Շաբաթ 6 Յունիսին, Հայաստանի ժամանակացոյցով ժամը 11:00-ին, կը մեկնարկուի «Վերադարձ Հայաստան» (Ռիփէթ Արմենիա) «Imagine Armenia Lebanon» առցանց ֆորումը: Այս «Imagine Armenia» 20-րդ ֆորումն է, սակայն առաջին անգամ ըլլալով կ’ընթանայ այս ձեւաչափով: Աշխարհի ամենատարբեր կողմերէն եկած հայրենադարձները կը համախմբուին մէկ հարթակի տակ եւ երկու օր շարունակ հայրենադարձութիւնը կը դարձնեն ամէնէն շատ քննարկուող թեման:
Ֆորումը տեղի կ’ունենայ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մասնակցութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս կու գայ գլխաւոր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեան եւ կը ներկայացնէ ինչպէս հայրենադարձութեան, այնպէս ալ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան քանի մը արդիական դրոյթներ: Գլխաւոր յանձնակատարի բացման խօսքէն ետք, հաւաքը կ’ընթանայ թեմատիկ քննարկումներու ձեւաչափով՝ 30 զրուցավարներու մասնակցութեամբ: Զրուցավարները կը ներկայացնեն հայրենադարձութեան գործընթացն ու մարտահրաւէրները, հնարաւորութիւններն ու արդէն անոնց անձնական եւ մասնագիտական փորձառութիւնները:
Մասնաւորապէս, առաջին օրուան ընթացքին, մինչեւ ժամը 16:00, ֆորումին մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան հետեւելու «Հայրենադարձութեան մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւնները», «Հայրենադարձութեան համար անհրաժեշտ պիւտճէաւորումը», «Անձնական գոյքի տեղափոխումը եւ կարգավիճակի ձեռքբերումը Հայաստանի մէջ» քննարկումներուն:
Երկրորդ օրուան ընթացքին, Հայաստանի ժամանակացոյցով ժամը 11:00-էն 18:00, կ’ընթանան «Անշարժ գոյքը Հայաստանի մէջ», «Կրթութիւնը Հայաստանի մէջ», «Առողջապահութիւնը Հայաստանի մէջ», «Ի՞նչ կարելի է եւ կարելի չէ Հայաստանի մէջ» թեմատիկ նիստերը:
***
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէջ ռազմավարութիւններու մշակման եւ իրականացման հիմնական պատասխանատու մարմինն է: Մեր գործունէութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ծանօթանալու համար կրնաք հետեւիլ @DiasporaHighCommissionerOfficeArmenia համացանցի կայքէջը կամ պարզապէս կապ հաստատել մեզի հետ [email protected] ե-նամակով: