ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ս. Էջմիածինի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին` յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ 44օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Արցախի դիմաց ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն` շեշտելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ համազգային կառոյցները պէտք է զգօնութիւն դրսեւորեն, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չդառնայ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ, նոյնիսկ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք, առ այդ հրամայական կը նկատուի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Հայաստանի իշխանութիւնները եւ համազգային կառոյցները զգօնութիւն դրսեւորեն, որպէսզի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկման առարկայ չդառնայ։
Անոր մէջ կը շեշտուի, որ կարելի չէ խաղաղութիւն հաստատել ազգային արժանապատուութեան նուաստացման հաշուոյն, հայրենի պետութեան տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ չդադրող ոտնձգութիւններու, ռազմագերիներու առկայութեան, Ատրպէյճանի շարունակական սպառնալիքներու եւ հայատեացութեան քարոզչութեան պայմաններուն մէջ, այլ խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի արդարութեան, արժանապատուութեան եւ իրաւունքները յարգելու սկզբունքներու վրայ։
«Անկախ առկայ ճնշումներից եւ արտաքին սպառնալիքներից, առաւել եւս ներհասարակական բեւեռացուածութեան պայմաններում` ՀՀ եւ ԱՀ իշխանութիւնները հարկ է, որ չձեռնարկեն հայոց անկախ պետականութիւնը եւ Արցախի ապագան վտանգող քայլեր, չդրսեւորուի զիջողականութիւն ազգի հիմնարար իրաւունքների եւ պատմական արդարութեան հետապնդման յանձնառութեան մէջ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը, խիստ մտահոգուած ստեղծուած բարդագոյն իրավիճակով, հայրենիքի մէջ տեղ գտնող ներքաղաքական զարգացումներով եւ ապաւինելով Բարձրեալ Տիրոջ ողորմութեան եւ մեր ժողովուրդի իմաստութեան՝ կը յորդորէ․
– Առաջնային նկատելու ազգային եւ պետական շահը, գործել խիղճի մտօք եւ պատասխանատուութեամբ, հարցերու արժանապատիւ լուծումները փնտռել բացառապէս մեր համընդհանուր կամքի արտայայտութեան ու համախոհութեան մէջ,
– Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ամէն ջանք ի գործ դնելու` զօրացնելու մեր ազգային միաբանութիւնը` վերացնելով պառակտող հատուածականութիւնը, լծուելու հայրենիքի հզօրացման, միջազգային հարթակներու վրայ եւ ամէնուր հետեւողականօրէն բարձրաձայնելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման մասին, հետամուտ ըլլալու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման, պայքարելու յանուն մեր ինքնութեան ու հոգեւոր-ազգային արժէքներու պահպանութեան,
– Ներքաղաքական գործընթացներում մէւ, խաղաղ հաւաքներու, անկախ քաղաքական հայեացքներէն կամ պաշտօնական գործառոյթներէն, դրսեւորելու հանդուրժողականութիւն, օրինապահութիւն, յարգանք միմեանց իրաւունքներու նկատմամբ` բացառելով որեւէ տեսակի բռնութիւն, անհամաչափ ուժի կիրարկում, սադրանք եւ օրինախախտութիւն: Ատելութեան խօսքը, վիրաւորանքը եւ թշնամանքի հրահրումը երբեք բարիք չեն կրնար բերել:
Աւարտին, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ աշխարհասփիւռ ժողովուրդին` շարունակելու աջակից եւ սատար ըլլալ Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն եւ պատրաստակամ յանձնառութիւններով նպաստ ու ներդրում բերելու Արցախի Հանրապետութեան զօրացման, խաղաղ ու ապահով կեանքին: