Ձեզ կը դիմենք որպէս Հայաստանի մէջ կառավարման թարմ եւ մասնագիտական նոր մշակոյթի մը հաստատման նախանձախնդիր քաղաքական գործիչներ։
Հայաստանի մէջ տարածքային նախագծման (քաղաքաշինութեան) ոլորտը, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ յետ-յեղափոխական շրջանին կ՛ընկղմի ներդրումային աղմկալի ծրագիրներու յորձանուտին մէջ։
Տարածքային նախագծման այս ոլորտը, երկար տարիներու վրայ կորսնցնելով իր դերը, իմաստը եւ կարեւորութիւնը՝ իր թերի ընկալումով թոյլ կու տայ, որ այսօր սիրողական մակարդակի վրայ գնահատուին քաղաքացիի կեանքին եւ հիմնարար իրաւունքներուն վերաբերող տարբեր ծաւալի նախագիծերը։ Վկայ՝ իրականացած կամ տակաւին նախագծման փուլի մէջ գտնուող զանազան ծրագիրները։
Պարո՛ն վարչապետ, չենք ուզեր ծանրաբեռնել այս նամակը նորարար լուծումներով կամ մասնագիտական բարդ առաջարկներով, քանի որ տարածքային նախագծումը անծանօթ կամ անհասանելի կրթանք մը չէ։ Հետեւաբար, ընդունելի չէ որ տակաւին այսօր, առանց պետական հայեցակարգի եւ յստակ տարածքային զարգացման ռազմավարութեան, որն է ամբողջ հանրապետութեան մակարդակի տարածքային դասակարգումն ու նախագծումը, ներդրումային նախագիծերու քողին տակ Հայաստանի բնական եւ քաղաքային միջավայրը ենթարկուի կամայական միջամտութիւններու։ Այսպիսի դառն միջամտութիւններ տասնամեակներ առաջ արդէն կիրարկուած են աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, եւ աններելի է որ այսօր Հայաստանի քաղաքացիները, իրենց կարգին կրեն անոնց հետեւանքը։ Այս առումով կարելի է միջքաղաքային համագործակցութեան ցանց մը ստեղծել, փորձառութիւններու փոխանակման նպատակով։
Անյետաձգելի հրամայական է ընբռնել, որ քաղաքակիրթ հասարակութիւն մը ունենալու ամէնէն հիմնարար միջոցներէն մէկն է քաղաքի համերաշխ, ժողովրդավար եւ մասնակցողական նախագծումն ու կառավարումը։ Պայմանով որ ներառուին այն հիմնական բաղադրիչները, որոնք անխնայ կ՛անտեսուին այսօր, այսինքն՝ ընկերայինը, քաղաքականը, մշակութայինն ու կենսոլորտայինը։ Արդի տարածական նախագծումը կ՚ենթադրէ բազմագիտակարգային մօտեցում մը, ուր վերոնշեալ իւրաքանչիւր ոլորտ ունի իր բնորոշ դերը նախագծման աշխատանքներուն մէջ։ Մինչդեռ օրակարգի վրայ եղած հսկայածաւալ նախագիծերը կը տառապին զանազան թերութիւններէ, որոնցմէ են՝
– Առանց ընդհանուր հայեցակարգի պատահական ներդրումային ծրագիրներու թերի արժեւորում
– Վիճակագրական տուեալներու կատարեալ անտեսում եւ տեղեկագրական համակարգուած տուեալներու բացակայութիւն,
– Նախարարութիւններու եւ համապատասխան վարչական մարմիններու համագործակցութեան բացակայութիւն,
– Հանրային քննարկումի կատարեալ բացակայութիւն,
– Յարակից ոլորտներէ մասնագէտներու բացակայութիւն, եւ հետեւաբար զուտ ճարտարապետական-շինարարական կալուածի գերակշիռ ներկայութիւն, տարածական այլ որակներու անտեսումով,
– Մրցոյթներու կատարեալ բացակայութիւն,
– Նախագիծի գնահատման ոչ մասնագիտական կամ անհատական չափանիշերու կիրարկում:
Այս հիմնարար սկզբունքներու կողքին, կայ նաեւ այս ոլորտին միջոցով մերօրեայ տագնապալի հարցերը դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս օրինակ համաճարակը կամ կենսոլորտի ապականումը, որոնք մեզ կը մղեն արմատապէս վերատեսութեան ենթարկելու մարդու ապրելակերպն ու իր յարաբերութիւնը միջավայրին հետ։
Այս բոլորին լոյսին տակ, կարեւոր կը համարենք ցուցաբերել քաղաքական կամք՝ ոլորտը համակարգելու (յետ խորքային ախտորոշումի) եւ իւրաքանչիւր վարչական մարմնի լիազօրութիւնները նորովի սահմանելու՝ համապատասխան մասնագէտներու անյապաղ ներառումով։
Կ՛ակնկալենք ուրեմն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը քաղաքական կամքը ունենայ նախաձեռնելու՝
– Այս ոլորտի վերարժեւորման աշխատանքը՝ իր ամբողջական տարողութեամբ,
– Վարչական եւ մասնագիտական կառոյցներու նոր համակարգումը՝ ճիշդ աշխատանքային ձեւաչափով,
– Տարածքային զարգացման ամբողջական հայեցակարգի մը մշակումը՝ տեղացի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մասնագէտներու համագործակցութեամբ։
Կարին Պօղոսեան
Ճարտարապետ, տարածքային նախագծող
NY, USA
Մովսէս Տէր Գէորգեան
Ճարտարապետ
Brussels, Belgium