ԼՈՆՏՈՆ.- Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը քննադատեց Ատրպէյճանէն յաւելեալ կազ գնելու նպատակով, Եւրոպական Միութեան գոյացուցած համաձայնութիւնը, կը գրէ «Կարտիըն» թերթը, յատկապէս, որովհետեւ եւրոպացի ղեկավարներ Պաքուն կը ներկայացնեն իբրեւ «կարեւոր եւ վստահելի» գործընկեր:
«Ալիեւ, որ իր իշխանութեան 19 տարիներուն ընթացքին ծանօթ է կեղծարարութիւններով եւ իրաւանց պաշտպան գործիչներու ու անկախ լրատուամիջոցներու վրայ ճնշումներով, ստորագրած փոխըմբռնման յուշագիրը անուանեց «ապագայի ճամբու քարտէս», կը գրէ թերթը:
Human Rights Watch-ը յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ ստորագրեր յուշագիրը, կամ պէտք է պահանջեր քաղաքական բարեփոխումներ, ներառեալ՝ բազմաթիւ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը խստօրէն սահմանափակող օրէնքներու բարեփոփոխութիւններ։
«Պաքու քարիւղը եւ կազը կը շահագործէ՝ լռեցնելու համար Եւրոպական Միութիւնը հիմնարար իրաւունքներու հարցերով», ըսաւ Human Rights Watch-ի Եւրոպական Միութեան հարցերու տնօրէնի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Տամ: