ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Հաւաքականութիւններու գոյութենական պահպանումը, արդիւնաւէտութիւնն ու յառաջընթացը կ՛երաշխաւորուին անոնց բաղադրիչ տարրերու պարզած առողջ կենսակերպով եւ գործունէութեան բեղուն կարգավիճակով: Այսպէս, հաւաքական կեանքը կազմող եւ զայն հունաւորող անհատներ, կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ պէտք է օժտուած ըլլան կենսունակութիւն արտացոլացնող նախապայմաններով, որպէսզի կարենան ունենալ հեզասահ կեանք եւ առողջ գոյավիճակ. այս ձեւով է, որ այն ընկերութիւնը, որուն կը պատկանին իրենք, կ՛ամրապնդուի եւ կը զարգանայ: Միւս կողմէ` առողջ նկատուող ընկերութիւն մը, իր կարգին, պատասխանատուութիւնը ունի ապահովելու իր անդամներուն ֆիզիքական, մշակութային եւ հոգե-ընկերային բարօրութիւնը: Որակաւոր կրթութեան, ապահով բնակութեան պայմաններու, սնունդի եւ բժշկական կարիքներու ապահովման առընթեր, անհրաժեշտ է, որ ստեղծուի դրական, հանդուրժող եւ ներառական մշակոյթ մը, որուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ արձագանգել գոյութիւն ունեցող կարիքներուն եւ ըստ այնմ անոնց հետ վերաբերելու շինիչ մօտեցում որդեգրել:
Այս բոլոր նախապայմանները, սակայն, իրենց հիմքերէն կը խախտին եւ երբեմն նոյնիսկ ամբողջովին կ՛անդամալուծուին, երբ հաւաքական կեանքը կը դիմագրաւէ տագնապալի երկարատեւ փուլ մը, որուն պատճառով թէ՛ ընկերութիւնը եւ թէ՛ անհատներ իրենց էութեան մէջ խոցուած ըլլալու փորձառութիւն մը կ՛ապրին եւ հետզհետէ կ՛անճրկին իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգներուն դիմաց:
Լիբանանէն ներս նման է կացութիւնը մե՛ր ընկերութեան, ուր վերջին երկու տարիներուն բոլորս անխտիր անհատական եւ հաւաքական հոգեխոցի եւ խոր ցնցումի ենթարկուեցանք տարբեր պատճառներով` համավարակ, աշխատանքային եւ դպրոցական կեանքի ոչ բնականոն ընթացք, նիւթական աղբիւրներու նուազում եւ չգոյութիւն, քաղաքական եւ տնտեսական տագնապ, դրամանիշի արժեզրկում, դեղորայքի, վառելանիւթի եւ ուտելիքի չգոյութիւն, անգործութիւն, բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններ ապահովելու հսկայական դժուարութիւն, մեծաթիւ գաղթ…
Կարենալ հասկանալու համար վերոնշեալ հիմնախնդիրներու ազդեցութեան տարողութիւնը մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին վրայ, փորձենք դիմել մասնագիտական մեկնաբանութեան: Արդ, իբրեւ հիմք ընտրենք Urie Bronfenbrenner-ի նման կարգավիճակներու առնչուող Bioecologial Systems կոչուած տեսութիւնը: Ըստ այս տեսութեան, անհատի մը կազմաւորումը էականօրէն ենթակայ է, ու նաեւ` արդիւնք, միջավայրային տարբեր համակարգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարդ յարաբերութիւններու դրոյթի մը: Անհատ մը, իր ծինային յատկանիշներու առընթեր, կ՛աճի ու կը զարգանայ տուեալ միջավայրի մը մէջ, որուն սովորութիւնները, ընդունուած օրէնքները եւ մշակութային ու բարոյական արժեհամակարգերը «կը ձեւաւորեն» զինք եւ կ՛առաջնորդեն իր կեանքը: Իւրաքանչիւր միջավայր, ըստ այս տեսութեան, ունի հինգ դրոյթներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ազդէ անհատին վրայ` դրական կամ ժխտական ձեւով:
Ա) Microsystem, որ կը վերաբերի անհատին հետ անմիջական կապ ունեցող մարդոց/կառոյցներու (օրինակ` ծնողք, քոյր-եղբայր, ուսուցիչ, ընկեր, դրացի, դպրոց, կրօնական հաստատութիւն):
Բ) Mesosystem, որ կ՛ընդգրկէ microsystem-ի բաղկացուցիչ տարրերուն միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնները (օրինակ` ծնողք-ուսուցիչ, քոյր/ եղբայր-ընկերներ):
Գ) Exosystem, որ կ՛առնչուի անհատին վրայ անուղղակիօրէն ազդող գործօններուն (օրինակ` բնակավայրը, ծնողքին/ընտանիքի անդամներուն ասպարէզը, անոնց բարեկամները, գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ընկերային ցանցերը):
Դ) Macrosystem, որ կը պարփակէ` ընդհանուր մշակոյթը, ազգը, գաղափարաբանութիւնը, երկրի իրավիճակը, ընկերա-տնտեսական կացութիւնը:
Ե) Chronosystem, որ կը սահմանէ անհատի կեանքի ժամանակաշրջանին պատահող բազմատեսակ փոփոխութիւնները, պատմական դէպքերը (օրինակ` համավարակ, պայթում):
Ինչպէս որ ակներեւ է, մեր ընկերութեան պարագային, վերոնշեալ բոլոր դրոյթները ցնցումները ունեցան ե՛ւ անուղղակի, բայց մանաւանդ ուղղակի կերպով, ազդեցին բոլորին վրայ: Սոյն դրոյթներուն մէջ արձանագրուող վերիվայրումներուն եւ տագնապներուն հետեւանքը եղաւ այն, որ իւրաքանչիւրիս կեանքին մէջ գերակշիռ ներկայութիւն դարձան չորս երեւոյթներ.
1.- Հոգեխոց (psychological trauma), որ մեր հոգեբանական եւ զգացական հակադեցութիւնն էր այն բոլոր ահաւոր պատահարներուն, որոնց ականատես եղանք:
2.- Գերլարուածութիւն եւ ընկճուածութիւն (stress), որ հետեւանք էր ընդհանրապէս ժխտական փոփոխութիւններուն, որոնք մեր կեանքը կլանեցին:
3.- Անորոշութիւն (uncertainty), որ մեզմէ խլեց մեր մտքի հանգստութիւնը, եւ որ անինքնավստահ դարձուց մեզ:
4.- Անզօրութիւն (helplessness), որ մեզմէ իւրաքանչիւրին մօտ ստեղծեց յուսահատ զգացողութիւն`անհակակշռելի կացութիւններու ընդառաջ:
Վատառողջ վիճակի այս չորս ստեղծիչները պատճառ դարձան` մտային եւ հոգեկան խանգարումներու, ֆիզիքական անհանգստութիւններու եւ ընկերային-մշակութային տեղքայլ-նահանջի: Պատահածը այն էր, որ անհատ թէ հաւաքականութիւն, անկարող դարձան անորոշութիւն հանդուրժելու (intolerance of uncertainty): Եւ ճիշդ այստեղ է, որ պէտք է անդրադառնանք երկու կարեւոր հանգամանքներու. առաջին` կար գործի եւ առօրեայ կեանքի յամեցող եւ սպառնացող անորոշութիւն, բայց` նաեւ, իբրեւ երկրորդ, բայց ոչ երկրորդական դրութիւն, ուժգին կերպով առկայ էր եւ կը շարունակէ ըլլալ ընկերային ինքնութեան (social identity) խանգարումը: Առաջին իրավիճակը ինքնին հասկնալի է եւ` ապրուած ու «մորթի վրայ» զգացուող իրողութիւն: Երկրորդը կարիք ունի վերլուծումի, որովհետեւ շատ յաճախ տեսանելի չէ, եւ անոր պատճառած վտանգներուն չենք անդրադառնար ուղղակիօրէն: Երբեմն նոյնիսկ անոր գոյութեան չենք գիտակցիր եւ, մանաւանդ, չենք կրնար առարկայականօրէն արժեւորել անոր ունեցած կապակցութիւնը մեր հասարակական կեանքի վատթարացող վիճակին հետ:
Մարդ անհատի փնտռած ու ձգտած կայունութիւնը միայն նիւթական հանգստութեամբ չէ պայմանաւորուած: Նիւթեղէնն ու անոր ընծայած դիւրութիւնները կը մնան կարեւոր` սովորական եւ ընդունուած կարգերու պարունակի մը մէջ: Սակայն մարդու գոհունակութեան նպաստող որոշիչ ազդակները, նիւթականէն անդին, ի մասնաւորի կը վերաբերին` անոր աշխատանքի բնոյթին, ընտանեկան մթնոլորտին, ընկերային յարաբերութիւններուն, ունեցած նախասիրութիւններուն, ապրումներուն եւ հաւատամքին:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին հիմնական կարիքներէն մէկը մեր նմանին հետ կապուելու, առնչուելու եւ յարաբերելու բնական պահանջն է: Իւրաքանչիւրս արդարօրէն կը փնտռենք ընկերային նեցուկներ եւ զօրակցութիւն: Իսկ դժուար կացութիւններուն մէջ, երբ մեզի զօրավիգ կանգնողներուն ցանցը կը փոքրանայ, անոնց թափը կը կասեցուի ու կը սահմանափակուի, նախապէս մեր տոկունութեան եւ դիմադրականութեան գրաւական հանդիսացող այս մղիչ ուժերը կը տկարանան: Եւ մենք, մեր կարգին, կը կրենք մինակ ու անզօր զգալու բեռը` երկարատեւ ժամանակի վրայ զօրակցութիւն չունենալու մտավախութեամբ անհանգստացած:
Ընդհանրապէս, դժուարութիւնները յաղթահարելու համար մարդկային միտքը կ՛ապաւինի` անհատական ինքնահամարումի զգացումին, դրական վերաբերումին եւ դիրքորոշման, ինքզինք իրագործած ըլլալու լաւ զգացողութեան, անձնական արդիւնաւէտութեան հաւատքին եւ ընկերային նեցուկներու: Այս բոլորը երբ կը տկարանան, անկար զգալու հաւանականութիւնը կ՛աւելնայ, եւ շփոթի մատնող մտատանջութիւն մը սկիզբ կ՛առնէ, որ մասնագիտական եզրով կը կոչուի մտային անհամապատասխանութեան կարգավիճակ (cognitive dissonance):
Ըստ այս յղացքին, անհատը իր կեանքին ընթացքին ինքզինք կ՛ընկալէր եւ կը ճանչնար ըստ կարգ մը չափորոշիչներու եւ ինքզինքէն գոհ էր, որովհետեւ ուժեղ էր, ճարտար, ճարպիկ, ձեռներէց, դրամ շահող, յաջողած, սիրուած, ուրիշներուն օգնող եւ այլն: Սակայն անորոշութիւնն ու իր անհատականութիւնը ցնցող ազդակները զինք կ՛առաջնորդեն մտածելու, որ իր ներկայ վիճակը այլեւս չի համապատասխաներ եւ երբեմն նոյնիսկ կը հակասէ իր նախկին ինքնապատկերին. ինք այլեւս բաւարար դրամ չի շահիր, ուրիշներու օգտակար չի կրնար դառնալ, յաջողած չէ… Հետեւաբար ներքին ամբողջականութիւնը կը տարբաղադրուի, եւ անհատականութեան յատկանիշներու կայուն շարունակականութիւնը կ՛ընդհատուի: Այս տարանջատումը անհատը կը տանի դէպի ինքապատկերի փլուզում. նոր իրականութիւնը կը ստեղծէ երկփեղկում, որ այլեւս չի համապատասխաներ անհատի ինքնութիւնը արտայայտող ենթակայական նախատիպին եւ անկէ բխող ինքնագոհ արժեւորումին:
Ահա այսպէս է, որ անհատներ կ՛ունենան զգացական սպառուածութեան իրավիճակի մը փորձառութիւնը. անոնք կը դառնան անտարբեր, կը հեռանան հաւաքական կեանքէն ու միապաղաղ առօրեայ մը կ՛որդեգրեն: Անոնք հակազդեցական անշարժութենէ կը տառապին եւ այսպիսով, ակամայ, ընկերութեան կեանքին վրայ ժխտականօրէն կ՛ազդեն:
Վերոնշեալ տեղեկութիւններու հաւաքագրումն ու վերլուծումը կ՛օժանդակեն trauma-informed ըլլալու մեր հաւաքական յանձնառու փորձերուն: Իւրաքանչիւրիս ու նաեւ մեր հասարակական կեանքի ղեկավարութեան պարտականութիւնն է տեղեկացուած եւ իրազեկ ըլլալ պատահածին իրողական էութենէն: Պէտք է անցնիլ ենթադրութիւններու, ենթակայական մօտեցումներու, սիրողական վերլուծումներու մակարդակէն դէպի խորաթափանց մասնագիտական քննութիւն` հիմնուելով փորձագէտներու թելադրանքներու եւ հետազօտութիւններու արդիւնքներու վրայ` կարենալ ըլլալու համար ոչ միայն trauma-informed, այլ նաեւ` trauma-responsive:
Զգացականօրէն արտայայտուող պատրաստակամութիւնը, յուզումը, խղճմտանքը, իրերօգնութեան եռանդուն նախաձեռնութիւնները` բոլորն ալ խորապէս գնահատելի են, եւ այս բոլորին համար մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ըլլայ շնորհակալ եւ երախտապարտ: Մեր ընկերութիւնը հոգեւորական, քաղաքական եւ բարեսիրական առաջնորդներու անսակարկ հոգածութեան առարկան դարձաւ` այս գաղութին արժանավայել եզակիութեամբ: Անոնք տուին առաւելագոյնը` հասնելու համար գաղութի նիւթական նեղ կարիքներուն: Բայց վերեւ նշուած վերլուծողական ակնարկը կ՛ապացուցէ, որ կայ նիւթական կարիքները անդրանցնող հրամայական, որ մեր ինքնութեան անխաթար պահպանումին եւ անոր առողջ գոյատեւումին նպաստող մարդկայի՛ն հարստութեան հզօրացումն է: Հրամայական մը, որ կ՛ենթադրէ` մասնագիտական մօտեցումի որդեգրում, չափելի տուեալներու տեղեկահաւաք եւ արհեստավարժ քննարկում, մարդկային արժապատուութեան եւ արդիւնաւէտութեան զգացումներու վերահաստատում, եւ այս բոլորին իրագործման համար` գործնական ծրագիրներու մշակում: Հաւաքականութեան գոյատեւումը լոկ նիւթական աղբիւրներու ապահովումէն անդին տեսնելու նպատակաուղղուած աշխատանքի ժամն է. խօսուն եւ կիրարկելի աշխատանք, յաճախ անաղմուկ եւ ոչ ցուցադիր, բայց` բոլորիս ճիգերը մէկտեղող եւ կարողականութիւնները օգտագործող. աշխատանք, որուն ամբողջական նպատակը մեր անհատական եւ հաւաքական ինքնութեան առողջ խթանումն է, առանց որուն, ամէն ինչ ապարդիւն է. աշխատանք, որուն իրաւատէրը եւ պատասխանատուն բոլորս ենք` անհատներ եւ ղեկավարութիւն, եւ որուն համար պայքարելու պարտակա՛ն ենք. եւ այս մէկը` գաղութին կարիքներուն շրջահայեացօրէն եւ բծախնդրօրէն արձագանգող գործո՛վ, յանուն մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր բոլորին ուժեղացման եւ արժանապատիւ գոյատեւման: