Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութեան, այցելեց Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէին:
Շտապի ներկայացուցիչները նախարարը տեղեակ պահեցին «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման եւ տագնապի դիմագրաւման իմաստով կատարուող աշխատանքներուն մասին:
Նախարար Մշարրաֆիէ պատուիրակութեան հետ կիսեց կառավարութեան մտահոգութիւնները եւ նախարարութեան դժուարութիւնները:
Նախարար Օհանեան եւ Շտապի ներկայացուցիչները անհրաժեշտ նկատեցին, որ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը արագ միջոցներու դիմէ` ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ օժանդակութիւն ցուցաբերելու եկամտազուրկ եւ թշուառ պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն: Անոնք նախարարին փոխանցեցին, որ Շտապն ու հայկական տարբեր կառոյցներ կը թեթեւցնեն կուսակցութեան բեռը, սակայն կառավարութիւնը ինք եւս պարտաւոր է արագ քայլերու դիմելու:
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յաւելեալ յատկացումներ կատարէ հայկական բարեսիրական միութիւններուն եւ ընկերային ծառայութիւն մատուցող կառոյցներուն: