Թրքական Hurriyet Daily պարբերականը անդրադարձ կատարած է հայ գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանին` ներկայացնելով իբրեւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակոյթի վերածնունդի ներկայացուցիչի եւ «ֆեմինիզմի» ջատագովի, կը գրէ Artsakhpress-ը:
Եսայեան այն քիչ հայ մտաւորականներէն էր, որ կրցած է 1915 թուականի
Ապրիլ 24-ին խուսափիլ երիտթուրքերու ձերբակալութենէն եւ տարհանումէն: Սակայն 1933 թուականին տեղափոխուած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ալ 1935 թուականին տպագրուած է յայտնի «Սիլիհտարի պարտէզները» գիրքը: Գրողը դարձած է ստալինեան աքսորի զոհ. 1937-ին անոր ձերբակալած են լրտեսութեան մեղադրանքով: Մահացած է 1943-ին Պաքուի բանտին մէջ:
Panorama.amի փոխանցմամբ, պարբերականը կը նշէ, որ Եսայեանի աճող ֆեմինիզմը կը սրուէր համայնքի բթացող պահպանողականութեամբ:
«Այդ երիտասարդ կանայք միայնակ չէին կրնար դուրս գալ տունէն: Որոշները նոյնիսկ ստիպուած էին բռնի ամուսնանալ անոնց հետ, որուն կ’արհամարհէին: Անոնք չէին կրնար իրենց ուզածին պէս հագնիլ: Ըստ էութեան, անոնք զրկուած էին ամենատարրական իրաւունքներէն եւ կը վախնային, որ վաղ թէ ուշ պիտի կանգնին մայրութեան առաջ` ճակատագիր, որ անոնք ցանկացած են փախչիլ, որպէսզի ստեղծեն այն կեանքը, որ կը ցանկային»,- գրած է Զապէլ: