ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռումանիոյ մէջ ընթացած Եւրոպայի բազկամարտի հաշմանդամներու 24րդ ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը՝ տիրանալով 11 ոսկի, 5 արծաթ եւ 6 պրոնզ մետալներու՝ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման երկրորդ դիրքը՝ գերազանցելով Թուրքիան:
Հայաստանի հաշմանդամներու դաշնակցութեան նախագահ Սարգիս Ստեփանեան արձանագրուած արդիւնքը նկատեց գերգոհացուցիչ:
Նշենք, որ հաւաքականին մաս կազմող մարզիկներէն վեցը հաշմանդամ դարձած էին Արցախեան 44օրեայ պատերազմին:
Այս ախոյեանութեան Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմեցին 14 հայ մարզիկներ: