Համահայկական համացանցային «ArmNet Awards 2012է մրցոյթին այս տարի կը մասնակցին 540 կայքեր, որոնց շարքին է նաեւ www.yerakouyn.com-ը։
Մինչդեռ նախորդ տարի մրցոյթին մասնակցած էին 569 կայք:
Հանրային կապերու պատասխանատու Լիլիթ Մարտիրոսեան Armenpress-ին յայտնած է, որ մասնակցութեան համար գրանցուած կայքերու թիւի 29-ով պակաս ըլլալը կը բխի մրցոյթի մէջ նոր ու աւելի խիստ կանոններու ներդրմամբ:
«Համահայկական ինտերնետային մրցանակաբաշխութեանը կարող են մասնակցել այն կայքերը, որոնք բաւարարում են մրցոյթի հետեւեալ կարեւոր պայմաններին. որպէս առաջին պայման կը ցանկանամ յատկանշել, որ մրցոյթին կարող են մասնակցել այն կայքերը, որոնք ստեղծուել են 2010-2012 թուականների ընթացքում կամ վերոյիշեալ ժամանակահատուածում ենթարկուել են նկատելի փոփոխութեան` տիզայնի, բովանդակութեան, կիրառուող տեխնոլոկիայի: Այնուհետեւ ինտերնետային կայքերը պէտք է բաւարարեն հետեւեալ պայմաններից մէկը, օրինակ, նախատեսուած են հայկական` Հայաստան կամ Սփիւռք, շուկայի համար, ներկայացնում են Հայաստանի, հայերի, հայկական Սփիւռքի մշակոյթը, պատմութիւնը, խնդիրները կամ ամբողջովին պատրաստուած են Հայաստանում գրանցուած ընկերութիւնների կ’ողմից՚,-մրցանակաբաշխութեան համար նախատեսուած նոր պայմանները ներկայացուց Լիլիթ Մարտիրոսեանը:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ժիւրիի ընտրութեան զուգահեռ Նոյեմբեր 22-էն պիտի մեկնարկէ SMS քուէարկութիւնը, որուն միջոցով բոլոր այցելուները հնարաւորութիւն կ’ունենան քուէարկելու իրենց նախընտրած կայքի օգտին:
«Քուէարկելու համար պէտք է հեռախօսահամարից ուղարկել SMS 1041 կարճ համարին` բովանդակութեան մասում նշելով նախընտրած մասնակից կայքի մասնակցութեան յատուկ համարը: Մէկ կայքի օգտին իւրաքանչիւր բաժանորդ կարող է քուէարկել միայն մէկ անգամ, սակայն նոյն բաժանորդը կարող է քուէարակել այնքան թուով կայքերի օգտին, որքան կը ցանկանայ: Քուէարկութեան արդիւնքում ամենաշատ ձայներ հաւաքած կայքը կը ճանաչուի «ժողովրդական ընտրութիւն՚ անուանակարգի յաղթող՚,-տեղեկացուց Լիլիթ Մարտիրոսեան:
SMS քուէարկութիւնը կ’աւարտի Դեկտեմբեր 8-ին, ժամը 18:00-ին: Նոյեմբեր 30-ին կը հրապարակուի ժիւրիի կողմէ ընտրուած յաւակնորդներու ցանկը իւրաքանչիւր անուանակարգի համար, բացառութեամբ` «ժողովրդական ընտրութիւն՚ անուանակարգի, իսկ մրցոյթի արդիւնքները կամփոփուին Դեկտեմբեր 8-ին կայանալիք մրցանակաբաշխութեան ժամանակ:
Մրցոյթի մրցանակներ պիտի տրուին ութ լաւագոյն մասնակիցներու հետեւեալ անուանակարգերով` «գլխաւոր մրցանակ՚, «Տիզայն եւ յարմարաւէտութիւն՚, «նորարարութիւն՚, «տեխնիկական կատարում՚, «բովանդակութիւն՚, «հասարակական ազդեցութիւն՚, «տարուայ յառաջընթաց՚, «ժողովրդական ընտրութիւն՚, Orange-ի կողմէ սահմանաւած մրցանակ` «լաւագոյն բջիջային հաւելուածի համար՚:
«ArmNet Awards2012՚ ամենամեայ նախաձեռնութիւններու շարքի կազմակերպիչներն են Maeutica ընկերութիւնը, Orange-ը եւ Հայաստանի ինտերնետ հանրութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը: