ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Լիբանանեան տօնացոյցով 6 մայիսը կը նշէ Լիբանանի մամլոյ նահատակաց տօնը:
Պատմութիւնը, ճշմարտութիւնը եւ հաւաքական յիշողութիւնը, սակայն կը յուշեն, իսկ «Քորոնա»-ն չի կրնար մոռցնել, որ 6 մայիսը երկար տարիներ եւ մինչեւ 2005 թուական, Լիբանանի մէջ ոգեկոչուած է իբրեւ Լիբանանի նահատակա՛ց տօն:
Լիբանանցիներ պետութեամբ, մամուլով եւ ժողովրդային շրջանակներով, ամէն տարի 6 մայիսին յարգած են յիշատակը 1916 թուականին ջարդարար Ճեմալ փաշայի ձեռքով Պէյրութի եւ Դամասկոսի մէջ կախաղան բարձրացած 21 արաբ մտաւորականներու, մամլոյ պատասխանատուներու, բայց նաեւ ու մանաւա՛նդ` Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն Լեռնալիբանանի մէջ սովամահ եղած 200 հազար լիբանանցիներու:
Կապոց մը հացի սիրոյն մոռնալ Օսմանեան բռնատիրութեան զոհ գացած նահատակները` կը նշանակէ դաւաճանել պատմութեան:
Ափ մը օժանդակութեան դիմաց մոռնալ դահիճը, անպատիժ ձգել զայն` կը նշանակէ քաջալերել նման բռնութիւններու կրկնութիւնը արիւնարբու թշնամիին կողմէ եւ սրել այլոց ախորժակը` նման քայլերու դիմելու:
200 հազար լիբանանցիներու մահուան ոճիրին դէմ լուռ մնացողը մեղսակից է ոճիրին, մինչդեռ իր նահատակները յիշող ու մեծարող ժողովուրդը կ’ամրապնդէ ազգային իր ոգին եւ ազատասիրութեան գօտեպնդիչ օրինակը կու տայ իր երիտասարդութեան:
Հետեւաբար, մայիս 6-ը իբրեւ Լիբանանի նահատակաց օր, իբրեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆ, նշելը կարեւոր է, որպէսզի օրէ օր ամէն տեսակ արժէքէ պարպուող լիբանանցի մարդը քիչ մը աւելի կառչի իր ինքնութեան եւ քաղաքացիական պատկանելիութեան:
Լիբանանցիներ գոյատեւելու եւ զարգանալու իրաւունք ստացած են իրենց նահատակներուն զոհողութեամբ: Ինչո՞ւ մոռացութեան մատնել զանոնք: Ինչո՞ւ ամչնալ, ինչո՞ւ ուրանալ եւ ինչո՞ւ բառախաղերու ետեւ պահուըտիլ պատմական իրականութենէն փախուստ տալու համար: Իր նահատակները չյարգող ժողովուրդը չի կրնար ծնունդ տալ նոր նահատակներու:
Պատմութիւնը կարելի չէ խեղաթիւրել: Ճշմարտութիւնները կարելի չէ քաղաքական ճղճիմ հաշիւներով թաքցնել, իսկ հաւաքական յիշողութիւնները` աժան շահարկումներու ենթարկել: Հետեւաբար, կ’արժէ որ մայիս 6-ը գտնէ իր արժանի բնորոշումը եւ լիբանանցիներ, իրենց բոլոր շերտերով, նշեն ազգային նահատակութեան, զոհաբերութեան եւ դիմադրութեան այս կարեւոր տօնը, իբրեւ դաս ու պատգամ` գալիք բոլոր սերունդներուն: