ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- 3-5 Յուլիս, Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացուի Tech Week Artsakh 2021 կամ «Ճարտարագիտութիւններու շաբաթ Արցախի մէջ 2021» ձեռնարկներու շարքը, որ մէկ վայրի մէջ պիտի կեդրոնացնէ ճարտարագիտական ընկերութիւններու ջանքերը՝ համայնքային զարգացման խթանման ուղղութեամբ: Tech Week Artsakh 2021-ը կը կազմակերպուի «Ճի.Ճի.», «Ինսթիկէյթ Մոպայլ» եւ «Քրաուտֆանտինկ ֆորմիւլա» ընկերութիւններուն կողմէ: Այս մասին հաղորդեց Առաջադէմ ճարտարագիտական ձեռնարկութիւններու միութիւնը:
Ըստ կազմակերպիչներուն՝ որոշում տրած է այսպիսի ձեւաչափի առաջին ձեռնարկը իրականացնելու Ստեփանակերտի մէջ՝ համախմբելով ուժերը երկրի հզօրացման գաղափարին շուրջ, որ առաւելապէս կ՛արտայայտուի Հայաստանի համայնքներու ամբողջ ներուժի բացայայտման ու կիրառման ուղղուած քայլերուն մէջ: Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 3 Յուլիսին:
Ճարտարագիտական շաբթուան ծիրին մէջ, իրար պիտի յաջորդեն շարք մը ծաւալուն ձեռնարկներ՝ մասնագիտական խորհրդաժողովներ, «ggRace» (հասոյթը պիտի ուղղուի բարի նպատակ ունեցող նախագիծի մը), «Արմաթ» ճարտարագիտական աշխատանոցի հիմնում, «հեքըթոն» (նպատակը Արցախի մէջ յստակ հարցերու լուծումն է), գաղափաներու մրցոյթ (յաղթողները պիտի ստանան դրամաշնորհներ) եւ կրթական ծրագիրներ:
Ձեռնարկին գլխաւոր նպատակներէն է՝ համայնքային համաչափ շարունակական զարգացումը, Արցախի մէջ նոր խումբերու ստեղծումը եւ մեր հայրենակիցները գիտելիքով զինելը, հմտութիւններու, ինչպէս նաեւ նոր հնարաւորութիւններու եւ կարողութիւններու բացայայտումը: