ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հինգշաբթի, 29 Մարտի առաւօտեան, ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած է Արցախի մէջ:
Մարտակերտի շրջանի Նոր Ղազանչի գիւղի հարեւանութեամբ գտնուող չէզոք գօտիին մէջ ականի վրայ պայթած է Halo Trust ականազերծող կազմակերպութեան պատկանող մեքենան, որուն իբրեւ հետեւանք զոհուած են 3 ականազերծող սակրաւորներ, եւս երկուքը վիրաւորուած են:
Ականի պայթիւնի հետեւանքով վիրաւորուած են 1987 թուականի ծնած Գարիկ Վահիրեանն ու 1974 թուականին ծնած Արամ Մկրտչեանը:
Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան Հանրապետական բժշկական կեդրոնէն կը տեղեկացնեն, որ Գարիկ Վահիրեանը վիրահատարան կը գտնուի, բժիշկները կը վիրահատեն անոր ոտքերը:
«Արամ Մկրտչեանն ալ կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ», տեղեկացուցած են հիւանդանոցէն:
Ղազանչի գիւղի հարեւանութեամբ ականի պայթումին վերաբերեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Halo Trust կազմակերպութիւնը: Յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ հակահրետանային ականի պայթում իբրեւ հետեւանք մահացած են կազմակերպութեան երեք աշխատակիցներ, իսկ երկուքը՝ վիրաւորուած: Աշխատակիցները կը գտնուէին ինքնաշարժի մէջ՝ իրականացնելով զննման աշխատանքներ: