Դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան
Այս մէկը միայն սոսկ խօսք չէ…։ Ոչ ալ յորդոր առանց իրական կեանքի փորձի։
Այլ վկայութիւն եւ խրատն էր նուիրեալ անձի մը՝ որ իր համակ կեանքը նուիրած էր Քրիստոսի եւ Անոր Եկեղեցիին ու տակաւին համայնքի ծառայութեանը համար՝ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ՝ նաեւ երբ հրաժեշտ կ’առնէր մեզմէ հաստատուելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ միանալ իր զաւակներուն։
Իսկ այս նուիրեալը՞։ Արամ Սարգիսանն էր որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց մէկ կողմէ կրթական գործին, նոյնքան նաեւ եկեղեցիին, Հայ ժողովուրդին ու տակաւին գիրին ու գրականութեան։ Իրեն նուիրուած հրաժեշտի հանդիպում-հիւրասիրութեան օրը՝ Էշրէֆիէի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի մէջ, անոր խօսք-վկայութիւնը եղաւ յորդոր մը մեր բոլորին։ «ԱՊՐԵՑԷՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»։
Արամ Սարգիսեանի կեանքը եղած էր ուսուցչութեան համար՝ եւ ան սկսած էր իր առաքելութիւնը Կիպրոսի մէջ, ուր նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի մէջ, որպէս աշխարհական քարոզիչ։ 1970-ական տարիներուն վերադարձաւ Լիբանան եւ դարձեալ ուսուցիչ՝ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ Եւ հոս սկսաւ ծանօթութիւնս Արամ Սարգիսեանի հետ, երբ ես տասներորդ դասարանի աշակերտ էի նոյն վարժարանին մէջ։ Ան ստանձնած էր կրօնի դասապահերու դասաւանդումը եւ ան եղաւ մեր ուսուցիչը։
Բայց Արամ Սարգիսեանի «ծառայութեան» կեանքը եթէ ընդգրկեց կրթական մարզը, բայց եղաւ շատ աւելին։ Եւ այդ «շատ աւելի»ին մէջ, ես առիթը ունեցայ քալելու հետը «առաքելութեան ճամբուն» մէջէն եւ բաւական երկար տարիներ։ Արամ Սարգիսեան պիտի շարունակէր իր կրթական գործը որպէս տնօրէն Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանի մէջ, բայց ան նաեւ ստանձնեց Քրիստոնէական Ջանից Գործադիր մարմնի ատենապետութիւնը, որուն կազմին մէջ էի ես։ Ու տակաւին՝ ան ստանձնեց հրատարակչական գործին պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը՝ «Ջանասէր», «Պատանեկան Արձագանգ» եւ «Լոյս»։ Եւ հոս մենք միասին շալկեցինք հրատարակչական գործին «քաղցր լուծը», իր յուսահատութիւններով, յուսախաբութիւններով, բայց նաեւ գործին եւ անոր անհրաժեշտ շարունակականութիւնը ապահովելու յաջորդող տարիներուն։ Արամ Սարգիսեանի «հանդարտ» նկարագիրը եւ իմ աւելի «տաքարիւն» բնաւորութիւնս կարծէք հրաշքի համազօր եւ միաձուլուող իրականութիւններ դարձան տարիներու վրայ եւ միասին շատ մարտահրաւէրներ փորձեցինք յառաջ քշել…։ Արամ Սարգիսեան կ՛ապրէր Քրիստոնէական «Յոյսի» պատգամին իրականութիւնը եւ զայն կը թարգմանէր իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն մէջ։ Եւ յուսահատ երեւցող գործը կ՚ուզէր տեսնել ապրող իրականութիւն։
Եւ ինչպէ՞ս ներկայացնել Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան եւ անոր Կեդրոնական Մարմնի երկարաշունչ ժողովները…։ Երկարաշունչ, եթէ մէկ կողմէ ժամանակի իմաստով, բայց նաեւ բովանդակութեամբ։ Ու տակաւին բովանդակութենէ դուրս ժայթքող խնդրայարոյց բոլոր օրակարգե՞րը։ Եւ Արամ Սարգիսեան մէկ-մէկ պիտի արձանագրէր այդ բոլորը որպէս ատենադպիր՝ բայց նաեւ իր հանդարտ ու անոր ետին պահուած իր սրամիտ ու դիպուկ կատակներով, պիտի հանդարտեցնէր «տաք» մթնոլորտը, բայց նաեւ երեւի մեզ բոլորս զգաստութեան պիտի հրաւիրէր թէ հոգեւոր եղբայրներ ենք՝ անկախ բոլոր անհամաձայնութիւններու…։
Եւ պիտի քալէինք տարիներու վրայ այս «առաքելութեան ճամբուն» մէջէն։ Արամ Սարգիսեանը երեւցող ներկայութիւն էր բայց համեստ։ Չկար Արամին մէջ մարդը որ հպարտ էր ու պարտադրող։ Հոգեւոր դաստիարակութիւնը իր մէջ կերտած էր Քրիստոնէական արժանիքներով մարդը, որ գիտէր մարդկայինը մարդուն մէջ՝ եւ նոյն մարդուն հետ ըլլալու եւ անոր համար ապրելու իրականութիւնը։
Արամ Սարգիսեան ունեցաւ բազմաթիւ աշակերտներ։ Ան միշտ ալ ամուր կեցաւ իր սկզբունքներուն եւ համոզմունքներուն վրայ՝ եւ փորձեց ջամբել իր աշակերտներուն նոյնինքն այդ «անշեղ» դաստիարակութիւնը։
Պոսթըն հաստատուելէ ետք՝ Արամ Սարգիսեան շարունակեց իր նուիրական կեանքը տարբեր բովանդակութեամբ։ Իր մասնակցութիւնը բերաւ տեղւոյն Հայ Աւետ. Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ։ Ամերիկա այցելութիւններուս ընթացքին մի քանի անգամ կրցայ հանդիպիլ Արամին։ Կրցած էր պահել իր հանդարտ նկարագիրը ու տակաւին իր կատակասէր-ուրախ տրամադրութիւնը։ Կրնայի նաեւ տեսնել թէ սկսած էր դանդաղիլ, ինչ որ մարդկային կեանքի բնական ընթացքն է եւ մեր բոլորին համար։ Եւ այդ հանդիպումներէն մէկուն,Պոսթընի մէջ հարց տուի Արամ Սարգիսեանին. «Չե՞ս ուզեր բոլոր գրութիւններդ մէկ հատորի մէջ ամփոփել»։ Իրեն յատուկ հանդարտ ու մեղմ ժպիտով նայեցաւ ինծի ու ըսաւ։ «Ո՞վ պիտի կարդայ…»։
Իրապաշտ մարդն է՞ր…։ Որ սկսած էր նաեւ տեսնել ներկայ օրերու տրամադրութիւնները…։
Եւ պիտի հասնէր գուժը…։ Արամ Սարգիսեանն ալ աւարտեց իր երկրային կեանքը անցնելու համար յաւիտենականութեանը…։ Բայց ան աւարտեց իր երկրային կեանքը մեզի ձգելով մէկ մեծ աւանդ-կտակ։ «ԱՊՐԵՑԷՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»։
Արամ Սարգիսեանի մահուան գոյժը լսելով, ուզեցի երթալ բաւական անցեալ։ Հոն՝ այն «առաքելութեան ճամբան» որ միասին քալեցինք եւ որ եղաւ բաւական երկար։ Երկար, բայց նոյնքան լեցուն։ Իսկ լեցո՞ւնը։ Արամ Սարգիսեանի ծառայութեան կեանքն էր։ Այն ծառայութիւնը որ խօսքէն շատ ու շատ աւելի անցաւ՝ կերտելով ապրող ու վկայութեամբ լեցուն կեանք մը, որ կերտեց նոր կեանքեր։ Եւ ես ալ նայելով այդ «առաքելութեան ճամբուն» ու մեր անցած այդ բոլոր ժամանակահատուածներէն՝ կը տեսնեմ թէ ինչքան բան սորվեցայ Արամ Սարգիսեանէն ու իր նման նուիրեալներէն, որոնց համար ապրիլը ծառայութեան համար էր ու անոր միջոցաւ կեանքեր կերտել։
Արամ Սարգիսեանի մահուան գուժը տխուր է։ Բայց երբ կը շարունակեմ վերանայիլ այդ «առաքելութեան ճամբան», որուն մէջէն քալեցինք բաւական երկար, ունիմ գոհունակութիւնը։ Գոհունակութիւնը՝ թէ սորվեցայ ծառայութեան կեանքի արժէքը։ Եւ Արամ Սարգիսեանի ու իր նմաններուն կեանքերը մեզի համար եղան Աւանդ, ուր մենք սորվեցանք բայց նաեւ տեսանք թէ մեր կեանքերուն հիմքը պէտք է դնել Արժէքի գիտակցութեանը վրայ։
Արամ Սարգիսեանի երկրային կեանքը վերջացաւ։ Բայց չվերջացաւ անոր ջամբած ծառայութեան կեանքը։ Այդ կը շարունակուի։ Եւ այս շարունակուող իրականութեան մէջն է որ ունինք մեծագոյն մխիթարութիւնը։ Թէ Արամ Սարգիսեան արժանացաւ մեծագոյն պարգեւին եւ պարգեւատրումին։ Թէ ան «բարի պատերազմը պատերազմեցաւ ու ընթացքը կատարեց» եւ ան հիմա «կը մտնէ Տիրոջը ուրախութեանը մէջ»։
Իսկ մե՞նք։ Որ տակաւին կը շարունակենք երկրային մեր կեանքերը այս «առաքելութեան ճամբուն» մէջ։ Եւ որ այս նոյն ճամբան կը դժուարանայ ժամանակին հետ ու կը բարդանայ…։ Յուսահատութեան եւ յուսախաբութեան մթնոլորտներ կը բազմապատկուի՞ն…։ Եւ երեւի կրնանք փորձուիլ դասալի՞ք ըլլալ…։ Եւ կամ ընդհատել մեր ճանապարհորդութի՞ւնը…։
Բայց պիտի յիշենք պատգամը. «ԱՊՐԻԼ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»։ Եւ Արամ Սարգիսեանէն մեզի փոխանցուած իրական ու ապրող կեանքի վկայութիւնը եւ փորձը։ Եւ որ այսօր տակաւին կը հնչէ զօրաւոր։ Եւ որ իրական է. «ԱՊՐԵՑԷՔ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»։
Եւ որ պիտի շարունակենք «Առաքելութեան ճամբան»…։
Յարգանք Արամ Սարգիսեանի ապրած երկրային կեանքին։
Կեանք մը՝ որուն պիտակը բայց նաեւ ինքնութիւնը մնաց…։
«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ»։