ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ նախընտրական շրջանին քաղաքական գործիչներու կողմէ ատելութեան եւ բռնութեան խօսքի կիրառման վերաբերեալ: Կազմակերպութիւնը այս մասին յայտարարութիւն մը տարածեց, անոր կցելով Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի յայտարարութիւնը, որուն մէջ վերջինս դատապարտած էր քաղաքական գործիչներու կողմէ բռնութեան եւ ատելութեան խօսքի կիրառումը եւ կոչ ըրած էր՝ զերծ մնալու նման հռետորաբանութիւններէ:
Freedom House-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդպիսի արտայայտութիւններ կը նպաստեն հասարակութեան բեւեռացման եւ ատելութեան խօսքի տարածման, այն պայմաններուն մէջ, ուր երկիրը կը ջանայ վերականգնիլ Արցախի պատերազմէն ետք եւ կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Բոլոր կուսակցութիւններուն կոչ կ՛ընենք՝ զերծ մնալու այդպիսի հռետորաբանութենէ եւ պահպանել ժողովրդավարական չափանիշները նախընտրական շրջանին ընթացքին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: