Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանը Թուրքիոյ Կողմէ Կատարուած Ներխուժումին Ունեցած Հետեւանքներուն` Հայ Համայնքի Կեանքին Մէջ

October 11, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ ԵՒ ՀՈԼԱՆՏԱ

Վերջին օրերուն միջազգային լրատուամիջոցները կեդրոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական բանակային միաւորներու յառաջխաղացքին եւ անոր յառաջացուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ վեհափառ հայրապետը զանազան շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին:

Գամիշլիի հայահոծ շրջանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, իսկ թրքական ներխուժումին անմիջականօրէն ենթակայ դարձած գիւղերը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը. Թել Ապիատ 15 ընտանիք, Ռաս Ուլ Այն 2 ընտանիք, Տերիք 60 ընտանիք եւ Հասաքէ 70 ընտանիք:

Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութեան զգայուն հանգամանքը եւ շրջանին մէջ հայութեան փոքրաթիւ ներկայութիւնն ու զանազան խմբաւորումներով շրջապատուած ըլլալը, անհրաժեշտ է, որ հայկական լրատուական միջոցները, ինչպէս նաեւ հայ անհատներ, հեռու մնան իրողութիւններ ու թիւեր մատնանշելէ եւ մեկնաբանութիւններ կատարելէ: Այս փուլին շրջանին մէջ հայ ժողովուրդին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով անոնց աջակցութիւնը կը նկատուի հրամայական:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը որոշ գումար մը դրած է հայր սուրբին եւ Գամիշլիի թաղականութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող կամ հեռացած նիւթական կարիք ունեցող ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարուի:

Previous Post

German prosecutors charge three 14-year-olds in gang rape case

Next Post

Protesting asylum-seekers block US-Mexico border bridge

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.