Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Դպրեվանքը մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական կեդրոններու եւ դպրեվանքերու միութեան համագումարին

June 1, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Դպրեվանքը մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական կեդրոններու եւ դպրեվանքերու միութեան համագումարին

Կիրակի 22 եւ Երկուշաբթի 23 Մայիս 2022-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.) համագումարը, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեսուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:

Համագումարը սկիզբ առաւ ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իպրահիմ Իսհաք պատրիարքին ողջոյնի խօսքով: Սոյն հաւաքին նպատակն էր վերամշակել Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.ի ներքին օրէնքները, ընտրել նոր նախագահ եւ գործադիր քարտուղար, ինչպէս նաեւ ճշդել յառաջիկայ երեք տարիներու գործունէութիւնը: Ժողովի ընթացքին զանազան նիւթերու առընթեր յատուկ քննարկումի ենթարկուեցան բնապահպանման կարեւորութեան, միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան եւ համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յանուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին յիշեալ համագումարին մասնակցեցաւ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան:

Previous Post

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ

Next Post

Միշելը ԼՂ խնդրի հետ կապված բոլոր հարցերի կարգավորումը հնարավոր է համարում բոլոր շահագրգիռ կողմերի ներգրավմամբ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.