Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Արտեմ Փաթափութեան՝ ԳԱԱ-ի Պատուաւոր անդամ եւ ԵՊԲՀ-ի Պատուաւոր դոկտոր

June 15, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Արտեմ Փաթափութեան՝ ԳԱԱ-ի Պատուաւոր անդամ եւ ԵՊԲՀ-ի Պատուաւոր դոկտոր

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ ականաւոր գիտնական, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան, փրոֆեսէօր Արտեմ Փաթափութեան, որ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ընդհանուր ժողովի 9 Յունիսի որոշումով ընտրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ:

Փաթափութեան 14 Յունիսին այցելեց Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի  ուղեղի հիմնարար հետազօտութիւններու գիտակրթական «Քոբրէյն» կեդրոնը, ուր գիտնականը տնկեց այն բոյսի հատիկը, որմէ ստացած է յայտնի մասնիկը: Տեղի ունեցաւ նաեւ Գիտական խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին գիտնականը ընտրուեցաւ բժշկական համալսարանի պատուաւոր դոկտոր:

Կեդրոնին մէջ շրջագայելէ ետք, Փաթափութեան  ԵՊԲՀի կարմիր դահլիճին մէջ հանդէս եկաւ  «How do you feel? The molecules that sense touch» նիւթով դասախօսութեամբ:

«Հայաստան գտնուելուս պատճառներէն մէկը այն է, որ նաեւ ծանօթանամ Հայաստանի գիտութեան ոլորտին մէջ զարգացումներուն. կ՛ակնկալեմ նոր համագործակցութեան հիմքը դնել: Կառավարութիւնը կը փորձէ աւելցնել ֆինանսաւորումը` գիտութեան եւ հետազօտութեան յատկացուած, ինչ որ ոլորտի զարգացման համար առաջին կարեւոր քայլերէն է: Կը յուսամ, որ երիտասարդ ուսանողները, տեսնելով իմ օրինակը՝ կը ձգտին աւելի լաւ արդիւնքներու», յայտնեց ան:

Այցելութեան ծիրին մէջ,  «Հայ Փոստ» ընկերութիւնը հրապարակեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ նոր դրոշմաթուղթ մը` նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Արտեմ Փաթափութեան» նիթին: 350 դրամ արժէքով դրոշմաթուղթին վրայ պատկերուած է յայտնի լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանը, որ 2021ին Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ՝ ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ընթացքին կատարած բացայայտումներուն համար: Դրոշմաթուղթին աջ կողմը ներկայացուած է անոր շնորհուած Նոպէլեան մրցանակին պատկերը:

Դրոշմաթուղթի հրապարակման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 14 Յունիսին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ:

Previous Post

Բացայայտուեցան եւ կանխուեցան պետական դաւաճանութեան եւս երկու դէպքեր

Next Post

Պաքու ընկերութիւններ կը հրաւիրէ Քարվաճառի մէջ ներդրումներ կատարելու

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.