Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Coronavirus-ին՝ մեր մէջ տրուած անուններուն թիւը հասաւ…12-ի:
Մօտաւորապէս սապիսի բաշխումով մը.
***Հայաստան՝ կորոնավիրուս ու վե՛րջ….սկզբունքի հարց է, որքան ալ ըլլայ:
***Սփիւռք. մէկ կողմէ՝ ա) կէս հայերէն քորոնա ժահր, միւս կողմէ՝ բ) բոլորովին հայերէն բարդութիւններ:
Մեծմայրը կը հարցնէ թոռնիկին.
- Նշանածդ հա՞յ է:
- Կէս վա կէս,– կը պատասխանէ թոռնիկը:
- Նշանածդ կո՞յս է,– երկրորդ հարցը կու տայ մեծմայրիկը.
- Կէս վա կէս,– դա՛րձեալ կը պատասխանէ թոռնիկը:
Կէս վա կէսի սկզբունքով թարգմաննելէ ետք պսակաձեւ ժահրը, անդին նոյն սկզբունքով թարգմանած ենք ուրիշ մըն ալ…որ ստորեւ:
* * *
Այս անգլո-ամերիկեան բարդութիւնը, որ յապաւումն է «electronic mail» բառակապակցութեան, գտած է զանազան արտայայտութիւններ աշխարհի այլազան լեզուներուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի մէջ՝ սա՛ տարբերութեամբ, որ սփիւռքի մէջ ան ունի վեց անուն . զանց կ’ընեմ հայաստանեանը, որ էլ-փոստ է ու վե՛րջ՝ ծանօթ պատճառներով:
Հետեւեալ խայտաբղէտ տարբերակներով.
—ե-մակ
—ե-նամակ
—ի-մակ
—ի-նամակ
—ել-մակ
—ել-նամակ
Չէ՞ որ մեզ հայ են ասում…
Ասոնց բոլորին մայրն է հայերէն «ելեկտրոնային նամակ» բառակապակցութիւնը:
Ինչպէս կը նկատէք, աշխարհի լեզուները կը միտին ուղղագրական միաձեւութեան, իսկ մենք ամէն առիթ կ’օգտագործենք բազմաձեւութիւններ յառաջացնելու, թերեւս, այս պարագային, կեդրոնական իշխանութեան մը թելադրանքներուն բացակայութեան հետեւանքով, բացակայութիւն, որ զգալի է լեզուի բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Փորձենք տրամաբանել մեր անհատական միջոցներով՝ մեր ովսանն հիմնուելով հայերէնի արտասանութեան եւ ուղղագրութեան կանոններուն վրայ, որքան ալ համոզուած ըլլանք, թէ ո՛չ մէկ խիճ պիտի շարժի տեղէն՝ մեր գրողներու քարացած ուղեղներէն:
* * *
Ե-մակ ձեւը չի համապատասխաներ հայերէնի յապաւումներու սկզբունքին, քանի որ մինչեւ հիմա, մեր գրաւոր լեզուի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, չենք յապաւած որեւէ մէկ բառ՝ ջնջելով անոր առաջին կէսը, եւ պահելով անոր վերջին կէսը, որ մակ բաղադրիչն է նամակ-ին: Չկա՜՜՜յ, այդպիսի աղճատութիւն չկա՜՜՜յ: Ստրկային պատշաճեցումը, նմանակումն է այս անգլո-ամերիկերէնի mail-ին: Ուրեմն հայեցի նկարագիր չունի ան: Գալով անոր առաջին բաղադրիչին՝ ե-մակ, սա իր կարգին թերի, աւելի ճիշդը՝ անբաւարար է, քանի անպատշաճ է միայն մէ՛կ տառով ներկայացնել կամ յուշել բաւական երկար բառ մը՝ ելեկտրոնային: Յապաւում մը պէտք է քիչ մը թելադրական ու համաչափ ըլլայ բնորդին, այսինքն՝ իր տառերու քանակով ալ թելադրէ այն բառը, որուն ներկայացուցիչն է ինք: Առանձին ե տառը հայերէնի մէջ չունի այդ թելադրականութիւնը:
Ե-նամակ ձեւը իր նամակ բաղադրիչին շնորհիւ նուազ թերի է, քան նախորդը, սակայն թերի ըլլալէ չի դադրիր իր առաջին բաղադրիչին՝ ե-ին պատճառով, որուն ակնարկեցինք:
Ի-մակ ձեւը ամէն ինչով զուրկ է հայեցի նկարագիրէ: Սկիզբի ի բաղադրիչը արտասանական ոչ մէկ առնչութիւն ունի ելեկտրոնային-ին հետ, որուն ենթադրուած է յապաւումը ըլլալ ինք: Սա պարզ կապկումն է անգլո-ամերիկեան E-ի արտասանութեան, որ կապ չունի հայերէնի հետ եւ կը ծառայէ մեր լեզուն լծել օտարի կառքին:
Ի-նամակ ձեւը հարազատ է իր երկրորդ բաղադրիչով, սակայն մերժելի է առաջին բաղադրիչով՝ ըստ նախորդ պարբերութեան նկատողութեանս:
Ել-մակ ձեւը ընդունելի է իր առաջին բաղադրիչով՝ ել, որ բաւական յստակ եւ ընդունելի սահմաննաերու մէջ կը թելադրէ իր ներկայացուցած բաղադրիչը՝ ելեկտրոնային-ը, սակայն մերժելի է երկրորդով՝ մակ, ծանօթ պատճառներով:
Ել-նամակ ձեւը, ինչպէս ենթադրելի է, այս բոլորին մէջ ամէնէն ընդունելի յապաւումն է, քանի ան թէ՛ թելադրական է, թէ՛ հայեցի իր զոյգ բաղադրիչներով, որոնց բաւական յստակ անդրադարձանք մեր շարադրանքին մէջ: