Հայ բանտարկեալներու հարցը մաս կը կազմէ մարդկային իրաւանց պաշտպան Amnesty International միջազգային կազմակերպութեան կողմէ 29 Մարտին հրապարակուած տարեկան զեկոյցին Ատրպէյճանին վերաբերող հատուածին:
«Նոյեմբերին, ՄԱԿի Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու մարմինը (CESCR) կոչ ուղղած էր Ատրպէյճանին՝ արդիւնաւէտ կերպով հետաքննելու զինուած առճակատման ընթացքին արձանագրուած բոլոր խախտումները եւ ապահովելու, որ տուժողներուն մատչելի ըլլան իրաւական պաշտպանութեան միջոցները», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Զեկոյցին հեղինակները նաեւ կը նշեն, որ Եւրոպական խորհուրդը անցեալ Սեպտեմբերին «մտահոգութիւն յայտնած էր՝ տասնեակ բանտարկեալներ անմարդկային պայմաններու մէջ պահելու փաստին վերաբերեալ»:
«(Բանտարկեալները) կը դատուին արագընթաց կարգով՝ առանց արդար դատավարութեան ընթացակարգերու: Շուրջ 30 հայ բանտարկեալներու ճակատագիրը եւ անոնց գտնուած վայրերը անյայտ կը մնան, սակայն ենթադրութիւններ կան անոնց բռնի անհետացման եւ, հաւանական է, նոյնիսկ սպանութեան մասին», կ՛ըսուի զեկոյցին մէջ:
Amnesty International-ի փորձագէտները նաեւ կ՛անդրադառնան 2020ի պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք խոշտանգումներու ու այլ դաժան վերաբերմունքի նիւթին:
«Խոշտանգումներու եւ այլ դաժան վերաբերմունքի մասին բազմաթիւ հաղորդումներ եղած են: Կ՛ենթադրուէր, որ Ատրպէյճանի զինուժի ներկայացուցիչները խոշտանգած են հայ գերիները եւ այլ տեսակի դաժան վերաբերմունքի ենթարկած են զանոնք, սակայն նման հաղորդումներու արդիւնաւէտ հետաքննութիւն չէ կատարուած Պաքուի կողմէ», կը հաստատուի զեկոյցին մէջ: