Ապրիլին նախանշուած է ամենամեայ Համաշխարհային երաժշտական մրցանակաբաշխութիւնը` World Music Awards-ը, որուն կը մասնակցին աշխարհի լաւագոյն արուեստագէտները:
Այս տարի մրցանակի յաւակնորդներու շարքին ընդգրկուած է նաեւ մեր հայրենակցուհի Սիրուշոն` որպէս եւրոպական արուեստագէտ: Այս առաջին անգամն է, որ Հայաստանէն ներկայացուցիչ կը մասնակցի համաշխարհային այս մրցանակաբաշխութեան:
Սիրուշոն ներկայացուած է երեք անուանակարգերով.
Լաւագոյն երգչուհի
Լաւագոյն երգ (PreGomesh)
Լաւագոյն տեսահոլովակ (PreGomesh)
Այս մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած ըլլալը մեծ նուաճում է: փափաքողները կրնան Սիրուշոյի օգտին քուէարկել World Music Awards-ի պաշտօնական կայքին մէջ: