Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ Հ.Բ.Ը.Մ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

January 27, 2014
in Գաղութահայ Կեանք
0
ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ Հ.Բ.Ը.Մ-Ի  ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ   ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Պրն. Պերճ Սեդրակեան, նախագահ,
Պատուարժան Անդամներ
Հ.Բ.Ը.Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան,
Նիւ Եորք

Մեծայարգ Պրն. Սեդրակեան,

Այս կոչ – բաց նամակով կը դիմենք ձեզի վերաբանալու Մելգոնեան Կրթական
Հաստատութիւնը մասնաւորաբար Սուրիահայ աշակերտներու համար:

Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, վերջին շուրջ երեք տարիներուն Սուրիան կը գտնուի
քաղաքացիական ահաւոր պատերազմի մէջ: Բոլոր կողմերը, առանց
խտրականութեան կը կրակեն եւ կը ռմբակոծեն զիրար: Այս ահաւոր վիճակին անմեղ
զոհերէն են Հալէպի, Դամասկոսի, Քամիշլիի, Քէսապի եւ այլ շրջաններու
Սուրիահայութիւնը: Վստահաբար Ձեզի շատ աւելի մանրամասն լուրեր կը հասնին
Սուրիայէն, հայերու կրած ծանր կորուստներուն եւ սպաննութիւններուն մասին:
Բազմաթիւ հայ մանուկներ եւ պատանիներ զոհ կ’երթան ռմբակոծումներու կամ
փամփուշտներու: Հայկական վարժարանները մասամբ կը գործեն, սակայն որեւէ
վայրկեան կրնան ռմբակոծուիլ: Բազմահազար հայեր ստիպուած հեռացած են իրենց
բնակարաններէն, հայկական թաղերէն եւ Սուրիայէն: Ոմանք հաստատուած են
Հայաստան եւ Արցախ, ուրիշներ Յորդանան, Լիբանան կամ այլուր:

Սուրիահայ աշակերտները, մանուկներն ու պատանիները այսօր կ’ապրին ոչ միայն
որեւէ վայրկեան սպաննուելու սարսափը, այլ նաեւ կ’ենթարկուին հոգեկան ահաւոր ցնցումներու: Ապահովութիւն չկայ: Կեանքի պայմանները գրեթէ անտանելի են:
Գիտենք որ Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ շատ դժուար է ուտեստեղէն եւ խմելիք
ջուր գտնելը: Անհրաժեշտ է անյապաղ փրկութեան ձեռք երկարել մեր Սուրիահայ
պատանիներուն, անոնց կեանքերը փրկելու զանոնք փոխադրելով ապահով
միջավայր:

Այս ահաւոր, անապահով կացութեան դիմաց, շատ տրամաբանական պիտի ըլլար
ակնկալել որ Պատուարժան Վարչութիւնդ վերատեսութեան ենթարկէր Մելգոնեանը
փակելու որոշումը եւ անյապաղ վերաբանար Մելգոնեան Կրթական
Հաստատութիւնը, գլխաւորաբար Սուրիահայ աշակերտներուն համար: Վստահ ենք
որ նիւթական պատճառները արգելք չեն այս ակնկալութեան: Մելգոնեանի փակումէն
ետք, ութ տարիներու ընթացքին Բարերարներու Կտակէն կուտակուած
եկամուտներու հսկայ գումարին վրայ կ’աւելնան նաեւ Մելգոնեանի հողին վրայ
կառուցուած եկամտաբեր շէնքէն ապահովուած մեծ գումարները: Առաւել, քանի որ
այդ աշակերտները գաղթականներ են, միջազգային զանազան
կազմակերպութիւններ, ինչպէս ՄԱԿը, Կարմիր Խաչը, եւայլն, մեծապէս կը
նպաստեն գաղթական աշակերտներու զանազան ծախսերուն: Վստահ ենք որ ձեր
իրաւագէտներն ու հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուները կրնան
միջոցները գտնել Մելգոնեանը վերաբանալու եւ եկամուտի միջազգային աղբիւրները
գտնելու եւ օգտագործելու:

Մելգոնեանը իր ներկայ վիճակով կրնայ շուրջ հազար աշակերտներու ապահով
ապաստանարան տալ եւ որակաւոր ուսում ջամբել: Առաւել, կը վերահաստատուի
Մելգոնեանի առաքելութիւնը որպէս դարբնոց հայեցի դաստիարակութեան եւ
արեւմտահայերէն լեզուի պահապանման: Այս մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ
Հ.Բ.Ը.Միութեան առաջնահերթ ձեռնարկը: Ուրիշ ոչ մէկ հայկական
կազմակերպութիւն կամ միութիւն, նոյնիսկ Եկեղեցին չեն կրնար այս առաքելութիւնը
իրագործել:

Վերոյիշեալ ծանր եւ լուրջ պատճառները նկատի ունենալով, պաշտօնապէս
կ’առաջարկենք որ վերատեսութեան ենթարկելով ձեր Մելգոնեանը փակելու
որոշումը, անյապաղ վերաբանաք Մելգոնեան Կրթական Հաստատութինը: Որքան ալ
որ գնահատելի է Սուրիահայութեան կարիքներուն յատկացուցած Միութեանդ
մեծագումար օժանդակութիւնը, բայց եւ այնպէս Մելգոնեանի վերաբացումով շատ աւելի հիմնական ու անգնահատելի բարիք մը գործած կ’ըլլաք Սուրիահայութեան,
եւ մեծապէս կը նպաստէք Հ.Բ.Ը. Միութեան վարկին հզօրացման:

Կ’առաջարկենք նաեւ որ Հայաստանի յատկացուելիք Բարեգործականի գումարները
առաւելաբար տրամադրուին Հայաստան եւ Արցախ հաստատուած Սուրիահայ
գաղթականներու կարիքներուն: Այսպէսով թէ Հայաստանը եւ թէ Սուրիահայ
գաղթականները կ’օգտուին: Կը վստահինք ձեր ազգասիրական ու բարեսիրական
զգացումներուն եւ բարձր տրամաբանութեան:
Կանխայայտ Շնորհակալութեամբ՝

Խումբ մը Մելգոնեանցի Շրջանաւարտներ

Ծանօթ: Կոչ կ’ուղղենք բոլոր այն հայորդիներուն որոնք համաձայն են Մելգոնեան
Կրթական Հաստատութիւնը վերաբանալու գլխաւորաբար Սուրիահայ
աշակերտներու համար, հաճին ամբողջացնել էլէքթրոնիք ստորագրութեան
պատճէնը եւ զայն ղրկել համապատասխան հասցէին:

Այցելել www.melkonianforever.org գլխաւոր էջը եւ ապա Email կամ Feedback ամբողջացնել:

Փափաքելի պիտի ըլլար նաեւ որ ձեր կարծիքները յայտնէիք Հայկական
Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան, էլէքթրոնիք կամ
պարզ նամակներով, կամ մամուլի միջոցաւ:
Շնորհակալութիւն

Previous Post

«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ»

Next Post

ԻՆ՞Չ Կ’ԱԿՆԿԱԼՈՒԻ «ԺԸՆԵՒ -2» ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԷՆ, ԲԱՅՑ ԻՆ՜Չ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆՔ…

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.