Երբ պիտի խօսինք կամ գրենք մեր համայնքի հետաքրքրական անձերէն Ստեփան Փարթամեանին մասին, պէտք չէ խուսափինք գործածելէ «ինքնատիպ», «անսովոր», «իւրայատուկ», «տարօրինակ» եւ նման ածականներ, որովհետեւ, նախ ինք գոհ կը մնայ եւ ապա իսկապէս այս բառերը կը բնութագրեն իր անձն ու գործը՝ թէ՛ որպէս արուեստի գործիչ, թէ՛ հեռատեսիլի հաղորդավար եւ թէ՛ մանաւանդ որպէս պրպտող:
Ապացո՞յց. իր երկու գիրքերը՝ նուիրուած ամերիկահայութեան պատմութեան ու ներկայացման: Արդարեւ, 2009ին Ստեփան Փարթամեանին հրատարակած «Yes, we have»-էն, եւ հայերէն տարբերակ «Այո՛, մենք ենք»էն ետք լոյս տեսած «The Armenian In America»-ը (2012, Glendale), պարզապէս կը վկայեն իր սկսած ու տակաւին շարունակելիք գործին եզակիութեան, բայց յատկապէս պրպտումներուն մէջ իր ցուցաբերած մոլեռանդութեան մասին: Հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ մեր տեսած Ստեփանը այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ:
Եթէ Փարթամեանին նախորդ երկու հատորները նուիրուած էին ԱՄՆի գիտութեան, արդիւնաբերութեան, բժշկութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ հայ մարդոց արձանագրած նորարարութիւններուն եւ գիւտերուն, ապա վերջին հատորին մէջ հեղինակը մոլեռանդ հաւատացեալ-ուխտաւորի մը նման, 45 նահանգներ շրջելով ընտրած է վայրեր, արձանագրութիւններ ու ցուցանակներ, որոնք կը վկայեն այս երկրին մէջ հայութեան ստեղծագործ ներկայութեան մասին: Այսպէս՝ պատկերազարդ հատորին 172 էջերուն տարածքին կը հանդիպինք հայկական անուններ կրող փողոցներու, պողոտաներու, եկեղեցիներու, ցուցանկարներու, դպրոցներու, որմազդերու, նպարատուներու եւ այլ զանազան ու զարմանազան հայկական առնչութիւններու:
Ահաւասիկ բծախնդիր աշխատանք մը, որուն նմանը «շուկայ» իջեցնելու եւ գումարներ դիզելու համար ամերիկեան հիմնարկներ տասնեակներով մասնագէտներ կ՛աշխատցնեն ու կը յատկացնեն վիթխարի միջոցներ: Մեր տրամադրութեան տակ դրուած «The Armenian In America»-ը ՄԷԿ հոգիի գործ է: Կը դիտեմ ու կ՛ուսումնասիրեմ նկարները եւ աչքիս առջեւ կը պատկերուի Ստեփանը իր իւրայատուկ մօրուքով (յաճախ հայկական եռագոյնով) ու փայլուն գլուխով եւ վիզէն կախուած լուսանկարչական թուային գործիքով (digital camera), փութով կ՛իջնէ իր ինքնաշարժէն եւ կը շտապէ դէպի Ցեղասպանութեան հերթական խաչքար-յուշարձանը ու կը սկսի չխկացնել գործիքը:
Առասպելական աշխատանք կատարած է Փարթամեան անկասկած, որուն համար ոչինչ խնայած թէ՛ որպէս ժամանակ եւ թէ որպէս նիւթական, այն ակնկալութեամբ, որ աշխարհը իմանայ, թէ իր ժողովուրդը ո՛չ միայն գիւտարարներ տուած է, այլեւ շէնցուցած է այս երկիրը իր մշակոյթին բնորոշ կառոյցներով: Չի կարելի չհամաձայնիլ հեղինակին խօսքին հետ, զոր կը մէջբերեմ ներածականէն.
«Արդեօք մեր փառաբանուած քրիստոնէական ժառանգէն ու Եղեռնէն բացի ոչի՞նչ «տուած ենք» աշխարհին: Նոյնքան կարեւորաբար, արդեօք տրամաբանակա՞ն է, որ անտեսենք հայ անհատներու կողմէ մարդկութեան բերուած բացառիկ, յաճախ պատմութիւն կերտող նպաստները եւ ձախողինք քաջալերել տաղանդաւոր հայերու յաջորդ սերունդը՝ իր ստեղծագործական փորձերուն մէջ»: «The Armenian In America»-ի հրատարակութեան մէջ իր ճաշակն ու ներդրումը ունի նաեւ խոհուն մտաւորական Իշխան Ճինպաշեան, որպէս հատորի խմբագիր: Ստեփան Փարթամեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է «Ապրիլ» գրատան եւ անոր հանգուցեալ անխոնջ տնօրէնին՝ շատ սիրելի Յարութ Երէցեանին ձօնելով սոյն հատորը:
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ