Ժ. Չ.
Հետաքրքական զուգադիպութեամբ տեղի ունեցան Փարիզի մէջ՝ Digital Armenian (Թուային Հայերէն) միջազգային գիտաժողովը եւ Հայաստանի մէջ՝ WCIT (World Congres of Information Technologies) Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համաժողովը, երկուքն ալ՝ նոյնքան կենսական ու այժմէական: Առաջինը՝ կազմակերպուած Փարիզի համալսարանի Արեւելեան լեզուներու բաժանմունքին կողմէ, մասնակցութեամբ բազմաթիւ այլ համալսարանական եւ մասնագիտական կառոյցներու, որոնց հետաքրքրութեան առանցքը կը կազմէր հայերէնը, հայերէնով արտադրուած ժառանգութեան ուսումնասիրութիւնը, շրջանառութիւնը, պահպանումը եւ նոր սերունդներուն փոխանցումը: Հայագիտութիւնը կ՛ապրի նոր ժամանակաշրջան մը. թուային նորարարութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը կ՛ընձեռեն լեզուներ ուսումնասիրելու, թարգմանելու, յայտնաբերելու, բաղդատելու, ընթերցելու, դասաւանդելու, պահպանելու նոր գործիքներ, նոր ծրագիրներ եւ նոր միջոցներ, որոնք զարկ կու տան լեզուագիտութեան հանդէպ նոր հետաքրքրութիւններու: Այս դիտանկիւնէն՝ ԻՆԱԼՔՕի ծրագրած Digital Armenian գիտաժողովը ի մի բերած էր այս ասպարէզին մէջ երեսուն մասնգէտներ, որոնք ընդհանրական պատկեր մը կու տային ձեռքբերումներուն եւ յառաջընթացին:
Իսկ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային WCIT համաժողովը մեծագոյն հաւաքներէն է, որուն Հայաստանի մէջ կազմակերպումը ցոյց կու տայ երկրին քաղաքական հասունացումը եւ այս ոլորտին նկատմամբ յատուկ հետաքրքրութիւնը. մասնաւորապէս պատերազմի եւ շրջափակման մէջ գտնուող երկրի մը համար, երկինքը, անթել կապերը աշխարհի հետ անկաշկանդ հաղորդակցելու անսահման միջոցներ կ՛ընծայեն: Անկախութենէն ետք շուրջ քառորդ դար այս կալուածը անտեսուելէ ետք, 2016ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք սկսաւ արժանանալ պետութեան յատուկ ուշադրութեան: Սովետական Հայաստանը եղած է համակարգչային արհեստագիտութեան առաջատար երկիր, սակայն թալանի մշակոյթը այս մարզէն ներս մտաւոր ուժի արտագաղթի պատճառ դարձած է: Այսօր, իշխանութիւնները կը փորձեն վերահաստատել կորսուած ժառանգութիւնը, անցեալի փառքը:
Սփիւռքի ինքնութիւնը, գոյութիւնը պայմանաւորուած է յիշողութեամբ, որ կը յենի լեզուին վրայ եւ լծորդուած է՝ պատմութեամբ, մշակոյթով եւ ստեղծագործութեամբ: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը պայմանաւորուած է ինքնիշխանութեամբ, ազատ աշխարհի հետ ազատ շփումներ ունենալու, շրջափակումներէ եւ կախեալութիւններէ ձերբազատելու կարողութեամբ: Երկու պարագաներուն ալ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ եւ որ ինչպէս կ՛երեւի, երկար տարիներ անտեսուած էր, թերեւս ալ՝ խմորումի մէջ էր: Ներկայիս, պահը եկած է լրջօրէն հետապնդելու նորարարութեան ուղին: Եթէ Հայաստանի պարագային, յեղափոխական վարչապետը անդրադարձաւ անոր ռազմավարական նշանակութեան եւ տնտեսական յեղափոխութեան սրտին մէջ արձանագրեց արեհստագիտութեան յեղափոխութիւնը, Սփիւռքի մէջ տակաւին այս ոլորտը հեռու է քաղաքական շրջանակներու հետաքրքրութեան մտահորիզոնին մէջ յայտնուելէ: Գիտական, համալսարանական մակարդակի լուրջ աշխատանք կը տարուի սահմանափակ միջոցներով: Բարեբախտաբար «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը նեցուկ կը կանգնի եւ դրամաշնորհներով կը քաջալերէ հայերէն լեզուին առնչուած նախաձեռնութիւնները: Նոյնպէս ԱՄՆ-ու USC-ի (University of Southern California) Հայկական ամպիոնը, որ ինքնութենական եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր թափ տուող ծրագրերու հետապնդումով՝ իր նպաստը կը բերէ այս կալուածէն ներս գործող մարմիններուն եւ գիտնականներուն:
Սփիւռքահայ մասնագէտներ եւ ձեռնարկատէրեր մասնակից են WCIT-ին, սակայն բացակայ են սփիւռքահայ կառոյցները: Նոյնն է պարագան հայերէնի արհեստագիտական զարգացման, որ կը սպասէ քաղաքական շրջանակներու յատուկ ուշադրութեան, նոր սերունդներուն հասանելի դարձնելու համար հայկական մտաւոր ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ինքնութիւնը վերագտնելու եւ աշխարհին տարբեր ծայրամասերուն ապրող հայեր հաղորդակից դարձնելու, հայերէնով ստեղծագործելու առիթներ ընծայելու համար:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»