ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ-թրքական գործընթացը պիտի ոչնչացնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայկական Սփիւռքի փաստարկները, Շիքակոյի մէջ, Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն։
Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան՝ Քալըն յայտարարեց հետեւեալը. «Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական լոպին հակաթրքական տրամադրութիւնները իր ինքնութեան մաս դարձուցած է: Կովկասի մէջ հիմա բոլորովին այլ գործընթաց կ՛իրականացուի եւ այն հիմքը, որուն վրայ այդ Սփիւռքը կառուցած է իր բոլոր փաստարկները, կործանման եզրին է: Այսինքն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հակամարտութիւնը կամ հայ-թրքական հակամարտութիւնը Կովկասի մէջ կը մօտենայ իր աւարտին: Ղարաբաղի ազատագրումով եւ այդ շրջանը Ատրպէյճանի կազմին վերամիացնելու քայլով, պատմութեան մէջ նոր էջ բացուած է»: