ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Համազգայինի Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութեան անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի Վեհարանին մէջ։
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, նորընտիր վարչութեան ատենապետը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին զեկոյց մը տուաւ վեհափառին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ մշակութային կեանքը յուզող հարցերու ու ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ Համազգայինի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։
Հայրապետը անհրաժեշտ թելադրանքները եւ ցուցմունքները փոխանցելէ ետք, բարձր գնահատեց Համազգայինի կողմէ հայ մշակութային արժէքներու պահպանման գծով կատարուող աշխատանքները: