Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Ալիեւ «Պատշաճ Պատասխան» Խոստացած Է Հայաստանի Կողմէ Ականապատ Տարածքներու Քարտէսները Յանձնելու Պարագային

October 4, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Aliyev says ready for meeting with Pashinyan if it is organized by OSCE Minsk Group

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ի.Էֆ.Ի.»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ եթէ Հայաստանը ազրպէյճանական կողմին յանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականապատ տարածքներու քարտէսները, Պաքուի պատասխանը պատշաճ պիտի ըլլայ:

«Եթէ անոնք ատիկա ընեն, բարի կամք դրսեւորեն, մենք ատոր պատշաճ պատասխան պիտի տանք», ըսած է Ալիեւ:

Ան ընդգծած է, որ ականապատ տարածքներու քարտէսները չունենալու պատճառով նախորդ տարուան ընթացքին վիրաւորուած կամ մահացած են 150 ազրպէյճանցի զինուորներ կամ քաղաքայիններ:

Ալիեւ ընդգծած է, որ Հայաստանը շարք մը երկիրներու միջնորդութեամբ Ազրպէյճանին յանձնած է որոշ տարածքներու ականապատ տարածքներու քարտէսները, սակայն անոնց ճշգրտութիւնը ընդամէնը 25 առ հարիւր կը կազմէ:

«Այսպիսով, մեր պահանջը այն է, որ Հայաստանը մեզի տրամադրէ ճշգրիտ քարտէսներ: Այս քարտէսները պէտք է նշեն ոչ թէ ականապատ տարածքները, անոնք առանց այդ ալ ամէնուր ականներ տեղադրած են, այլ ականներու գտնուելու ճշգրիտ տեղերը: Անոնք ունին նման քարտէսներ: Եթէ անոնք ատիկա ընեն, եթէ անոնք բարի կամք ցուցաբերեն, մենք ատոր պատշաճ պատասխան պիտի տանք», ըսած է Ալիեւ:

Ալիեւ. «Ես Պատրաստ Եմ Փաշինեանի Հետ
Բանակցելու Որեւէ Պահու, Երբ Ան Պատրաստ Ըլլայ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է հանդիպելու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, երբ վերջինս պատրաստ ըլլայ ատոր:

«Ես պատրաստ եմ հանդիպելու եւ արդէն յայտնած եմ իմ դիրքորոշումս: Եթէ հայկական կողմը պատրաստ է, ես նոյնպէս պատրաստ կ՛ըլլամ: Մենք ունեցած ենք մէկ հանդիպում, որ տեղի ունեցած է այս տարուան սկիզբը եռակողմ ձեւաչափով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով:

«Ես պատրաստ եմ բանակցելու պարոն Փաշինեանի հետ որեւէ պահու, երբ ան պատրաստ ըլլայ: Այսպիսով, ես դրական տրամադրուած եմ քննարկումներու համար եւ կը կարծեմ, որ ասիկա կրնայ ըլլալ լաւ ցուցանիշ, որ պատերազմը աւարտած է, եւ այս էջը շրջուած», այս մասին սպանական «Ի.Էֆ.Ի.» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ալիեւ:

Previous Post

ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Next Post

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստանը Երբեք Պիտի Չներքաշուի Ընդդէմ Իրանի Դաւադրութեան Մէջ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.