Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Անուշ» Պարախումբը 2017 Թուականի Գործունէութիւնը Նուիրեց «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Համահայկական Շարժումին

February 12, 2018
in Newsletter, Գաղութահայ Կեանք, Զանազանք
0
«Անուշ» Պարախումբը 2017 Թուականի Գործունէութիւնը Նուիրեց «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Արցախի Համար» Համահայկական Շարժումին

Գերմանիոյ Միւնխէն քաղաքի Հայ հայրենակցական միութեան «Անուշ» պարախումբը` հիմնադիր, պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Անուշ Չախալեանի գլխաւորութեամբ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը  ունեցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման` 2017 թուականի մշակութային ամբողջ գործունէութիւնը նուիրելով այս ծրագիրի հանրահռչակման: Անուշ Չախալեան այն կարծիքին է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր միջոցներով պէտք է այս կարեւոր գործին մէջ ներդրում ունենայ` ի շահ Արցախ աշխարհի:

Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ, պարախումբը մասնակցելով համերգներու եւ միջազգային փառատօներու, շարժումը խորհրդանշող ցուցապաստառները վեր բարձրացնելով` օտար հանդիսատեսին իրազեկեց ոչ միայն հայկական մշակոյթին, այլեւ` Արցախի հիմնախնդիրներուն մասին:

Ամփոփելով համահայկական շարժման ծիրէն ներս իրենց կատարած աշխատանքերը` պարախումբի անդամները որոշած են Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ընդառաջ անակնկալ մատուցել Ստեփանակերտի եւ Բերձորի գիշերօթիկ դպրոցի աշակերտներուն` Միւնխենէն անոնց ուղարկելով քաղցրացուենիքի տուփեր:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Անուշ Չախալեան ըսաւ, որ հոգեպէս հանգիստ կը զգայ` այս ծրագիրը տրամաբանական աւարտին հասցնելու, արցախցի երեխաներուն ամանորեայ ժպիտներ եւ ջերմութիւն պարգեւելու համար: Պարախումբի ղեկավարն ըսաւ, որ  պարախումբի անդամները մեծ պատասխանատուութեամբ ու ոգեւորութեամբ  մասնակցած են այս  կարեւոր գործին, այնուհետեւ աւելցուց, որ յետագային նոյնպէս պիտի շարունակեն մասնակցիլ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն:

«Բոլորս լաւագոյն ակնկալիքներով եւ յոյսերով կը սպասենք Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն, ուստի կը ցանկամ հաւատարիմ շունի տարին իր հետ մարդոց բերէ բարութիւն, երազանքներու իրականացում եւ առողջութիւն: Թո՛ղ Հայոց բանակին համար խաղաղութեան տարի ըլլայ, շնորհակալ եմ յատկապէս քաջարի հայ զինուորներուն` մշտապէս մեր անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

2018 թուականը համայն հայութեան համար թո՛ղ ըլլայ բազում յաղթանակներու տարի, իսկ ես ալ կը շարունակեմ Սփիւռքի մէջ ծառայել հայ մշակոյթին»,-ամանորեայ ջերմ բարեմաղթանքով իր խօսքը աւարտեց Անոյշ Չախալեան:

Գէորգ Չիչեան

Previous Post

Ռուսաստանաբնակ Մեր Հայրենակիցները Չեն Մոռնար Սահմանամերձ Չինարին

Next Post

Հրանդ Տինքի Նահատակութեան 11-րդ Տարելիցին Նուիրուած Քննարկում Եւ Հոգեհանգիստ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.