Չորեքշաբթի, 18 մայիս 2022-ին աշխատանքային այցելութեամբ մը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան ժամանեց France Education International-ի փորձագէտ պարոն Փիեռ-Իվ Ռու: Այցելութեան նպատակն էր Մեսրոպեանի տեսչա-կրթական անձնակազմին հետ արժեւորումը կատարել անցեալ մէկ տարուան ընթացքին LABEL FRANCEDUCATION-ի շրջանակին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, ծանօթանալ առկայ խնդիրերուն եւ աջակցութիւն ցուցաբերել հետագայ աշխատանքներուն ուղղութեամբ:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ Տեսչա-կրթական անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին, վարժարանի պատասխանատուները պարոն Փիեռ-Իվ Ռուին ծանօթացուցին LABEL FRANCEDUCATION –ի շրջանակին մէջ ձեռք բերուած արդիւնքները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին յառաջիկայ տարուան առաջնահերթութիւններն ու գործողութիւններու բազմամեայ ծրագիրին նախագիծը:
France Education International-ի աւագ փորձագէտը չպահեց իր հիացմունքը ի տես Մեսրոպեանի մէջ LABEL FRANCEDUCATION-ի որակի բարձրամակարդակ պահպանման: Ան անգամ մը եւս հաւաստիացուց, որ France Education International-ը ամրօրէն կը կանգնի այս վարժարանին կողքին՝ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը կայուն դարձնելու նպատակով:
Այս առիթով, պարոն Փիեռ-Իվ Ռու շրջայց մը կատարեց Մեսրոպեանի զանազան բաժանմունքներ եւ տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ անոնց գործունէութեան:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի