ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Fitch Ratings» միջազգային վարկանշային գործակալութիւնը վերանայած է Հայաստանի վարկանիշը եւ զայն «կայուն»էն բարձրացուցած է «դրական»ի: Միաժամանակ Fitch-ը հաստատած է Հայաստանի վարկանիշը «B+» մակարդակի վրայ:
2014-2015 թուականներու տնտեսական ցնցումէն ետք Հայաստանի տնտեսութիւնը մտած է վերականգնման փուլ, որ պայմանաւորուած է արտածման կառուցուածքի մէջ ցուցանիշներու բարելաւումով, դրամական փոխանցումներու ծաւալներու վերականգնումով եւ յուսալի դրամավարկային քաղաքականութեամբ: