ԾԽ. Նախապէս յայտնած էինք, թէ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի ուսանողուհի Ծովակ Քէօշկերեան, յառաջիկայ օրերուն, գոլէճի տնօրէնին ընկերակցութեամբ ծրագրած է բարձրանալ մեր սրբազան Մասիս Սառը: Ուղեւորութեան նախօրէին, Ծովակ, հօր՝ Ալեքս Քէօշկերեանի, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ Արամ Մալեանի եւ Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեանի ընկերակցութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Վեհափառին օրհնութիւնը ստանալէ ետք մեկնեցաւ Հայաստան:
Այս ուրախ առիթով, Ծովակի մօրեղբայրը՝ Դամասկոսի Թեմի Բարեջան առաջնորդ Արմաշ Եպիսկոպոս Նալպանտեան, իր աղօթարար օրհնութիւնը միացուց Ծովակին բարի ճանապարհ մաղթող հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Սիրելի Ծովակս,
Ուրախութիւնս այնքան մեծ է, որ բառեր չեմ գտներ արտայայտելու զայն: Ուստի բանաստեղծին խօսքով կ’ըսեմ. «Գնա՛ս բարով, ա՛յ ուխտաւոր, Երանի քեզ, հայ ուխտաւոր, Որ կարօտով ու սիրառատ. Ուխտ ես գնում դէպ ԱՐԱՐԱՏ» (Յովհ. Թումանեան):
Երանի՜ քեզ սիրասուն ուխտաւոր: Վստահ եմ թէ մեր պապերուն ասստուածներու բնակարան եւ Նոյի միջոցաւ մարդկութեան փրկավայր Արարատ լեռն պիտի ուրախանայ երբ քու փափուկ ոտքերդ իր երեսը շոյեն: Ուստի նաեւ երանի Քեզ ո՜վ Արարատ, որ Քեզ կու գան որդիքդ կարօտով եւ սիրառատ:
Սիրելի Ծովակս, վստահ եղիր թէ քեզի հետ եւ քեզի համար նոյնքան ես կ’ուրախանամ: Արդարեւ երկու խնդրանք ունիմ քեզմէ: Առաջինը՝ երբ բարձրանաս Արարատի գագաթին, խօսիր իր հետ, որպէսզի գիտնայ թէ պանդխտութեան մէջ ինք մինակ չէ եւ իր որդիք չեն լռած ու պիտի չլռեն իրենց պահանջատիրութեան մէջ: Երկրորդ խնդրաքս է՝ միայն ափ մը հող Արարատի բարձունքէն, որ այն պահեմ սրտիս մօտիկ: Բարի ճանապարհ եւ բարի երթ: Ուխտդ կատար եւ ընդունելի:
Բարով դառնաս:
Աստուած հետդ: Օրհնութեամբ եւ աղօթքով՝
Արմաշ Եպս. Նալպանտեան