Հայկական դպրոցի իւրաքանչիւր վերամուտ արեւածագ մըն է հայ ազգին համար, որովհետեւ հայկական դպրոցը աղբիւրն է հայաշունչ կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Իսկ երբ վերամուտը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքինն է, ապա ատիկա կրկնապատիկ արեւագալ է, որովհետեւ դպրեվանք կոչուած մարդակերտումի բովէն անցնողն ու անոր տեսիլքէն կայծ մը առնողը տարբեր անձ կը դառնայ, իրաւացիօրէն կը վկայէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ցեղասպանութենէն վերապրելէ ետք, 90-րդ տարին ըլլալով, դպրեվանքը կը սկսի իր կրթական-ուսումնական տարեշրջանը Սրբոց Թարգմանչաց տօնը իբրեւ մեկնակէտ ունենալով: Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` ձեռամբ դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեանի, իսկ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:
Պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ հիմնականօրէն շեշտը դրաւ Թարգմանչաց սերունդին կենսական գործին վրայ եւ նշեց, որ Թարգմանչաց վարդապետաց առաքելութիւնը կը շարունակուի շնորհիւ հայաբոյր տաճարներուն` ըլլան անոնք մայր հողին վրայ թէ անկէ դուրս:
Պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի ուսումնական-կրթական 90-րդ տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, դպրեվանքի բարերարներու ու բարեկամներու եւ դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող հայորդիներու:
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ դպրեվանքի քայլերգով` կատարողութեամբ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին: Յայտագիրին սկիզբը բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ղազար սրկ. Քէօշկերեան: Ան ըսաւ, որ կոտորածներէ ազատած եւ օտարութեան մէջ գտնուած հայ ժողովուրդը կարիքը ունէր դարբնոցի մը, ուր ո՛չ միայն կրօնական դաստիարակութիւն պիտի ջամբուէր, այլ նաեւ ազգայինը միատեղ` պատրաստելու համար գլխագիր Հայ Մարդը: Անցնող տարիներուն, Դպրեվանքը իր առաքելութիւնը ծաւալեց` ազգին ընծայաբերելով հոգեմտաւոր արժէքներով լիցքաւորուած մարդուժի հսկայ փաղանգ մը:
Յաջորդեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, որուն ընթացքին Աւետարանէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ ներկաներուն հրամցուեցաւ Թարգմանչաց վարդապետներուն նուիրուած երգերու փունջ մը:
Այնուհետեւ, դպրեվանքի տեսուչ հայր սուրբը արտասանեց տեսչութեան խօսքը: Ան ըսաւ, որ դպրեվանքի նոր տարեշրջանի սկիզբը նոր կեանքի մը սկիզբին համազօր է, որովհետեւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ դպրեվանեցիներ կ՛անցընեն ամբողջ տարեշրջան մը, հետեւաբար պարզ դպրոցի մը բացումը չէ այս վերամուտը, այլ տունի եւ հնոցի վերամուտ է: Այս առիթով ան յայտնեց, որ 2019-2020 տարեշրջանին Դպրեվանքը պիտի նշէ իր 90-ամեակը զանազան ձեռնարկներու ընդմէջէն: Հայր սուրբը իր խօսքը եզրափակեց ուժ եւ կորով մաղթելով ուսուցչապետ վեհափառ հայրապետին եւ բարի ու յաջող աշխատանք` ուսուցչակազմին:
Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը: Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ դպրեվանքը ազգակերտ ու մարդակերտ առաքելութեան լծուած եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ու մեր պապերուն շունչով ապրող ու գործող սրբավայր մըն է: Ան ըսաւ, որ աստուածային գիտութեան լոյսով սնանող դպրեվանեցիներ կը պատրաստուին իբրեւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ իբրեւ ուսուցիչներ, տնօրէններ ու մտաւորականներ` ծառայելու մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց պարտք դնելով դպրեվանեցիներուն վրայ, որ իրենց կենցաղով հաղորդիչը դառնան այս առաքելութեան, եւ կոչումի գիտակցութեամբ ու համոզումով ստանձնեն իրենց վստահուած սուրբ գործը: Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ դպրեվանքին վրայէն:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով, որմէ ետք ներկաները ստացան վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: