Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յանձնարարեց դադրեցնել ՝ Գանձայի ուղղութեամբ կրակը՝ մարդկային զոհերէ խուսափելու մտահոգութեամբ:
«Թշնամիի կողմէ համապատասխան հետեւութիւններ չկատարելու պարագային, մենք պիտի շարունակենք համաչափ եւ հուժկու հարուածները՝ կազմալուծելով եւ կազմաքանդելով թշնամիի բանակը եւ թիկունքը:
Մենք մինչեւ վերջ վճռական ենք մեր գործողութիւններուն մէջ:
Կա’նգ առէք, քանի դեռ ուշ չէ». «Արմենփրես»ի հաղորդմամբ յայտարարած է Արայիկ Յարութիւնեան: