Հայ գրականութեան եւ երաժշտական գլուխ գործոցներէն մէկը՝ Անուշը ժամանակակից պարային բեմադրութեամբ պիտի ներկայացուի Իսթանպուլի Շիշլի հայաշատ թաղամասին թատրոնին մէջ:
Անուշի բեմադրութիւնը պիտի սկսի այսօր՝ Շաբաթ՝ 9 Մարտին: Յաւելեալ երեկոյթներ նախախտեսուած են 13, 19 Մարտին եւ 4 Ապրիլին: Շիշլի թաղամասը օրերս կը նշէ իր հիմնադրութեան հարիւրամեակը: Ներկայացման բեմադրիչն է Լեւոն Թաբերեանը, բեմադրութեան կը մասնակցին 24 արուեստագէտներ: