ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միջազգային իրաւապաշտպան Freedom House կազմակերպութիւնը Հինգշաբթի օր դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի կազամատակարարման շարունակուող խափանումը:
Կազմակերպութիւնը կը շեշտէ, որ Ատրպէյճան պէտք է կանխէ մարդկային ճգնաժամը՝ վերականգնելով կազի անխափան մատակարարումը Արցախի բնակչութեան համար, որ արդէն շաբաթներէ ի վեր կը տառապի առանց ջեռուցման եւ տաք ջուրի, ձմեռնային խիստ պայմաններու մէջ:
Աւելի կանուխ, նման յայտարարութիւն մը կատարեց նաեւ միջազգային հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ Human Rights Watch-ը, մինչ Եւրոպական Միութիւնը բաւարարուեցաւ մտահոգութիւն յայտնելուվ։
Յիշեցնենք, որ կազի մատակարարումը Արցախի տարածքին կասեցուեցաւ8 Մարտին, Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ գտնուող տատածքի մը մէջ «արկած»ի մը պատճառով։ Պաքու օրերով արտօնութիւն չտուաւ, որ կազատարին նորոգութեան աշխատանքները կատարուին եւ վերջապէս 18 Մարտին հաղորդուեցաւ, թէ կազատարը նորոգուած է, որմէ մէկ օր ետք կազամատակարարումը վերսկսաւ, սակայն անիկա դարձեալ կասեցուեցաւ 21 Մարտին, ատրպէյճանական կողմին միջամտութեամբ։