https://westernarmeniatv.com-Եւրոպական միութիւնը աչք կը փակ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող մշակութային ցեղասպանութեան վրայ։ Այս մասին Twitter-ի իր միկրոբլոգին մէջ գրած է Le Figaro-ի գլխաւոր խմբագրի տեղակալ Ժան Քրիստոֆ Պիւիսոնը։ ԵՄ երկիրներու կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ԵՈւՆԵՍԿՕ-ն չեն արձագանքած Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայկական ժառանգութեան դէմ իրականացուած մշակութային ցեղասպանութեանը, նշած է լրագրողը: Ան մէջբերած է ԵՄ ընդլայնման եւ հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով եւրայանձնակատար Օլիվեր Վարխէին, որը Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ ԵՄ-ն կ՛ողջունէ Ատրպէյճանի հետ էներգետիկ գործընկերութիւնը: Le Figaro-ի փոխղեկավարը նաեւ մատնանշած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական ժառանգութեան ծրագրուած ոչնչացումը՝ որպէս օրինակ բերելով Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարի յայտարարութիւնը․«Հայերու կողմէ ալբանական կրօնական տաճարներու վրայ կատարուած կեղծ գրութիւնները վերացնելու համար ստեղծուած է աշխատանքային խումբ, որոնք կը ճանչնան ալբանական պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը»։