանդաղ ընթացք պիտի ունենայ, սակայն արդիւնքները պիտի ըլլան թափանցիկ:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ ընտրական այս երկար օրը բաւական գոհացուցիչ էր` նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր ծանր պայմանները:
«Բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կրցած ենք շրջանցել: Գետնի վրայ ունէինք 15 հազար վստահուած անձեր, եւ մտավախութիւններ կային, որ դատաւորներու տագնապ կրնայ գոյութիւն ունենալ, ինչպէս նաեւ կրնան ապահովական խախտումներ արձանագրուիլ: Սակայն մենք երեսփոխանական ընտրութիւնները իրականացուցինք` այնպէս ինչպէս խոստացած էինք քաղաքացիներուն», ըսաւ ան:
Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանանի տարածքին 90 հազար ոստիկաններ եւ զինուորականներ հսկեցին ընտրութիւններուն` աւելցնելով, որ իրենք կը մաղթէին, որ ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը աւելի բարձր ըլլայ, եւ քաղաքացիները յաւելեալ աշխուժութեամբ մասնակցին քուէարկութեան:
Ներքին գործոց նախարարը նշեց, որ արդիւնքի յայտարարութիւնը բարդ գործողութիւն է` ընդգծելով, որ նախարարութիւնը ամէն ճիգ ի գործ դրաւ հարցերը տեղւոյն վրայ լուծելու:
Տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքարի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը յաջողեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել, իսկ տեղեկատուութեան մարզը իր դերակատարութիւնը լիովին կատարեց` ճշմարտութիւնը իր լեղի ու քաղցր վիճակով ներկայացնելով բոլորին:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժողովրդավարական ըլլալու իրականութեան հսկող ԼԱՏԷ միութիւնը ներքին գործոց նախարարութենէն պահանջեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետեւող միջազգային դիտորդները ներկայ գտնուին քուէահամարի աշխատանքին:
Նոյն կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէահամարը կը կատարուի մութին` հակառակ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ կատարուած այն հաստատումին, թէ ելեկտրականութիւնը ապահովուած պիտի ըլլայ:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջան, (Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Սայֆի, Մուտաուար), 8 երեսփոխան, իսկ այդ 8 երեսփոխաններուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 6 ցանկերը. «Քուննա ուա ռահ նըպքա լիպէյրութ»` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցանկը, «Լուպնան Սիատա»` Անթուն Սահնաուիի եւ Նետիմ Ժեմայէլի ցանկը, «Պէյրութ նահնու լահա»` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկը, «Քատրին», «Պէյրութ մատինաթի» եւ «Լիուաթանի»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 հասաւ 28,50 առ հարիւրի:
Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան, 11 երեսփոխան, իսկ 11 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 10 ցանկերը. «Պէյրութ պատտա քալպ»` Ֆուատ Մախզումիի ցանկ, «Հայտի Պէյրութ»` Հըզպալլայի եւ Ահպաշի ցանկ, «Պէյրութ թուաժեհ»` Խալետ Քապպանիի ցանկ, «Ուիհտաթ Պէյրութ», «Լիպէյրութ», «Պէյրութ ալթաղյիր», «Լիթապքա Պէյրութ», «Քատրին», «Նաամ լիպէյրութ» եւ «Պէյրութ մատինաթի»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 հասաւ 38,33 առ հարիւրի:
Լեռնալիբանանի Ա. ընտրաշրջան (Քեսրուան, Ժպէյլ), 8 երեսփոխան, իսկ 8 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 7 ցանկերը. «Քըննա ու ռահ նըպքա»` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցանկ, «Քալպ լուպնան ալ մուսթաքըլ»` Ֆարիտ Հայքալ Խազենի ցանկ, «Մաաքում ֆինա լիլախար»` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկ, «Սարխեթ ուաթան»` Նաամաթ Աֆրամի ցանկ, «Ալ հուրիա քարար»` Մանսուր Պոնի եւ Ֆարես Սուէյտի ցանկ, «Քատրին» եւ «Նըհնա ալթաղյիր»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Ժիպէյլի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 հասաւ 55.40 առ հարիւրի, իսկ Քեսրուանի մէջ` 56.40. առ հարիւրի:
Լեռնալիբանանի Բ. ընտրաշրջան (Մեթն), 8 երեսփոխան, իսկ 8 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 6 ցանկերը. «Մաան աքուա»` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Միշել Մըրի ցանկ, «Քըննա ու ռահ նըպքա լիլմեթն»` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցանկ, «Մեթն էլ հուրրիա»` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկ, «Մեթն էլ թաղյիր»` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ցանկ, «Նահուա տաուլա» եւ «Մեթնիուն սիատիուն»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկեր:
Լեռնալիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը` երեկոյեան ժամը 10:00-ի դրութեամբ 42.70 առ հարիւր էր:
Լեռնալիբանանի Գ. ընտրաշրջան (Պաապտա), 6 երեսփոխան, իսկ 6 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 7 ցանկերը.
«Ուիֆաք ուաթանի»` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի ցանկ, «Պաապտա ալ սիյատա ուալ քարար»` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկ, «Պաապտա թանթաֆետ», «Պաապտա ալթաղյիր», «Մաան նասթաթիհ», «Նըհնա ալթաղյիր» եւ «Քատրին»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկեր:
Լեռնալիբանանի Գ. ընտրաշրջանին մէջ համեմատութիւնը հասաւ 43.44 առ հարիւրի:
Լեռնալիբանանի Դ. ընտրաշրջան (Շուֆ, Ալէյ), 13 երեսփոխան, իսկ 13 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 7 ցանկերը.
«Ալշարաքա ուալ իրատա»` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկ, «Ալ ժապալ»` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Թաուհիտ հոսանքի եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ցանկ, «Սաութաք Սաուրա», «Քատրին», «Թուահհատնա լիլթաղյիր», «Սիյատեթ ուաթան» եւ «Ալժապալ եանթաֆետ»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկեր:
Լեռնալիբանանի Դ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 45.80 առ հարիւրի:
Հիւսիսային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան (Աքքար), 7 երեսփոխան, իսկ այդ 7 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 8 ցանկերը. «Ուաֆա լիաքքար», «Իհթիտալ ուաթանի», «Աքքար», «Նահուա մուաթանա», «Աքքար թանթաֆետ», «Աքքար ալթաղյիր», «Նուհուտ լիաքքար» եւ «Աքքար աուալան» ցանկերը:
Հիւսիսային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասաւ 40,73 առ հարիւրի:
Հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջան (Թրիփոլի, Մընիէ, Տըննիէ), 11 երեսփոխան, իսկ այդ 11 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 11 ցանկերը. «Իրատա շաապիէ», «Ժումհուրիա սալիսա», «Թումուհ էլ շապապ», «Ինքազ ուաթան», «Լիլնաս», «Լուպնան լանա», «Ինթաֆետ լիլսիասա լիլատալա», «Ալթաղյիր ալ հաքիքի», «Ֆաժր էլ թաղյիր», «Իսթիքրար ինմա» եւ «Քատրին» ցանկերը:
Հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ համեմատութիւնը արձանագրուեցաւ հետեւեալ ձեւով. Մընիէ` 35.11 առ հարիւր, Տըննիէ` 35.80 առ հարիւր եւ Թրիփոլի` 28.22 առ հարիւր:
Հիւսիսային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան (Զղարթա, Պշարրէ, Պաթրուն, Քուրա), 10 երեսփոխան, իսկ այդ 10 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 7 ցանկերը. «Ռահ նըպքա հոն»` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցանկ, «Ուահտաթ ալ շամալ»` Մարատա կուսակցութեան ցանկը, «Նապատ ալ ժումհուրիա ալ քաուիյա»` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկ, «Շամալ ալ մուաժահա», «Քատրին նղայյեր», «Ուահի սաութաք» եւ «Շամալունա»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Հիւսիսային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւններն էին. Քուրա` 35.30 առ հարիւր, Պաթրուն` 47.12 առ հարիւր, Պշարրէ` 35.36 առ հարիւր եւ Զղարթա` 36.16 առ հարիւր:
Պեքաայի Ա. ընտրաշրջան (Զահլէ). ընտրուելիք երեսփոխաններուն թիւն է 7, իսկ այդ 7 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 8 ցանկերը. «Զահլէ Ռիսալէ»` ՀՅ Դաշնակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի ցանկը, «Զահլէ Սիատա»` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ցանկը, «Սիատիուն Մուսթաքիլլուն», «Զահլէ Թանթաֆետ», «Ալքաուլ ուալ Ֆըհըլ», «Ալ Թաղյիր», «Քատրին Նուաժեհ» եւ «Քըթլէ շաապիէ»` քաղաքացիական ընկերութեան տարբեր ցանկերը, Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ցանկը:
Պեքաայի Ա. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնն էր 43.2, մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00:
Պեքաայի Բ. ընտրաշրջան (Արեւմտեան Պեքաա, Ռաշայա), 6 երեսփոխան, իսկ այդ 6 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 6 ցանկերը. «Ղատ Աֆտալ»` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Իթթիհատ կուսակցութեան եւ Ամալ շարժումի ցանկը, «Քարար ուաթանի մուսթաքքըլ»` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ցանկ, «Պիքաաունա աուալան», «Սահլունա ուալ ժապալ», «Նահուա թաղյիր» եւ «Քատրին»` քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Պեքաայի Բ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնն է 34.20 առ հարիւր:
Պեքաայի Գ. ընտրաշրջան (Պաալպեք, Հերմել), 10 երեսփոխան, իսկ այդ 10 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 6 ցանկերը. «Մուսթաքիլլուն տըտ ֆասատ», «Ամալ ուալ ուաֆա», «Աշայէր ուա այիլեթ լիլինմա», «Քատրին», «Պինա տաուլա» եւ «Թալաֆ ալ թաղյիր» ցանկերը:
Պեքաայի Գ. ընտրաշրջանի համեմատութիւնն է 48.90 առ հարիւր:
Հարաւային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջան (Սայտա, Ժեզզին), 5 երեսփոխան, իսկ այդ 5 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 7 ցանկերը.
«Իհթիտալ քուաթնա», «Նանթախեպ լիլթաղյիր», «Նահնու ալ թաղյիր», «Ուըհտըթնա ֆի Սայտա ուա Ժեզզին», «Սաութ Թաղյիր», «Քատրին» եւ «Մահան լիսայտա ու Ժեզզին» ցանկերը:
Հարաւային Լիբանանի Ա. ընտրաշրջանի համեմատութիւններն էին. Ժեզզին` 44.90 առ հարիւր, իսկ Սայտա` 39.85 առ հարիւր:
Հարաւային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջան (Զահրանի, Սուր), 7 երեսփոխան, իսկ այդ 7 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 4 ցանկերը.
«Ամալ ու ուաֆա»` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի ցանկը, ինչպէս նաեւ «Տաուլա հատինա», «Մահան լիլթաղյիր» եւ «Քարար հըր» քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Հարաւային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ համեմատութիւնն էր. Սուրի մէջ` 39.97 առ հարիւր եւ Սայտայի մէջ` 44.77 առ հարիւր:
Հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջան (Նապաթիէ, Պընթ Ժպէյլ, Մերժահիուն, Հասպայա), 11 երեսփոխան, իսկ այդ 11 աթոռներուն համար այս ընտրաշրջանին մէջ արձանագրուեցան հետեւեալ 3 ցանկերը.
«Ամալ ու ուաֆա»` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի ցանկը, ինչպէս նաեւ «Տաուլա հատինա», «Մահան նահուա թաղյիր» եւ «Սաութ ժանուպ» քաղաքացիական ընկերութեան ցանկերը:
Հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանին մէջ քուէարկութեան համեմատութիւններն էին. Պընթ Ժպէյլ` 37.50 առ հարիւր, Մերժահիուն-Հասպայա` 37.34 առ հարիւր եւ Նապաթիէի մէջ` 50.95 առ հարիւր:
ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքի համակիրները Թարիք Ժտիտէի ճամբուն մէջ զետեղեցին հսկայ լողաւազան մը` ընդառաջելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որոշումին: