Հայասպանութեան Ճշմարտացիութիւնը Անկախ Քաղաքական Խաղերէ
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 165
Հայ ազգի զաւակներուն, ազգային կառոյցներուն եւ բարեկամներուն հետեւողական, առարկայական ու անկեղծ ջանքերը արդիւնաւորուեցան Ա. Մ. Ն. Քոնկրէսի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնական մարմինը այլայլեցաւ եւ անգամ մը եւս ուրացաւ Հայասպանութեան ճշմարտութիւնը՝ իր հերթական եւ հինցած հեքիաթները կրկնելով, որոնք գիտականութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունին: Այս հարցին մասին նախապէս անդրադարձ եղած էր, տեսնել 9 Փետրուար 2020 թուագրեալ «Պայքար» շաբաթաթերթի թիւ 161-ի 8-րդ էջին մէջ, «Հայասպանութեան Ուրացման Ու Խեղաթիւրման Թրքական Նոր Փորձ Մը» խորագիրով յօդուածը: Ա. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն սպանութիւններ կատարուած են երկուստէք եւ զոհեր ինկած, սկսան ըսել թուրքերը անցեալ դարու իննիսունական թուականներէն ետք: Անոնք ամէն առիթով այս յանկերգը կրկնած են, սակայն իւրաքանչիւր անգամ տարբեր թուանշաններով փորձած են զոհերուն քանակը սահմանել, միշտ մոռնալով ու հակասելով այս հարցին մասին իրենց նախկին յայտարարութեանց մանրամասնութիւնները: Թուրքերը հայոց ունեցած որակով եւ քանակով փոքր զէնքերը միշտ պատրուակած են, թէ իբր անոնք յեղափոխութեան կը պատրաստուէին: Հոս տեղին է անգամ մը եւս շեշտել թէ հայոց ունեցած զէնքերը ոչ միայն յեղափոխութիւն չէին կրնար իրագործել, այլ ինքնապաշտպանական էին եւ փոքր քանակութեամբ: Աւելին՝ յստակ իրողութիւն է թէ հայերը ըմբոստանալու ոչ մէկ ծրագիր կամ պատրաստութիւն ունէին: Թուրքերը կը պատճառաբանեն թէ հայերը ռուսական բանակին հետ կը գործակցէին եւ կը պատրաստուէին սահմանամերձ վայրերու մէջ օգնել անոր: Եթէ այդպէս ըլլար, ռուսական բանակը ամենայն հեշտութեամբ պիտի կարենար գրաւել Հայաստանի արեւմտեան հատուածը առնուազն՝ եթէ ոչ աւելի ընդարձակ տարածքներ ալ: Եթէ այդպէս էր պարագան, ինչո՞ւ թրքական իշխանութիւնները ռուս-թրքական սահմաններէն շատ հեռու, Կիլիկիոյ եւ այլ վայրերու հայերը տեղահան ըրին ու դէպի հարաւային երկիրները, արաբական անապատները քշեցին: Թուրքերը աւելորդ եւ անիրաւ պատճառաբանութիւններով, պատրուակներով եւ ճշմարտութենէն շեղելու բազմաթիւ փորձերով անյաջող ձաբռտուքներ արձանագրեցին՝ պարզապէս ուրանալու համար Հայասպանութիւնը:
Վերադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան Ամերիկայի կողմէ պաշտօնական ճանաչման հարցին, ներկայիս այդ մէկը առկախուած է նախագահ Տոնալտ Թրամփի մերժողական կեցուածքով: Արդարեւ, https://www.bbc.com/news/world-europe-50828179 հասցէով համացանցային կայքէջը կը յայտնէ թէ Թրամփ Քոնկրէսի Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ տուած որոշումը կը մերժէ: Անգարայի մէջ թրքական արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քով կանչելով Ա.Մ.Ն.-ի դեսպանը բողոքած է թէ Ամերիկա պատմութիւնը կը քաղաքականացնէ: Պաշտօնական Ամերիկան իր բանբեր տիկին Մորկըն Օրթեկըսի բերնով կը փութայ հանգստացնել նոր օսմանցիները, թէ երկրին պաշտօնական կեցուածքը չէ փոխուած եւ թէ անցեալ Ապրիլ ամսուն նախագահ Տոնըլտ Թրամփի վճռական կեցուածքը այս հարցին նկատմամբ նոյնն է: Թրամփ ըսած էր թէ Ամերիկա իր յարգանքի տուրքը մատուցեց այն զոհերուն «որոնք ինկած են քսաներոդ դարու ամենէն գէշ վայրագութեանց արարքներուն մէջ», աւելցնելով որ «Հայերն ու թուրքերը պէտք է գիտակցին իրենց ցաւոտ պատմութիւնը եւ այդ հիման վրայ հաշիւ տեսնեն»: Ծայրահեղօրէն տարտամ եւ անկապ կարծիք մըն է այս: Սոյն յայտարարութեամբ Թրամփ կը ջանար քաղաքակիրթ երեւալ եւ միեւնոյն ատեն չնեղացնել Թուրքիան:
Ա.Մ.Ն.-ի նախագահը պարզապէս ճշմարտութենէն երկչոտ փախուստ տալով, վարագոյրին ետեւէն «քաջաբար» հրահանգ կու տայ իր օգնականին՝ վարչամեքենայի բանբերին մերժելու Քոնկրէսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այդքա՜ն շքեղ պալատներու մէջ ապրող այս մարդոց խոհերը եւ գործերը, նոյնիսկ երբեմն օրէնսդրութիւնները այնքա՜ն տխեղծ ու նենգ են, որ անոնք միեւնոյն ատեն կրնան որոշ հարցի մը նկատմամբ այոն եւ ոչը նոյն օրը յայտարարել…: Կանխամտածուած եւ ծրագրուած շինծու եւ առաձգական օրէնսդրութեան ընձեռած «բարիք»ն է այս «ժողովրդավարութիւն»ը (democracy):
Ժողովրդավարութեան ծագումը կ’երթայ մինչեւ հելլենական ժամանակները: Աթէնք քաղաքի ժողովրդավարութեան ծագումը կը հաստատուի Ք.Ա. 6րդ դարուն: Հետզհետէ գոյացած են ուրիշ քաղաքներ, որոնք որդեգրած են ժողովրդավարութեան գաղափարը: Այդ քաղաքները կոչուած են քաղաք-պետութիւն (city-state): Իբրեւ տեսութիւն՝ հին յունական ժողովրդավարութիւնը գրեթէ կատարեալ էր, անշուշտ գործադրութեան պարագան միշտ ալ փշոտ ընթացք ունեցած է: Այս մասին կարելի է մանրամասնօրէն կարդալ հետեւեալ համացանցային կայքէջին մէջ https://en.wikipedia.org/wiki/Athenian_democracy:
Հարիւրաւոր երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու մեծամասնութեան կարծիքը պէտք է վաւերացուի մէկ անձի մը՝ նախագահին կողմէ, ի զօրու դառնալու համար, պաշտօնապէս իբր երկրին օրէնքներէն մէկը: Մերօրեայ քաղաքագէտները, գիտնականները, պատմագէտներն ու քաղաքական վերլուծողները այս երեւոյթը ոչ միայն ժողովրդավարական կը սեպեն, այլ խոր երկիւղածութեամբ կը խոնարհին անոր առջեւ իբրեւ գրուած օրէնք եւ հաստատ իրականութիւն, որուն արդարացիութիւնը կասկածի տակ առնելը յանցանք կը նկատուի: Հարիւրաւոր օրէնսդիրներու կարծիքը վաւերացնող այս անձը՝ ԱՄՆ-ի նախագահը արդեօք ի՜նչ կարողութիւններու եւ առաքինութիւններու տէր մարդ մըն է, որ իրմէ կախեալ է շատ կարեւոր հարցերու վաւերացումը, այս պարագային՝ Հայասպանութեան ցեղասպանութիւն եղած ըլլալը վճռելը: Արդեօք այս անձը բռնատէ՞ր մըն է, քաւ լիցի…: Ան ընտրուած է ժողովուրդին կողմէ ժողովրդավարական քուէարկութեան գործընթացքով: Ի՞նչպէս կարելի է բռնատէր անուանել այս մարդը, երբ ան ազատօրէն կը քննադատուի, կը դատուի եւ ինչպէս վերջերս եղաւ անպարտ կը հռչակուի, ըստ ծրագրուածին: Այսինքն՝ փաստօրէն ան անմե՞ղ կ’ըլլայ: Եւ այսպիսով այդ մարդուն վարկը աւելի կը բարձրանայ նախկինէն եւ յո՜յժ ընդունուած մէկը կը նկատուի ան: Սակայն, Նախագահը պարզապէս իրեն յանձնարարուածը կը կատարէ…: Այլեւս գալիք դէպքերու [որոնք ծրագրուած են նախապէս- Յ. Ի.] զարգացումներուն առջեւ ճամբան հարթուած է եւ անոնց մասին ան աւելի հեղինակաւոր կերպով իր կարծիքը կը յայտնէ ու որոշումներ կու տայ եւ ծրագրողները իրենց նպատակին կը հասցնէ: Փաստօրէն ան կամակատար մըն է, բայց որո՞նց, այն խորհրդաւոր ձեւով ներկայացուած խմբակցութիւններուն, որոնք միայն նիւթը կը պաշտեն:
Երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական, տնտեսական եւ գիտական մարզերու պատասխանատուներ գրեթէ ամէն ինչի հետ կը վարուին թեթեւամտութեամբ, անլրջութեամբ եւ կեղծիքով: Անոնք իրենց այս ընթացքը օրէնքներով պաշտպանած են, այն ալ՝ գրաւոր: Ներկայիս ոչ միայն հզօր պետութիւններ, այլ ամբողջ աշխարհը համարեա կը կառավարուի կեղծ օրէնքներով ու խաբէութեամբ, որ մէկ բառով կը կոչուի ժողովրդավարութիւն: Կտրուկ կերպով ըսելու եւ անկեղծ ըլլալու համար այս իրողութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ պոռնկային վարուելակերպ կամ ինչպէս բոլորին մօտ ծանօթ է՝ քաղաքականութիւն, որուն ծածկոյթով ամէն ինչ պատեհապաշտօրէն կարելի է ըսել եւ ընել, ամէն ինչ խօսիլ…: Չէ որ «լեզուն ոսկոր չունի» կ’ըսէ հայկական առածը: Հերքելը եւ նոյնիսկ ուրանալը շա՜տ հեշտ են: Այս խաբէութեան եւ կեղծիքի ծառայող մեծ կամ փոքր քուրմերը քաղաքականութիւնը կ’որակեն իբրեւ բարձր բարոյականութեան վիճակ…: Թէեւ անոնց այս կարծիքը կը բախի ժողովուրդին մեծ մասի մերժումին, սակայն եւ այնպէս անոնք մարտնչող յամառութեամբ, նենգութեամբ եւ նոյնիսկ բռնութեամբ կը շարունակեն իրենց այս յոռի ընթացքը:
Պահ մը կ’արժէ մտածել եւ պատկերացնել թէ Ա.Մ.Ն.-ի ու Թուրքիոյ միջեւ ինչպիսի՞ յարաբերութիւն եւ երկխօսութիւն գոյութիւն ունէր եւ ունի ներկայիս: Այս յարաբերութիւնը միայն փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած է, հակառակ անոր որ ան միշտ «բարեկամական» կը յորջորջուի: Խորհելով թէ իր սպառնալիքներով պիտի կարենայ արգիլել Ա.Մ.Ն.-ը Հայասպանութեան փաստը ճանչնալէ, թրքական հանրապետութեան բռնակալը՝ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան յոխորտաց ամերիկեան զինուորական խարիսխը փակել Ատանայի մօտ եղող Ինճիրլիքի մէջ, ապա շարունակելով իր յոխորտանքը Ամերիկայի, ան ըսաւ թէ կրնայ փակել նաեւ Կիւրեճիկի ռատարներու խարիսխը…: Այս յայտարարութիւնները երկու երկիրներու միջեւ վերջերս գրեթէ սովորական դարձած միակողմանի մենախօսութիւն մըն է, երբեմն ալ երկխօսութիւն, փոխադարձ սպառնալիքներով, որոնց շարքը երկար է:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ վերոյիշեալ երկխօսութեանց կամ մենախօսութեանց մէջ կը նկատենք թէ անոնք ամէն բանի մասին կը զրուցեն, բացի Հայոց Ցեղասպանութեան: Հայասպանութեան ճշմարտացիութեան կամ հակառակի մասին ոչ մէկ խօսք կը գտնուի անոնց յայտարարութիւններուն մէջ: Այս եղելութիւնը ցոյց կու տայ թէ անոնք ի վիճակի չեն կամ աւելին՝ չեն ուզեր հարցը գիտականօրէն քննել եւ այդ պատճառով փախուստ կու տան պատասխանատուութենէ ու կը ճարեն եւ կը հակաճարեն միայն իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական շահերը ապահովելու ձգտումով: Այս բոլորին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կը բիւրեղանայ ու կը հաստատուի ինքնաբերաբար: Ա.Մ.Ն.-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ կատարուած քաղաքականութիւնը աղտոտ առեւտուր է, նենգ մարդոց կողմէ կառավարուած: Երկու կողմերու նախագահներու այս կեցուածքն ու վարուելակերպը Հայասպանութեան ճշմարտութենէն ոչ մէկ բան կը փոխեն եւ զրուցակիցները կը մնան իրենց ստոր, տափակ ու տխեղծ մակարդակին վրայ ի տարբերութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան եւ արդարացիութեան:
Վերոյիշեալ իրականութիւններու լոյսին տակ, վստահօրէն կրնանք ըսել թէ Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտուի ու կը մնայ հաստատ: